ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՋԱՆՔԵՐՈՎ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս յաջողութեամբ կազմակերպեց միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքը, որ 17-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Ներկայ շաբթուան առաջին երեք օրերուն համայնքային զանազան վարժարաններէն խումբեր իրենց ուժերը չափեցին Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Այսպէս, վեցերորդ-ութերորդ դասարաններու համար նախատեսուած աստղերու դասաւորման մէջ հինգ վարժարանի խումբ կար։ Առաջին-հինգերորդ դասարաններու համար նախատեսուած փոքրերու դասաւորման մէջ ալ տասն վարժարանէն խումբ կար։ Այսպէսով երեսուն պատանի մարզիկ սեղաններու գլուխ անցաւ եւ ի վերջոյ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որուն ներկայ էր նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ այս առթիւ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Խմբային մրցանակներու գծով աստղերու դասաւորման պարագային աղիւսակի հինգ հորիզոնականները զբաղեցուցին հետեւեալները՝ Մէրամէթճեան, Տատեան, Բանկալթի Մխիթարեան, Պոմոնթի Մխիթարեան, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանները։

Փոքրերու դասաւորման մէջ առաջին հինգ հորիզոնականները զբաղեցուցին հետեւեալ վարժարանները. Տատեան, Թարգմանչաց, Գարակէօզեան, Բանկալթի Մխիթարեան եւ Էսաեան։

Մրցանակաբաշխութեան փուլին արժեւորուեցան նաեւ անհատական յաջողութիւնները՝ ըստ հետեւեալի.

ՓՈՔՐԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ

Ա. սեղան՝ Կոմիտաս Արագիլեան, Սիլվիա Լարա Աւագօղլու, Տանիէլ Պետրոս Ճամկէօզ։

Բ. սեղան՝ Ատէն Չիլպըյըք, Յարութիւն Տիտոնեան, Սերժ Սելիմէճեան։

Գ. սեղան՝ Լէոն Արտէն Լոլօ, Կասէր Պաղ, Առէն Կէզ։

Դ. սեղան՝ Ուիլիըմ Սամուէլ Օրունտաշ, Պետիր Էօզճան, Առէն Տեւլէթեան։

ԱՍՏՂԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ

Ա. սեղան՝ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ, Առէն Մուհթարեան, Կիւնէյ Մահիր Ճենիք։

Բ. սեղան՝ Արտէն Չիմէն, Շանթ Ատըկիւզէլ, Արատ Վարդանեան։

Գ. սեղան՝ Ռալֆ Պուրակ Թիրեաքի, Տանիէլ Պիւյիւքէր, Ռոնին Քուրթլիեան։

Դ. սեղան՝ Լուսին Տիտոնեան, Մաթիաս Քանթարճը, Սիմոն Աքպապա։

Կը շնորհաւորենք մրցաշարքի կազմակերպիչները, բոլոր մասնակիցներն ու դափնեկիրները։

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024