ՄԱՐԴՆ ՈՒ ԳՐՈՂԸ

Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակէն ներս, գրասեղանիդ վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր, առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար.

-Պապի՛կ, ի՞նչ կ՚ընես… նորէն կը գրես… ի՞նչ կը գրես… այս անգամ որո՞ւ համար կը գրես, «այ նօ» - ես գիտեմ դուն նորէն նստած կը գրես Հալէպիդ մասին, եւ կամ ալ, իմ ու նանիյին եւ կամ աշխարհի հայութեան… «ուել»- լաւ, հապա ե՞ս… ուրեմն դուն «մարդ» չես… դուն միայն «րայթըր» գրող մըն ես… «պայ» մնաք բարով։

Այսչափ։ Պարզ։ Արագ։ Հեւքոտ ու ջղային։

Այս բոլորը ինծի ըսաւ, որովհետեւ ես փոխանակ ժամանակ տրամադրելու եւ իր հետ անցընելու, եկած էի սենեակ ու «աշխատանքի» լծուած, առանց իր արտօնութեան։

Այդ օր եւ այդ վայրկեանին խոստումնադուրժ մըն էի։ Պարզապէս իր խօսքը չյարգող պապիկ մը։

Այս մէկը իրեն համար «ըլլալիք» չէր։ Անհաւատալի։

Անոր համար իր «զայրոյթը» պարպելէ ետք, արագ մը դուրս եկած էր սենեակէս, այնպէ՛ս, ինչպէս որ մտած էր, միեւնոյն ժամանակ խանգարելով միտքս ու մտածումներս եւ մանաւանդ սենեակիս լուրջ մթնոլորտը ու զիս նետած դարձեալ կեանքի թաքուն ձայներուն մէջ։

Իսկ հիմա, ըսէ՛ք։ Ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը։

Գրող։ Գրագէտ։ Բանաստեղծ եւ կամ մտաւորական։ Բայց ասոնցմէ առաջ՝ մարդ։ Համեստ եւ պարզ։

Կը կարծեմ, որ ճիշդ էր թոռնուհիս իր վրդովումի վայրկեաններուն մէջ։

Ճիշդ էր, հաստատապէս, որովհետեւ այդ օր ես իր գիտցած ու ճանչցած «մարդը» կամ պապիկը չէի։ Զինք անտեսած էի։ Իր ներկայութիւնը…

Ես պարզապէս իր հոգիի կանչին ականջալուր «եղող» մէկն էի։

Բայց ինչպէ՞ս այս մէկը բացատրեմ խեղճ թոռնիկիս։ Ո՞ր բառերով ու ո՞ր տողերով։ Ինք, իր աշխարհը ունէր, ինչպէս նաեւ ես՝ իմս։ Իրարմէ տարբեր, իրարմէ հեռու, ծանօթ եւ անծանօթ, բայց յաճախ իրարու շատ մօտ։ Կից։ Փակած։

Ճիշդ էր, որ այդ վայրկեանին ես պարզ գրող մըն էի։ Կը գրէի։ Սկսած էի գրել։

Բայց…։

Պէտք է ըսեմ, որ գրելը թէեւ աստուա-ծային շնորհ մըն է, սակայն զգոյշ պէտք է ըլլալ։ Յարգանքով մօտենալ ճերմակ թուղթին կամ պաստառին վրայ սեւով ստեղծած միջոցիդ։ Որովհետեւ խօսքը, շատ հատու զէնք մըն է, կրնայ նոյնիսկ պատրանքներ ստեղծել։

Որովհետեւ գրելը նաեւ պոռթկումն է, ոչ սովորական։ Այլ խօսքով՝ արարչական գովք։

Գրել։ Այո՛։

Գիտեմ որ գրողը նախ պէտք է հասկնայ, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ կեանքէն։ Նաեւ ան պէտք է անկեղծ մնայ իր նպատակին հետ, նոյնացնելով իր ապրումը, իր իսկ ընթերցողին հետ։

Պէտք է… պէտք է… պէտք է… եւ տակաւին…։

Ահա նորագոյն գրականութիւնը, ուր միշտ կայ, կ՚ապրի, գոյութիւն ունի յուսահատ անհատի կերպարը։

Որովհետեւ այնպէս կ՚երեւի, թէ այս դարուն գրողը, գրող-մարդը կորսնցուցած է իր Աստուածը ու ամէն օր շատ մը «բաներու» կողքին նաեւ կը փնտռէ իր կեանքի իմաստը։

Որովհետեւ ինք՝ այդ գրող ըսուած կամ կոչուած մարդը, ի՛ր Աստուծոյն եւ ի՛ր ճակատագրին հետ նոյնիսկ հաշտ չէ։ Անոր համար է, որ առանց հասկնալու կը մերժէ այս երկուքին ներկայութիւնը։

Իսկ հիմա… գրել… ի՞նչ գրել…թոռնիկիս «ըսածին» նման, ինչո՞ւ գրել, երբ նոյնիսկ կարդացող չկայ։ Կայ…թերեւս…. անունով… միայն։

Չէ՞, որ գրողը մեր ցաւերը մատնանշող գրիչն է։ Չէ՞, որ ան է հայ լեզուի նահանջով մտահոգուողը եւ աւելին՝ մեր մայրենիին մաքրութեան անտարբերութիւնը շեփորողը։ Վերջապէս… հայ մտքի աղքատութիւնը ողբացողը։

Ուրեմն… պէտք է, որ գրէ՛։ Պէտք է, որ շարունակէ իր մատիտին կամ գրիչին վազքը դէպի հայ տողերը, անոնց փոխանցելով իր իսկ հարազատ մտահոգութիւններն ու խնդակցութիւնները։

Գրողը հայասիրտ տրոփում պէտք է ունենայ, ըսած էին մեր մեծ գրիչները, առաւել՝ իր եզակի հայեացքներով, օտար կամ հայ միջավայրի մէջ անսահման տագնապող… ազգային ալեկոծութեան ականատեսն ու ապրողը, եւ վերջապէս իր անբիծ ու անկողմնակալ երազանքներով մտածողը… ու նաեւ այ՛ն «մարդը»՝ որ միշտ կ՚ապրի հայ մշակոյթին մօտ իր ներքին հաւատքով, հեռու սովորական չափանիշներէն, իր ժամերուն խառնելով ազգային իր գիտակցութիւնն ալ…։

Ահա՛, ինծի համար, կամ աւելի ճիշդ իմ հասկցած… հայ գրողը։

Իսկ ես։ Ըսեմ, որ իմ կարգիս, իբրեւ պարզ եւ համեստ մարդ, կը փորձեմ համակարգիչին կամ թուղերու վրայ յամառօրէն մտքիս դրօշարաշաւը անձայն եւ …անխռով։ Ի՞նչ ընեմ…։

Իսկ հիմա…

Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել տասնամեայ այս թոռնուհիիս այս բոլոր ճշմարտութիւնները։ Չեմ գիտեր։

Չեմ գիտեր նոյնիսկ այս բոլորէն ետք ես .մա՞րդե եմ, թէ ոչ պարզապէս .րայթըրե մը։

Շուարած եմ։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019