ՏԵՂԱՊԱՀԸ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնայ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, նորին սրբազնութիւնը շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր կը գտնուէր արտասահմանի մէջ։ Այս ընթացքին ան այցելեց Մարսէյլ, ուրկէ մեկնեցաւ Քէօլն՝ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի զանազան գործերուն համար, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի մէջ հանդիսապետեց սուրբ պսակի խորհրդակատարութեան մը։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վերադարձով Պատրիարքարանի գործունէութիւնը վերստին թափ պիտի ստանայ՝ մասնաւորապէս նախընտրական աշխատանքներուն տեսակէտէ։ Երէկ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թերթիս բացատրութիւններ տուաւ մօտաւոր ապագային նախատեսուած իրադարձութիւններուն շուրջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վերադարձին զուգահեռ վաղը Գումգաբուի մէջ նախատեսուած է Կրօնական ժողովի նիստ։ Մինչ այդ, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Նախաձեռնարկ մարմինը կը պատրաստուին կեդրոնանալ պատրիարքական ընտրութեան գործնական փուլերու վերաբերեալ կարգադրութիւններուն վրայ։ Այսպէս, Գումգաբուի կողմէ յառաջիկայ օրերուն Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ պատկան մարմիններուն առաջարկ պիտի ներկայացուի՝ պատրիարքական ընտրութեան ժամանակացոյցին շուրջ։ Թուականներ պիտի առաջարկուին պետական իշխանութիւններուն եւ զուգահեռաբար պիտի պահանջուի նաեւ համապատասխան կանոնադրութեան ուղարկուիլը։ Այս բոլորին համար պաշտօնական նամակ մը պիտի պատրաստուի՝ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի համատեղ ստորագրութեամբ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի մեզի տուած բացատրութիւններով, Պատրիարքարանը յառաջիկայ շրջանին պիտի ուղարկէ նաեւ թեկնածուներուն նամակները։ Այդ հրաւէր-նամակներուն ի պատասխան՝ պատրիարքական թեկնածուները պաշտօնապէս պիտի տեղեկացնեն, թէ մտադրութիւն ունին թեկնածութիւն առաջադրելու կամ ոչ։ Այսինքն, Պատրիարքական Աթոռը ընտրութեան համար իրմէ կախեալ ամէն ինչը ըրած պիտի ըլլայ։ Թեկնածուները պիտի կարենան շուտով տեղեկացնել, որ կը յաւակնի՞ն պատրիարքի պաշտօնին, թէ ոչ։ «Մինչեւ պետութեան կողմէ պատասխանին հասնիլը ընտրական գործընթացը պիտի չսկսի։ Թեկնածուները թէեւ պիտի կարենան յստակացնել իրենց դիրքորոշումը, սակայն նախքան պետութենէն հասնելիք պատասխանին՝ քարոզարշաւն ալ պիտի չսկսի», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մեզի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին։

Այս բոլորին առընթեր Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի շարունակէ ընտրողներու ցուցակներու թարմացման ու կատարելագործման աշխատանքը, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի այս ամբողջին մէջ։

Միւս կողմէ, քաղաքիս մէջ քանի մը օր մնալէ վերջ, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս շաբաթավերջը պիտի անցընէ Վաքըֆլըգիւղի մէջ, իր հետն ունենալով նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Ս. Աստուածածնի տաղաւարի օրը կը կատարուի Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Այս տարուան արարողութիւններուն կը հանդիսապետէ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2017