ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ խանդավառ հանդիսութիւնով մը, որու ձեւաչափը վերջին տարիներուն դարձած է աւանդական։

Երեկոյթի սկիզբին շրջանաւարտները համախմբուեցան Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ դպրոցի հիմնադիր Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ներկայ էին Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, որ աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ դպրոցի առաքելութեան եւ երջանկայիշատակ պատրիարքի գործունէութեան շուրջ։

Աւելի վերջ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ յանձնուեցան վկայականները։ Ներկայ էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները, դպրոցի պատասխանատուները, Կեդրոնականի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Շրջանաւարտները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականներն ու Խնամակալութեան անունով պատրաստուած յուշանուէրները։ Յաջողագոյններուն համար վերապահուած էին նաեւ այլ պարգեւներ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ, ուր եւս շարունակուեցաւ ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը։ Բոլոր ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, որոնց յղեցին ապագայ յաջողութեան մաղթանքներ։  

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018