ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՐՊԵՏԸ ԿԱՄ ԳՈՐԳԸ

-Կարպետը կամ գորգը աշխատած ատենդ, ուշադրութիւն պիտի դարձնես ամրակարերուն, եթէ անոնք պինդ ըլլան ձիգ հենքերուն վրայ, գորգդ կամ կարպետդ քակուելու եւ փճանալու հնարաւորութիւն չ՚ունենար:

Ըսած էր կարպետի ուսուցիչը երկու ամիս առաջ. դասընթացքը ընդհատեցաւ աշխարհի անկոչ հիւրին՝ քորոնային պատճառով: Հազիւ որոշած էի հետեւիլ կարպետագործութեան դասերուն, միայն երկու դասի մասնակցեցայ, բայց աւանդուածը փորձեմ վերյիշել: Հենքը ձիգ անցընեմ փոքր թազկահիս գամերուն, ամրակարը կամ «կրկնակի հանգոյց»ը պինդ հիւսեմ, որպէսզի աս փոքր կարպետը չքակուի, թէեւ տակաւին չեմ որոշած ինչ պիտի ըլլայ նախշը, սակայն էականը դրական տրամադրուածութիւնն է, մնացեալը ինքնստինքեան կը ստեղծուի:

Հայ վարպետները աւանդաբար կրկնակի հանգոյցներ կ՚օգտագործէին, որուն կիրարկումը առ այսօր կը շարունակուի։ Հայկական գորգերուն իւրայատկութիւնն է ասիկա, որուն մասին կը վկայեն նաեւ Պարսկաստանի գորգագործ վարպետները՝ «հայկական գործ» կոչելով կրկնակի հանգոյցը:

Ատենին, գորգ հիւսելը շնորհք կը համարուէր, իսկ գորգ հիւսող վարպետուհին՝ քրմուհի: Հայ կինը իր արհեստագործական գործիքներուն հետ կիսած է իր ուրախութիւնը, հոգերը. գորգը հիւսելով յօրինած է ոտանաւորներ, երգեր, հանելուկներ, ինչպէս օրինակ՝ այս հանելուկը, որ յօրինուած է թազկահին մասին՝

Էտ ի՞նչ  ի.
Մէկ գոմէշ ունեմ տախ (մեծահասակ) ի,
Ոսկորը ոսկորէն կախ ի,
Պախեմ ինձի կը շախի՞:

Գորգագործութիւնը շնորհք ըլլալէն բացի արհեստ էր, ինչպէս Ղազարոս Աղայեան կը հաղորդէ արհեստին անհրաժեշտութիւնը իր «Անահիտ» հեքիաթին մէջ, ուր հերոսուհին Վաչագան թագաւորին հետ կը համաձայնի ամուսնանալ թագաւորին արհեստին տիրապետելէն ետք:

Ուշագրաւ է նաեւ, որ գորգը տիեզերքին հետ համեմատուած է, քանի որ գործուածքին վրայ առկայ են երկնային լուսատուներ՝ արեւ, աստղեր, լուսին եւ տարատեսակ թռչուններ, կենդանիներ ու մարդակերպ պատկերներ:

Կարպետ բառը գորգ եւ կարպետ իմաստով կը գործածուէր, իսկ հայկական գորգերու հռչակին մասին կը վկայէ Մարքօ Փոլօն իր ուղեգրութիւններուն մէջ յիշելով հայերը՝ «Անոնք աշխարհի ամենագեղեցիկ գորգերը կը հիւսեն» գրութեամբ:

Գորգ հիւսելը արարողութիւն էր գիւղերուն մէջ: Դհոլ-զուռնայով կը սկսէր գործը եւ գորգը կը հինէին բակին մէջ գիւղացիներու համախմբումով: Աղջիկներուն օժիտին անբաժան մասնիկն էր գորգը, այս նպատակով աշխատցուած գորգը կը սկսէին գառնուկ մը մատաղ ընելով եւ գիւղի ամբողջ բնակչութեան բաժնելով. գիւղի քահանան հենքը կ՚օրհնէր եւ ապա կը սկսէր գորգին աշխատանքը: Գորգը հիւսելու միջոցին կ՚ըսուէին բանաձեւային խօսքեր, որոնք գորգին հմայական զօրութիւն կը հաղորդէին, իսկ երբ աւարտէր գորգին աշխատանքը՝ գիւղացիները երգ ու պարով կը կատարէին գորգը թազկահէն կտրելու արարողութիւնը: Եթէ գորգը պատուիրատուի մը համար աշխատցուած ըլլար, ապա պատուիրատուն գորգը աւարտելէն ետք պէտք է գար եւ նուէրներ թափէր գետին փռուած իր գորգին վրայ:

Հեքիաթներուն մէջ կը հանդիպինք կրկնակի հանգոյցներով հիւսուած թռչող գորգերու, որոնց հենքը ձիու մազով կ՚ըլլար եւ յաճախ գորգը կ՚աներեւութանար, կը յայտնուէր միայն հերոսին բարի գործերուն օգնութեան հասնելու համար:

Աշխարհի ամենահին գորգը կը համարուի Ն.Ք. 3-5-րդ դարերու «Պազըրըկ» գորգը, որ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է Սիպիրի դամբարաններէն: Բազմաթիւ գիտնականներու, մանաւանդ գորգագէտ՝ Ուլրիխ Շուրմանի կարծիքով՝ անիկա ունի հայկական ծագում. Շուրման «Պազըրըկ» գորգին մասին ըսած է՝ «Առկայ փաստերէն ու ապացոյցներէն համոզուած եմ, որ «Պազըրըկ» գորգը յուղարկաւորութեան պարագայ էր եւ ամենայն հաւանականութեամբ, հայկական արհեստագործութեան գլուխ-գործոց»: Երբ ներկի մասնագէտները գորգը ուսումնասիրեցին, ի յայտ եկաւ, որ գորգին կարմիր թելերը ներկուած են հայկական որդան կարմիրով:

Կը յիշեմ նաեւ «Ղազիր գորգը», որ 2014-ի նոյեմբեր 18-23 օրերուն ցուցադրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի նստավայրի այցելուներու սրահին մէջ: Գորգը աշխատած են Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ որբերը եւ 1925-ին զայն նուիրած ԱՄՆ-ի նախագահին՝ Եղեռնէն տուժածներուն օգնութիւն ցուցաբերելուն համար: Հետաքրքրական է գորգին ստեղծման պատմութիւնը՝ «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց» ծրագիրը միլիոնաւոր կարիքաւորներու 116 միլիոն տոլար մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է, օգտուողներուն մաս կը կազմէին նաեւ տասնեակ հազարաւոր տարագիր հայեր:

Այդ ժամանակ Լիբանանի գիւղերէն Ղազիրի մէջ տեղաւորուած էր 1400 որբ հայ աղջիկ։ Անոնք յանձնուած էին միսիոնար տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Էլիզապէթ Քանսլըրներուն խնամքին: 1920-ին Քանսլըրները կ՚որոշեն որբերուն գորգ գործել տալ` նուիրելու  ԱՄՆ-ի նախագահ Քելվին Քուլիճին` ի նշան երախտագիտութեան։ Ղազիրի մէջ այդ նպատակով որբերուն համար բացուեցաւ գորգի գործարան մը, որ  նաեւ որբուհիներուն աշխատավայր ունենալու լաւ հնարաւորութիւն էր։ Գորգը կը կրէ Լիբանանի այդ գիւղին անունը:

Հռչակաւոր է Արցախը գորգերով ու գորգագործական կեդրոններով: Արցախի գորգագործական կեդրոններուն հետ անմիջական առընչութիւն ունի վիշապագորգերու խումբին դասուող, 1680 թուականին գործուած հանրայայտ «Գուհար» գորգը, որ ունի հայատառ, թուակիր ընդարձակ մակագրութիւն՝ «Ես Գուհարս մեղօք լի հոգովս տկար ես նօրհաս ձեռոք իմով գործեցի, ով կարդայ մեկ բերան օղօրմի ասի թվին ՌՃԻԹ»: «Գուհար»ը Լոնտոնի Վիքթորիա եւ Ալպերթ թանգարանը ձեռք բերած էր 1880-ականներուն: Յետագային` 1970-ականներուն յայտնուած է տեխասեան մասնաւոր հաւաքածոյի մը մէջ: Գորգը գեղազարդող վիշապի ոճաւորումները պատկերուած են զոյգերով՝ ուղղաձիգ, մերթ՝ իրար կպած, մերթ՝ իրարմէ հեռու, բարդ եւ իւրօրինակ յօրինուածքին համար «Գուհարեան յօրինուածք» կոչած են զայն հետազօտողները:

Յիշենք նաեւ այլ մակագրուած արժէքաւոր արցախեան գորգ մը գործուած 1731-ին, Աղուանի Ներսէս Կաթողիկոսին վերագրուող, որ ըստ Յարութիւն Քուրտեանի, կը պահուի Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ թանգարանին մէջ: Գորգը ունի հայատառ թուակիր գրութիւն, որուն մէկ հատուածը կը բացակայի պատռուածքի պատճառով: Արձանագրութեան մէջ կ՚ըսուի՝ «Յիշեցէք մաքրափայլ յաղօթս ձեր Ներսէս մեղապարտ կաթողիկոս Աղուանից է պատճառ սմին ... լոյս ընկալ Չարեքու սբ անապատին ՌՃԶ թվի»:

... Ամրակարը աւարտեցի, կարպետս սկսաւ աճիլ եւ փոքր խաչանման զարդանախշ մը կը հիւսուի կարծես, որուն կեդրոնական բաժինը, ըստ աւանդութեան, պէտք է ճերմակ թելով աշխատցուի, որպէսզի պատուհաններուն վրայ, որպէս վարագոյր անցուելու պարագային, լոյսը թափանցէ ճերմակէն...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020