ՄԱՐԱԼՑԻՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի անդամները, որոնք այս շրջանին մեկնած են Հայաստան։ Մարալցիները, որոնք Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման ելոյթ ունենալու համար Հայաստանի մէջ կը գտնուին, ուխտի այցելութիւն մը տուին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին, որու խորախորհուրդ մթնոլորտի իսկական ներշնչման առիթ մը դարձաւ իրենց համար։ Վեհարանի երդիքին տակ անոնք արժանացան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բիւր օրհնութիւններուն եւ ջերմ վերաբերմունքին։
Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց անոնց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան կապակցութեամբ։ Ան յայտնեց, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ազգային, մշակութային, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ մշտապէս վկայած է պոլսահայ համայնքի զօրաւոր հաւատն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ անվերապահ սէրը։ Բաց աստի, ան վերյիշեց իր հովուապետական այցելութիւնը՝ Իսթանպուլ եւ ուրախութեամբ արձանագրեց, որ պոլսահայերը ամուր կը պահեն իրենց հաւատքը, սրբութիւններն ու ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու փորձութիւններուն։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը բարեմաղթութիւններ յղեց ուխտաւորներուն, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ ապրին խաղաղ ու ապահով, պահպանեն հայրերու ժառանգութիւնը եւ աւելի շէնացնեն պոլսահայ կեանքը։
Մարալցիները Վեհափառ Հայրապետէն հրաժեշտ առնելէ վերջ շրջայց մըն ալ կատարեցին Մայրավանքի համալիրէն ներս։