ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԳԻ ՈՒ ՊԱՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տարեվերջի շրջանին տեղի ունեցան երգի ու պարի ներկայացումներ։ Համայնքային զանազան վարժարաններէ աշակերտներ ներկայացուցին անցեալ եղանակին իրենց ծաւալած աշխատանքի արդիւնքը։ Տատեան վարժարանի պարախումբի եւ երչախումբի տղոց ելոյթները տեղի ունեցան «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։ Երկօրեայ ձեւաչափով կազմակերպուած էր ծրագիրը։ Այդ երկու օրերէն մէկուն դպրոց այցելեց նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ տնօրէնուհի Ալիս Պայրամի եւ միւս պատասխանատուներուն կողմէ։ Նոյն ձեռնարկին ներկայ եղան նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Տարվերջի շրջանի այս ծրագիրը պատրաստուած էր վերահսկողութեամբ՝ Արամ Կոստանեանի, Յակոբ Կիւլէչի, Նարօտ Կիւլէչի եւ Անիթա Եէօնտէմի։

Հայկական երգերն ու պարերը մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացան Տատեան վարժարանէն ներս։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018