ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Գնալը կղզիի մէջ սկսան Թաքսիմ մարզակումբի 2017  թուականի ամրան դասընթացքները։ Կղզիի մարզադաշտին վրայ այս առթիւ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութիւն մը, որուն մասնակցեցան դասընթացքի շուրջ քառասուն սաները։ Այս տարի այս ծրագրին մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ Գարակէօզեան Տան Կազդուրման կայանի տղաքը։ Բացման հանդիսութեան հետեւեցան աշակերտներու ծնողներ եւ բազմաթիւ մարզասէրներ։

Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները դասընթացքներու բացման օրը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին պատանիներուն նկատմամբ։ Անոնք նշեցին, որ կը ձգտին արժեւորել մեր համայնքի պատանիներուն ու երիտասարդներուն մարզական տաղանդը։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017