ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին եւ յաջորդած սիրոյ սեղանին։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ երէկ կազմակերպուած տարեկան նուիրահաւաքը եւ աւանդական մատաղօրհնութիւնը առիթ դարձան արտասովոր խանդավառութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Հմայեակ Սրկ. Գոչումեան, Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։  Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ համավարակի պայմաններուն տակ սահմանափակ մասնակիցներով։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր ելոյթ մը ունենալով տեղեկութիւններ տուաւ ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Աշխարհիկ հանդիսութեան մասնակիցներու շարքին էին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, քաղաքական-կուսակցական կառոյցներու շրջանակներէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։

Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն հակակշռելու համար կատարուած հանգանակութեան արդիւնքը բաւարար չեղաւ դժբախտաբար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021