«ՄԱՐԱԼ» ԵՐԳ ՈՒ ՊԱՐԻ ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, որու հետ էին վարչութեան անդամներէն Վարդուհի Մսըրլեան եւ «Մարալ» երգի ու պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին, թէ «Մարալ» պարախումբը Համահայկական խաղերու առթիւ Հայաստանէն հրաւէր ստացած է եւ այս առթիւ կը պատրաստուի մասնակցիլ որպէս պարախումբ։ Վարչայինները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, թէ սոյն հրաւէրը պարախումբի անդամները պիտի խրախուսէ։ Հիւրերը բացատրութիւններ տուին նաեւ ձեռնարկի իրականացման համար հարկաւոր նիւթական աջակցութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ կարիք կայ բարերար ազգայիններու օժանդակութեան։

Իր կարգին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատեց համայնքային կեանքէն ներս իր օգտակար ծառայութեամբ ծանօթ «Մարալ» պարախումբը, որ արժանացած էր նման հրաւէր մը ստանալու պատիւին։ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ իր հայրական աջակցութիւնը ցուցաբերել սոյն ձեռնարկի իրականացման համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։ Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որ ամէն առթիւ կը քաջալերէ մշակութային գործունէութիւնները՝ բերելով իր հայրական օրհնութիւնը։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2023