«ՓԱՐՈՍ»Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ. «ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ»

«Փարոս» ամսագրի հիմնադրութեան ութերորդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ Պէյօղլուի մէջ կազմակերպուած նկարչական ցուցահանդէսով մը։ Յունաստանի հիւպատոսարանի առընթեր «Շիշմանօղլու» ապարանքի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւոր-ւած նախընթացին, որպէս մշակոյթի կեդրոն գործող այս ապարանքի երդիքին տակ համախմբուեցան համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր, գեղար-ւեստասէրներ եւ «Փարոս» ամսագրի համակիրները։

Երէկուան ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան երկու յայտնի նկարիչներու՝ Վաչագան Իսպիրեանի եւ Կարէն Դարբինեանի ծովանկարները։ «Իսթանպուլի կախարդանքը» կոչուած ցուցահանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Ճորճիա Սուլթանափուլու։ Ներկայ էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան՝ իրենց կողակիցներուն հետ եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Գէորգ Պետրոսեան ։

Աւագ հիւպատոս Սուլթանափուլու ցուցահանդէսի բացման փուլին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ նաեւ «Փարոս»ի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս։

Հարկ է նշել, որ երէկուան ցուցահանդէսի հասոյթին մէկ մասը կը յատկացուի Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Նկատի ունենալով, որ երէկուան ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր նաեւ յայտնի համայնքային բարերարուհի Մոնիք Երկանեան՝ հաւաքոյթի մասնակիցները զինքը անվերապահ գնահատանքի առարկայ դարձուցին՝ երկար տարիներէ ի վեր Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ բերած զօրակցութեան համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2018