ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ

Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիարք Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցին եւ յա­րա­կից Գա­րա­կէօ­զեան Տան Կազ­դուր­ման կա­յա­նը։

Յու­նաց Պատ­րիար­քը շա­բա­թա­վեր­ջին Գնա­լը կղզիի բար­ձուն­քի յու­նաց Այ­լա­կեր­պու­թեան վան­քին մէջ նա­խա­գա­հեց Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ օ­րա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն կա­տա­րուած այդ հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեանց մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նաեւ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ։

Այդ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ան­պաշ­տօն այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Կազ­դուր­ման կա­յան, ուր դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նի, Թա­մար Ներ­կի­զի, Խնա­մա­տար մարմ­նէն Պետ­րոս Թեր­ճա­նի եւ Նա­տիա Շա­տեա­նի, ինչ­պէս նաեւ ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ։ Յու­նաց Պատ­րիար­քի կող­քին էր Կղզեաց Եա­գո­վոս Մետ­րա­պո­լի­տը, ինչ­պէս նաեւ կղզիի յու­նաց Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տնօ­րէն Սթաւ­րօ Ռա­ֆա­յի­լի­տիս, որ եղ­բայրն է պատ­րիար­քին։ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի փոք­րիկ­նե­րը ծա­ղիկ­ներ ի ձե­ռին յու­նա­րէ­նով ող­ջու­նե­ցին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը եւ ստա­ցան ա­նոր օրհ­նու­թիւ­նը։ Պար­թո­լո­մէոս Պատ­րիարք փոք­րիկ սրբա­պատ­կեր­ներ նուի­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Յու­նաց Պատ­րիար­քը ան­ցեա­լի մէջ բազ­միցս հիւ­րըն­կա­լուած էր Կազ­դուր­ման կա­յա­նի եր­դի­քին տակ, իսկ այս ան­գա­մուան այ­ցը զու­գա­դի­պե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։ Ան կա­յա­նի պա­տուոյ տո­մա­րը ստո­րագ­րեց այս առ­թիւ։

Կազ­դուր­ման կա­յա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած հիւ­րա­սի­րու­թե­նէն վերջ Յու­նաց Պատ­րիար­քը կարճ ա­ղօթք մը կա­տա­րեց նաեւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր եր­գուե­ցան Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան շա­րա­կան­ներ՝ հա­յե­րէ­նով եւ յու­նա­րէ­նով։ Ներ­կա­նե­րուն իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցե­լէ վերջ Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիարք հրա­ժեշտ ա­ռաւ բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ եւ դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծած ըլ­լա­լով բո­լո­րին վրայ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2016