ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հերման Կիւրճեանի։

Թաղային խորհուրդի վարիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ ի նպաստ աշխատանքներուն առընչութեամբ։ Անոնք նշեցին նաեւ, թէ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը նախատեսուած է այս կիրակի՝ 10 դեկտեմբերին։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ բարւոք վիճակին համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ իր օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը, ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ վարչայիններու գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2023