ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յետմիջօրէի ժամերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։

Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախագահ Էրտողան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնած է՝ մեր համայնքին կողմէ «Մենք մեզի կը բաւենք» հանգանակութեան բերուած մասնակցութեան կապակցութեամբ։ Հոգեւոր հայրերու եւ համայնքային հաստատութիւններու նուիրատուութեան մասին գոհունակութիւն յայտնելու առընթեր, Էրտողան հետաքրքրուած է, թէ ի՞նչ խնդիրներ առկայ են այս պահու դրութեամբ թրքահայ կեանքէն ներս։

Զրոյցի տեւողութեան նախագահ Էրտողան Նորին Ամենապատուութեան դիտել տուած է, որ պետութիւնը դիւրութիւն ընծայած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան շարք մը քաղաքացիներուն, որպէսզի անոնք կարողանան վերադառնալ իրենց երկիրը։ Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիա կը նախատեսէ համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ դեղօրայքի օժանդակութիւն կատարել Հայաստանին։ Գումգաբուէն տեղեկացուցին, որ պետութեան գլխաւորը հետաքրքրուած է Նորին Ամենապատուութեան որպիսութեամբ եւ խորհուրդ տուած՝ ամենայն ուշադրութեամբ պահպանուիլ համաճարակէն։ Ան գոհունակութիւն յայտնած է նաեւ մեկուսացման առկայ պայմաններուն ներքեւ ղեկավարներու հաղորդակցութեան համար առցանց հնարաւորութիւններու ընձեռած դիւրութեան կապակցութեամբ։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան նախագահի նրբանկատութեան համար եւ ընդգծած է, որ իր նախաձեռնած հեռախօսազրոյցը մեծ խրախուսանք մը եւ բարոյական ուժ մը կը համարուի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Զրոյցի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը աղօթքն ու բարեմաղթանքները փոխանցած է Հանրապետութեան նախագահին։

Նախագահ Էրտողանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին եւս քննարկումները ծաւալած են նոյն առանցքին շուրջ։ Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է մեր համայնքային հաստատութիւններուն կողմէ հանգանակութեան արշաւին բերուած մասնակցութեան համար։ Ան տեղեկացուցած է, որ պետութիւնը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին դեղօրայքի օժանդակութիւն կատարել որոշած է՝ քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթներէ ի վեր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը արդէն ծառայութիւն կը մատուցէ՝ որպէս համավարակի հիւանդանոց։ Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախագահ Էրտողան Պետրոս Շիրինօղլուին շնորհաւորութիւններ փոխանցած է նաեւ շաբաթավերջի Սուրբ Զատկի տօնին կապակցութեամբ։ Էրտողան ընդգծած է, որ հայերը մեր երկրի լիարժէք քաղաքացիները կը համարուին։

Իր կարգին, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ երախտագիտութիւն յայտնած է նախագահ Էրտողանի կողմէ ցուցաբերուած զգայնութեան եւ դրսեւորուած դրական վերաբերմունքին համար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2020