ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎՆԱՍ ԿՐԱԾ Է ՔԱՂԱՔԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ԽՌՈՎՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ
Ցաւով տեղեկացանք, թէ ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով վերջին օրերուն վնաս կրած է Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, ինչ որ արձագանգ կը գտնէ նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Տիարպաքըրի կեդրոնի Սուր գաւառակին մէջ վերջին օրերուն կ՚ապրուին լուրջ խռովութիւններ։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան եւ անոր յարակից թեւերուն կողմէ քաղաքէն ներս տեղի տրուած դէպքերուն հետեւանքով աւելի քան 20 ժամ արգիլուեցաւ ժողովուրդին փողոց դուրս գալը։ Երբ աստիճանաբար կեանքը բնականոն հունին վերադառնալ սկսած է քաղաքին մէջ, արդէն ապրուած բախումներուն հետքերն ալ կը դառնան նկատելի։ Զուգահեռաբար յայտնի դարձած է նաեւ, որ Ս. Կիրակոս եկեղեցին ալ կրած է վնասներ։ Հասըրլը թաղամասին մէջ կը գտնուի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որու մօտակայքին ՓՔՔ-ի կողմէ զետեղուած ձեռակերտ ռումբերու պայթելուն հետեւանքով կոտրած են եկեղեցւոյ ապակիները եւ վնասներ յառաջացած են այնտեղ։ Տեղական մամուլը կ՚ընդգծէ, որ սա Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն հայկական եկեղեցին է։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, թէ եկեղեցւոյ մօտակայքին գտնուող խանութի մը մօտ զետեղուած ռումբի պայթելուն հետեւանքով կոտրած են պատուհանները։ Ան այս տեղեկութիւնները քաղած է ծխական խորհուրդի տեղաբնակ անդամին կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը մատնանշեց նաեւ, թէ մամուլին մօտ լոյս տեսած կարգ մը լուսանկարներուն վրայ կան նաեւ այլ զանազան հետքեր. օրինակ՝ այդ դրուագներէն մին ցոյց կու տայ, որ եկեղեցւոյ պատին զետեղուած ցուցատախտակին վրայ կը գտնուի փամփուշտի հետք մը։
Ընդհանուր Փոխանորդը աւելցուց նաեւ, թէ Ծխական խորհուրդը այս դէպքին կապակցութեամբ որեւէ գրաւոր դիմում կատարելու մտադրութիւն չունի, որովհետեւ յստակօրէն այս եկեղեցւոյ դէմ գործուած, զուտ անոր պարագային ապրուած յարձակում մը խնդրոյ առարկայ չէ։ Երկու մզկիթներ ալ վնաս կրած են քաղաքին մէջ։