​ԼԻԲԱՆԱՆ ՄՏԱԾ Է ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ «ՄՐՑԱՎԱԶՔ»ԻՆ ՄԷՋ

Լիբանանը յուզող գլխաւորագոյն հարցը կը շարունակէ մնալ նոր կառավարութիւն մը կազմելը։

Թերթիս ընթերցողները լաւ կը յիշեն, թէ ինչ պայմաններու տակ Սաատ Հարիրի կը ստանձնէր երկրի վարչապետի բաւական ծանր պարտականութիւնը։ Վարչապետի նշանակումը կը կայացուէր բաւականին յուսադրիչ պայմաններու մէջ, որ սակայն կը տեւէր շատ կարճ ժամանակահատուածի մը համար։

Խնդիրը այն է, որ Լիբանանի նման երկրի մը մէջ կառավարութիւն կազմելը միայն ներքին օրակարգ չէ, այլեւ անոր մէջ կան արտաքին այն ուժերը, որոնք տարբեր ձեւաչափերով կամ շահերով առընչութիւն ունին Լիբանանի հետ։

Անշուշտ այս բոլորին առընթեր պէտք է մասնաւորապէս հաշուի առնել այն փաստը, որուն համաձայն Հարիրի վարչապետի աթոռը կը ստանձնէր բաւականին անորոշ պայմաններու տակ։

Այսպէս, 2016 թուականի նոյեմբերին, Հարիրի կը ստանձնէր վարչապետի պաշտօն։ Այս մէկը կը դառնար, իր որպէս վարչապետ պաշտօնավարման երրորդ փուլը։ Պաշտօնավարումէն տարի մը վերջ՝ 2017-ի նոյեմբերին Հարիրի կը մեկնէր Ռիատ, ուրկէ ալ կը յայտարարէր իր «անսպասելի» հրաժարականը։ Աւելի վերջ պարզ կը դառնար, որ ան Սէուտական թագաւորական շրջանակներուն հետ ունեցած է մեծ տարաձայնութիւններ, որոնց հետեւանքով ալ մէկ շաբաթ թագաւորական ընտանիքի «պարտադիր խնամք»ին տակ մնալէ ետք ինքզինք «գտած է» Փարիզի, Կիպրոսի ու վերջապէս Պէյրութի մէջ։

Մեծ շուքով կը կատարուէր Հարիրիի Պէյրութ վերադարձը, որ տեղի կ՚ունենար համախոհական մթնոլորտի մը մէջ եւ նոյնիսկ անոր ամենէն ոխերիմ «թշնամի» համարուող կողմերը անոր վերադարձը կը համարէին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը՝ ընդդէմ Սէուտական Արաբիոյ։

2018 թուականի մայիսին դրամական նեղ կացութեան մէջ յայտնուած Հարիրին ընտրութիւններուն կը մասնակցէր «հրաշքի պէս»։ Յստակ էր, որ Հարիրի ընտրական խաղին մէջ կը մտնէր նիւթական նօսր ներուժով, անշուշտ վստահելով իր անձին հանդէպ ստեղծուած դրական մօտեցումներուն, որոնք կարգ մը պարագաներու հատած էին իր հօր հանդէպ առկայ զօրակցութեան, կամ աւելի ճիշդ ձեւակերպուած՝ սիրոյ արտայայտութեան բոլոր մակարդակի չափանիշները։

Հարիրի ընտրութիւններուն կը յաջողէր արձանագրել «սպասելի» արդիւնքներ եւ անոր առաջնորդութեամբ կազմուած խմբաւորման անդամ երեսփոխաններուն թիւը կը հասնէր 18-ի (մինչ 2009-ին կազմուած խորհրդարանին մէջ այդ խմբակի անդամներուն թիւն էր 38)։ Այդ փուլէն ետք եւ համաձայն Լիբանանի սահմանադրական կարգին, երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը Հարիրին կ՚առաջադրէր, որպէս երկրի վարչապետի գլխաւոր թեկնածու։

Աւելի վերջ երկրի նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն հիմնուելով երեսփոխաններուն կողմէ կատարուած առաջարկին, 2018 թուականի մայիսի 25-ին Սաատ Հարիրին կը նշանակէր որպէս երկրի վարչապետ։

Փաստօրէն կը պարզուէր, թէ Հարիրի «վիրաւոր» կամ «կոտրուած» թեւերով կը հասնի վարչապետի աթոռին ու այդ մէկը կ՚ենթադրէր նաեւ, որ քանի անոր արտաքին նեցուկի գլխաւոր թելերը «կոտրուած» են, հետեւաբար նոր կառավարութեան կազմութիւնը պիտի կատարուէր բաւականին հեզասահ պայմաններու տակ։ Բայց եւ այնպէս, իրականութիւնը բոլորովին այլ էր. այդ «յայտնի-անյայտ» պատճառներով էր նաեւ, որ Սաատ Հարիրի իր վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ 120 օր վերջ, չի կարողանար նոր կառավարութիւն մը կազմել։

Ո՞Վ ԿԸ ԽԱՓԱՆԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմելու տագնապի վերածուած խնդրին վերաբերեալ երկու հիմնական կարծիք կայ։ Առաջին խումբը կը հաւատայ, որ ներկայ տագնապը ունի «ներքին» բնոյթ, իսկ երկրորդին համար այս տագնապը յարուցող գլխաւոր կողմը Սէուտական Արաբիան է։

Թէեւ երկրորդ կարծիքին հաւանողները կերպով մը կը կազմեն երկրին մեծամասնութիւնը, սակայն այդ առումով ալ յաճախ յստակ բանաձեւումներ չեն կատարուիր, որովհետեւ, զոր օրինակ՝ երկրի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի գաղափարակիցները որքան ալ հաւատան, թէ տագնապը յարուցողը Սէուտական թագաւորութիւնն է, սակայն կը փորձեն «բաց թեքստեր»ով իրենց կարծիքը չհրապարակայնացնել։ Խնդիրը այն է, որ ինչպէս քրիստոնէական զանազան տարրեր, այնպէս ալ Աունի կողմնակիցները ամէն գնով կը փորձեն իրենց կապերը ամուր պահել սէուտցիներուն հետ, մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն, ինչպէս անցեալ փուլերուն ալ այդ երկիրը կարեւոր եւ բանալի դեր մ՚ունի ունի կատարելիք։

Վերադառնալով առաջին վարկածին, կամ այն մասին, թէ երկրի կառավարութեան կազմութեան մէջ գլխաւոր արգելք հանդիսացողը ներքին խլրտումներն են, ապա յստակ է, որ համայնքային դրութեամբ կառավարուող երկրին մէջ կողմերէն իւրաքանչիւրը պիտի փորձէ «սայլը» դէպի իր կողմը քշել։ Աւելի պարզելու համար ընդհանուր վիճակը՝ պէտք է ըսել, որ երեսուն հոգիէ բաղկացող կառավարութեան մը մէջ կողմերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ աւելի շատ բաժին ստանալ։

Անշուշտ կառավարութեան կազմութեան համար գլխաւոր չափանիշը անցեալ մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներն են, սակայն Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ դժուար թէ «յաղթող-պարտուող»ի մօտեցումները կարողանան քաղաքական որոշումներու համար դրական ճանապարհներ բանալ։ Պարզ այն առումով, որ լիբանանցիք, աւելի ճիշդը Լիբանանի քաղաքական գլխաւոր ուժերը լաւ կը հասկնան, որ յատկապէս կառավարութիւն կազմելու, նախարարներու անուններու ընտրութեան, կառավարութեան ապագայ գործունէութեան եւ նմանատիպ հարցերու մէջ մեծ դեր պիտի խաղայ «ազգային համաձայնութիւն» կոչուած «ֆորմիւլ»ը, որ հիմնական յենարանն է երկրի անվտանգութեան պահպանման։

Անշուշտ ցարդ օգտագործուած բառապաշարը եւ ընդհանուր մօտեցումները երբեք չեն հատեր այն կարեւոր «կարմիր գիծեր»ը, որոնց պատճառով ալ յաճախ Լիբանանի մէջ կազմուած կառավարութիւնները «ներսէն կը պայթին», երկիրը լաւագոյն պարագային առաջնորդելով սպասողական փուլի մը, որուն աւարտին հրապարակ կը հանուի «բոլորս լիբանանցի ենք» մօտեցումը, որ արդէն իսկ հիմնուած կ՚ըլլայ «ո՛չ յաղթական եւ ոչ ալ պարտեալ» «հանգանակ»ին վրայ։

Որոշ մանրամասնութիւններ տալու համար եւ պարզ օրինակ մը թուարկելով ըսեմ, որ երկրի քրիստոնէական երկրորդ ուժ համարուող «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնը, որ մայիսի ընտրութիւններուն կարողացած ապահովել խորհրդարանական 15 աթոռ, այսօր կը պահանջէ ունենալ 5 նախարարներ, որոնց մէջ նաեւ փոխ-վարչապետի պաշտօնին համար նախատեսուած աթոռը։ Այս առաջարկին դիմաց զարմանալիօրէն կ՚ընդդիմանար երկրի քրիստոնէական առաջին ուժը, այսինքն՝ Աունականները (նախագահ զօրավար Աունի կողմնակիցները որոնք կը յայտարարէին, որ փոխ-վարչապետի պաշտօնը «կը պատկանի» երկրի նախագահին։

Ու այսպէս զարմանալի եւ նոյնիսկ ծիծաղելի սակարկութիւններով լեցուն այս «պազար»ը կը շարունակէ խանգարել նոր կառավարութեան կազմութեան օրակարգը։ Այս բոլորին մէջ տուժող կողմը կը շարունակէ մնալ լիբանանցի ժողովուրդը, որ կանգնած է մեծ ու դժուարին խնդիրներու առջեւ, որոնց կարեւոր մասը կը համարուի «պայթիւնավտանգ», ինչպիսիք են՝ աղբանահութեան, տնտեսական սղաճի ու մանաւանդ լիբանանեան լիրայի հաւանական արժեզրկման վտանգը։

ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ «ՊԱՏԵՐԱԶՄ»Ը

Անկախ վերոնշեալ հիմնահարցերէն՝ կայ նաեւ մօտեցում մը, որուն հիմամբ կառավարութեան կազմութեան տագնապը մեծապէս կ՚առընչուի նոր նախագահի ընտրութեան խնդրին։

Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, 2022 թուականին Լիբանան պիտի ընտրէ նոր նախագահ ու եթէ այսօրուան տուեալները ի մտի ունենանք, ապա պարզ սկսած է դառնալ, որ գործող նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն իր յառաջացած տարիքին բերումով պիտի աւարտէ իր նախագահական նստաշրջանը եւ «մէկ կողմ նստի»։ Հոս է նաեւ, որ մեծ պայքար պիտի ստեղծուի առնուազն երեք թեկնածուներու միջեւ, որոնք բոլորն ալ կը համարուին «վազող ձիեր»։

Այսպէս, Լիբանանի յաջորդ նախագահի պաշտօնին համար գլխաւոր յաւակնորդներն են. ներկայ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ (որ միեւնոյն ժամանակ նախագահ Աունի փեսան է, նաեւ «Ազգային ազատ հոսանք»ի ղեկավարը), «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա եւ «Ալ Մարատա» կուսակցութեան առաջնորդ Սիւլէյման Ֆերանժիէ։ Հետաքրքրականը այն է, որ այս երեք հիմնական թեկնածուները կը համարուին «ոխերիմ թշնամիներ» եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը լուռ պայքար կը տանի միւսին դէմ։ Երբ անոնցմէ երկուքը իրարու հետ համաձայնութեան որոշ եզրերու յանգին (ինչպէս եղաւ նախագահ Աունի ընտրութեան նախօրէին, երբ Աունականներն ու «Լիբանանեան ուժեր»ը միասնաբար դաշինք կազմեցին), երրորդ կողմը կը փորձէ «անկիւն մը նստիլ» ու խաղին պարտադրել նոր կանոններ։

Այս իրավիճակին մէջ է նաեւ, որ յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ կառավարութեան կազմութեան հարցը, պարզ այն պատճառով, որ կառավարութեան մէջ «ուժ» ունեցող որեւէ կողմ պիտի կարողանայ յարաբերութիւններու նոր որակ մը ստեղծելով, քաղաքական կարեւոր միաւորներ ձեռքբերելով եւ մանաւանդ լիբանանցի հանրութեան առջեւ «ամենազօր» դառնալ փորձելով՝ «ասֆալթապատել» դէպի նախագահական պալատ տանող դժուարին եւ «փշոտ» ճանապարհը։

Ու հոս է նաեւ, որ թաքնուած է խաղին բուն կանոնը։

Այսինքն՝ այն կողմը, որ կը շահի սիւննի կամ շիի կողմին համակրանքը, կամ իտէալական պարագային կը սիրաշահի երկու իսլամական գլխաւոր համայնքներուն «սիրտ»ը, ապա ինքստինքեան կը հասնի դէպի նախագահական պալատ։

Ո՛վ պիտի ըլլայ այդ թեկնածուն, դժուար է ըսելը կամ այս փուլին կանխատեսումներ կատարելը, մանաւանդ, որ Լիբանանն ու լիբանանցիք կը շարունակեն ապրիլ առանց կառավարութեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2018