ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Համայնքային շրջանակները երէկ ցաւով ու զարմանքով վերահասու դարձան՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ յարակից՝ «Papaz Evleri» կոչուած կալուածի պարագային արձակուած դատավճռին։ Արդարեւ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ այդ տարածքը վարձելով պանդոկի վերածած «Zela» ոսկերչական ընկերութեան միջեւ երկար տարիներէ ի վեր ծագած էր վէճ մը եւ կ՚ընթանային դատավարութիւններ։ Հարկ է նշել, որ «Zela» ընկերութեան սեփականատէրն է Նորայր Իշլէր։ Իսթանպուլի Հաշտարար ատեանը, ուր կ՚ընթանար այս երկարաշունչ դատավարութիւնը, երէկ վճիռ մը արձակած է ի նպաստ «Zela» ընկերութեան։ Առցանց լրատուամիջոցներու մէջ անմիջապէս արձագանգ գտած այս իրադարձութիւնը ռումբի ազդեցութիւն գործած է նաեւ համայնքի օրակարգին վրայ։ Արդարեւ, ըստ դատավճռին, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը պէտք է հատուցում վճարէ «Zela» ընկերութեան։ Դատական գործընթացը ուշադրութիւն գրաւած է դատաւորներու եւ մասնագիտական տեղեկագիր պատրաստած փորձագէտներու իրերայաջորդ փոփոխութիւններով։ Երէկ հրապարակուած հաղորդումներուն մէջ ընդգծուած է նաեւ պնդում մը, ըստ որու Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս հարցին շուրջ այցելած է Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազ Շապան Եըլմազին՝ ընկերակցութեամբ թաղականներու։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Սոյն իրադարձութեան կապակցութեամբ այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի հետ, որ յուսախաբութիւն ու ցաւ արտայայտեց դատավճռին կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ դատաւորներու եւ փորձագէտներու իրերայաջորդ փոփոխութիւնները այս դատական գործընթացը հասցուցած են այս զարմանալի կէտին։ Ատենապետ Մոսկոֆեան նշեց, որ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը որոշած է վիճարկել այս դատավճիռը ու կը պատրաստուի դիմել Վերաքննիչ ատեան։ Ան յիշեցուց, որ երէկուան դատավճռին հիմնաւորումը տակաւին չէ հրապարակուած եւ այդ մէկը տեսնելէ վերջ թաղային խորհուրդը մտադիր է առանձին յայտարարութիւնով մը լուսաբանել նաեւ հանրային կարծիքն ու համայնքը։

Հրանդ Մոսկոֆեանին հարց տուինք նաեւ, թէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելա՞ծ է Իսթանպուլի աւագ դատախազին՝ ինչպէս կը պնդուի առցանց լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մէջ։ Ան այդ պնդումը հաստատեց՝ նշելով, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս պայքարին մէջ միշտ զօրակցած է իրենց՝ որպէս թէ՛ համայնքին եւ թէ Գումգաբուի ընտանիքին գլուխը։ Մոսկոֆեան դիտել տուաւ, որ այդ այցելութեան մասնակցած է թաղային խորհուրդին փաստաբանը։

*

Ծ. Խ.- Այժմ համայնքային շրջանակները կ՚ակնկալեն, որ դատական իշխանութիւնները վերարժեւորեն իրադրութիւնը եւ վերատեսութեան ենթարկեն սոյն դատավճիռը։ Անշուշտ, այս իրադարձութիւնը կ՚ենթադրէ իրաւական նոր ու բարդ պայքարի մը սկիզբը թաղային խորհուրդին տեսակէտէ։

Մինչ այդ, անկարելի է անտեսել այն հանգամանքը, թէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս նիւթին շուրջ հանդիպում մը ունեցած է Իսթանպուլի աւագ դատախազին հետ։ Իսկապէս դժուար է հասկնալ, թէ Պատրիարքարանի աղբիւրները ինչո՞ւ այսպիսի կարեւոր իրադարձութիւններուն արձագանգ չեն հանդիսանար օրին եւ կը նախընտրեն լռութիւն պահել։ Այս մտայնութեան հետեւանքով է, որ համայնքը միշտ յապաղումով եւ ուրիշ աղբիւրներէ վերահասու կը դառնայ այսպիսի շփումներու՝ մինչդեռ եթէ Պատրիարքարանը սկզբնաղբիւր ըլլայ, ապա ամէն ինչ շատ աւելի նպաստաւոր ընթացք մը կրնայ ունենալ։ Հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պարագային Պատրիարքարանի դրսեւորած մտայնութիւնը սիրողական մակարդակի վրայ է։ Անոնք, որոնք Պատրիարքարանի աղբիւրներուն կը հետեւին, անխուսափելիօրէն կրնան տարուիլ այն տպաւորութենէն, թէ Գումգաբուի մէջ արարողակարգային թատրոնէ մը զատ ոչինչ տեղի կ՚ունենայ։ Համայնքի ճակատագրական հարցերուն շուրջ լռութիւն պահելը, բնականաբար, հանրային կարծիքի միտքը կը պղտորէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024