ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՇՐՋԵՑԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին նկա­րիչ Տա­րօն Մու­րա­տեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ բա­ցուած է «Քա­տիր Հաս» հա­մալ­սա­րա­նէն ներս։ «Բա­ցա­յայտ գաղտ­նի խաղ» խո­րագ­րեալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը պատ­րաս­տուած է Փրոֆ. Հա­սան Պիւ­լենտ Քահ­րա­մա­նի կող­մէ։ Դպրո­ցէն ու­ղար­կուած լու­սան­կա­րին մէջ խում­բը կ՚ե­րե­ւի ցու­ցադ­րաս­րա­հի եր­դի­քին տակ։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018