ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ա­ռա­ջին մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 4-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սա­մա­թիոյ մէջ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, ե­ղա­նա­կի ա­ռա­ջին սի­րոյ սե­ղա­նը պի­տի կազ­մա­կեր­պուի ի նպաստ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր յա­րա­կից գոր­ծող Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Ս. Գէոր­գի տօ­նը այս տա­րի կը զու­գա­դի­պի իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի տօ­նա­կան ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րուն, Սա­մա­թիոյ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը շա­բաթ մը ու­շա­ցու­մով պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մայն­քա­յին հա­ւա­քոյթ մը, ո­րով պաշ­տօ­նա­պէս սկսան Սա­մա­թիոյ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։ Ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին նա­խա­գա­հեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան եւ Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան։ Ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­մի­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ներ­կա­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէին հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բա­րե­րար­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քէն ծա­նօթ դէմ­քեր, Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի զոյգ տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու եւ Ժա­նէթ Ներ­կիզ եւ այլ հիւ­րեր։

Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան օրհ­նեց ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րը, ո­րոնց շուրջ հա­մախմ­բուած էին ներ­կա­նե­րը։ Ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­միր հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, իսկ Հեր­ման Կիւր­ճեան ներ­կա­յա­ցուց թա­ղի տա­րե­կան պիւտ­ճէն։ Սա­մա­թիոյ պա­տուոյ նա­խա­գահ Մել­քոն Գա­րա­քէօ­սէ սրտի խօս­քին մէջ ընդգ­ծեց, թէ պիւտ­ճէի բա­ցե­րը պէտք չէ խո­րաց­նեն հա­մայն­քէն ներս յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը, այլ պէտք է ամ­րապն­դեն զօ­րակ­ցու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան։

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընդգծե­ցին, թէ Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ մի­ջոց­նե­րու յատ­կաց­ման զու­գա­հեռ նուա­զած են վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան ծնող­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը, հե­տե­ւա­բար պիւտ­ճէի բա­ցը ան­ցեալ տա­րուան բաղ­դատ­մամբ ա­ւե­լի բարձր է։

Ե­րե­կոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի օրհ­նու­թեան խօս­քով եւ ա­ղօթ­քով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015