ՓՐՈՖԵՍԷՕՐԻ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԿՈՉՈՒՄ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն հոգեբոյժ Նուրհան Ֆստըքճը արժանացած է փրոֆեսէօրի կոչման։ Այս նուաճումը վերջին օրերուն ուրախութեան առիթ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։

1976 թուականին Իսթանպուլի մէջ ծնած է Նուրհան Ֆստըքճը, որ 1993-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Ան յաճախած է Մարմարայի համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն, ուր նաեւ հոգեբուժութեան վրայ մասնագիտական բարձրագոյն ուսումը ստացած է։ Պաքըրգիւղի հոգեբուժարանին մէջ երկար տարիներ աշխատելէ վերջ 2015 թուականին նուաճած է տոցենդի կոչում։ 2016-2019 թուականներուն եղած է բուժարանի ղեկավար եւ կրթութեան պատասխանատու։ Տասնհինգ տարուայ փորձառութեան ի շարունակութիւն ստեղծած է «Empatist»ը, որ չափահասներու հոգեբանութեան ու հոգեբուժութեան վրայ մասնագիտացած յառաջացած կեդրոն մըն է։

Այս բոլորէն վերջ Նուրհան Ֆստըքճը նուաճած է փրոֆեսէօրի կոչում։

Երէկ, ան մասնակցեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին ստացաւ նաեւ օրհնութիւնը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ իրեն յղեց շնորհաւորութիւններ եւ նորանոր նուաճումներու բարեմաղթութիւններ։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք փրոֆ. Նուրհան Ֆստըքճըն՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021