ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Բ.
Ի՞ՆՉ Է ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ
Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց» (Յհ 2.19):
Հարցում. Ի՞նչ ըսել ու ի՞նչ պատասխանել:
Պատասխան. Երկու խօսք է եւ արտաբերուած խօսք, սակայն երեքով կ՚որոշուին. նախ՝ որովհետեւ նախ ըսելն է, ինչպէս հարցնելը, իսկ պատասխանելը՝ ետքը: Երկրորդ՝ ըսելը, ըսողին կամքին համաձայն է, իսկ պատասխանելը՝ հարցուողին ունեցած իմացումին համաձայն: Երրորդ՝ ըսելը ինչպէս տարակոյսն է, իսկ պատասխանելը՝ ինչպէս լուծումը:
Խօսք. «Քանդեցէ՛ք այս տաճարը» (Յհ 2.19):
Մեկնութիւն. Ո՛չ թէ խրատ կու տայ զԻնք սպաննելու, այլ՝ կը մարգարէանայ:
Հարցում. Ինչո՞ւ համար նշան ցոյց չտուաւ:
Պատասխան. Նախ՝ գիտէր, որ պիտի չօգտուէին: Երկրորդ՝ որովհետեւ նենգութեամբ կը խնդրէին: Երրորդ՝ անոնք խօսքը շրջեցին, իսկ Ան պատասխանը շրջեց: Չորրորդ՝ որովհետեւ Խաչով մեծ նշան մը եղաւ, այսինքն՝ երկինքէն եւ երկրէն, մեռելներէն եւ կենդանիներէն, եւ այլն: Հինգերորդ՝ որպէսզի ցոյց տայ, թէ Ինք Կանխագէտ է եւ անոնց սիրտերուն Քննիչ:
Խօսք. «Քառասունվեց տարի առաւ ասոր շինութիւնը» (Յհ 2.20):
Մեկնութիւն. Նախ՝ Քրիստոսի խօսքը այպանելով, իբր թէ հնարաւոր չէ, կ՚ըսեն ասիկա: Երկրորդ՝ որովհետեւ թանձրամիտ էին, չկրցան Քրիստոսի խօսքը հասկնալ:
ՄԻՏՔԻ ՄԱՍԻՆ
Հարցում. Ի՞նչ է թանձրամիտը:
Պատասխան. Երբ ասիկա հարցուցիր, նախ այն գիտելի է, թէ ինչո՞ւ համար միտք կը կոչուի, եւ ապա թանձրամիտ:
Առաջին՝ կ՚ըսենք, թէ միտք կը կոչուի երկու բանի համար. նախ՝ ամէն տեսակի բան կը մտնէ, այսինքն՝ գոյացութենէ, պատահումէ, երկինքէ, երկրէ, եւ միւս բոլորը, եւ ո՛չ մէկ բան կրնայ միտքին արգիլել, որ լոյսէն աւելի է, որ միայն պարզին մէջ կը թափանցէ, իսկ կարծրին մէջ՝ չի՛ կրնար: Երկրորդ՝ միտք կը կոչուի, որ ամէն տեսակի խօսք, գործ, էութիւն եւ տեսութիւն իր մէջ կը մտնէ ու բոլորը կը հաւաքէ իր մէջ ու անշփոթ կը պահէ, եւ հայելիէ մը աւելի է, որ տեսնուածը չի՛ պահեր:
Երկրորդին մասին կ՚ըսենք, թէ թանձրամիտը երեք բանէ կ՚ըլլայ. նախ՝ մարմինի թանձրութենէն, երկրորդ՝ չկրթուած ըլլալէն, երրորդ՝ երկրաւոր բաներուն հետ կը կապուի:
Նոյնպէս սրամիտը ասոնց հակառակ է. նախ՝ թեթեւ մարմինէ, երկրորդ՝ կրթութենէ, երրորդ՝ երկնայինները խորհելէ, որ հրեաները չունէին:
ԹԷ ՏԱՃԱՐԸ ՔԱՌԱՍՈՒՆՎԵՑ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՇԻՆՈՒԵՑԱՒ
Հարցում. Իսկ ի՞նչ է թէ քառասունվեց տարիներու ընթացքին շինուեցաւ:
Պատասխան. Սողոմոնին շինածը Նաբուզարդան դահճապետը այրեց եւ Երուսաղէմը Բաբելոն գերի տարաւ, իսկ երբ Կիւրոսը թագաւորեց, Սաղմանասար Իշխանը արձակեց հրեաները հինգ բիւրով, որպէսզի Աստուծոյ տաճարը շինեն: Սակայն խափանեցաւ մինչեւ Դարեհի վեցերորդ տարին, [որոնց վրայ] կը գումարուին քառասունվեց տարիները, որովհետեւ մօտիկ եղող այլազգիները, որոնք Երուսաղէմի շուրջն էին, շինութեան ընթացքը կը խափանէին: Եւ գիտելի է, թէ Կիւրոսը երեսուն տարի թագաւորեց, որմէ ետք Կամբիւրոսը՝ անոր որդին, տասը տարի: Անկէ ետք երկու մոգեր եօթ ամիս թագաւորեցին, սակայն ժամանակագրութեան մէջ չե՛ն հաշուուիր: Ասոնցմէ ետք Դարեհը թագաւորեց, որ իր թագաւորութեան երկրորդ տարին Զորաբաբէլն ու Յեսու Յովսեդեկեան քահանան Երուսաղէմ ղրկեց բազմաթիւ ծախսերով՝ անոնց տալով տաճարին մնացեալ կահոյքը պատկերէն, որ Նաբուգոդոնոսորը կանգնեցուց, եւ չորրորդ տարիին շինեց տաճարը, որ Դարեհի վեցերորդ տարին էր: Այսպէսով, քառասունվեց տարուան ընթացքին շինուեցաւ:
ՄԱՐՄԻՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԱՃԱՐ Է
Հարցում. Քրիստոսի մարմինը ինչպէ՞ս տաճար կ՚ըսուի:
Պատասխան. Տաճարը կրկին է. նախ՝ էութեամբ, երկրորդ՝ բնակութեամբ: Էութեամբ տաճար է, ինչպէս մարմինը՝ հոգիին համար, իսկ բնակութեամբ, ինչպէս տունը՝ մեզի համար, որ երբեմն անկէ դուրս կ՚ելլենք: Արդ, Քրիստոսի Մարմինը տաճար է էութեամբ եւ միաւորութեամբ, ըստ այնմ. «Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ» (Յհ 1.14). եւ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Անոր մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան ամբողջ լիութիւնը մարմնապէս» (տե՛ս Կղ 2.9), որ է՝ էապէս: Իսկ բնակութեամբ տաճար են՝ Աստուծոյ սուրբերը, ինչպէ մարգարէներն ու առաքեալները, եւ այլն, այսպէս ալ ուղղափառները կ՚ըսենք, թէ էութեամբ տաճար են, իսկ հերետիկոսները՝ բնակութեամբ:
Տաճարը երկու բան կը նշանակէ. նախ՝ Բանին եւ մարմինին անշփոթ միաւորութիւնը: Երկրորդ՝ մարմինով Աստուածութիւնը ծածկելը, այսպէս ալ եթէ որեւէ տեղ զգեստ կամ վարագոյր լսես, ծածկուածին եւ անշփոթ միութեան համար կ՚ըսէ, եւ ոչ թէ բաժնուած բնութեան կամ անձին համար:
ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏԱՃԱՐԻ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Եւ գիտելի է, թէ քառասունվեց թիւը մտաւոր տեսութիւն մը ունի Քրիստոսի Մարմինին մասին՝ չորս կերպով.
Նախ՝ որովհետեւ քառասունվեցերորդ օրը մօր արգանդին մէջ երեխային անդամները կատարելութեան կը հասնին, այսպէս ալ որովհետեւ վեցերորդ օրը կաթը կը մակարդուի եւ ապա իններորդ օրը արեան կը փոխուի ու ապա տասներկերորդ օրը կը հաստատուի, կ՚ամրանայ ու կը շնչաւորուի. ապա տասնութ օր ետք կատարեալ կը ձեւանայ ու կը հաստատուի. վեց, ինը, տասներկու, տասնութ, որ՝ քառասունհինգ կ՚ըլլայ, իսկ քառասունվեցերորդ օրը՝ անդրանիկը կը հոգեւորանայ [կենդանութիւն կը ստանայ], բայց պէտք չէ իմանալ, թէ Քրիստոսի մարմինն ալ այսպէս ձեւացաւ, ինչպէս մերը, այլ՝ երբ Սուրբ Կոյսը խօսքին հաւանեցաւ՝ ըսելով. «Աստուծոյ աղախինն եմ» (Ղկ 1.38), նոյն այդ վայրկեանին Բանն Աստուածը Կոյսին արգանդին մէջ իջաւ: Եւ առնելն ու արեան բաժանումը, եւ կատարեալ անդամներով ձեւանալը, եւ բանական հոգիով հոգեւորիլը ու միութեամբ Բանին աստուածանալը, նոյն վայրկեանին պատահեցան:
Երկրորդ իմացումը. եթէ քառասունվեցը վեց անգամ բազմապատկես, երկուհարիւր եօթանասունվեց օր կ՚ըլլայ, որ է՝ ինը ամիս եւ վեց օր, եւ այսպէս կը հաշուեն եօթներորդ կաղանդէն ապրիլի մինչեւ 6 յունուար, որ օրը որ ծնաւ Քրիստոս ըստ մարմինի:
Երրորդ իմացումը. ըստ ուրիշներու, թէ քառաունվեց ժամ կ՚ըսէ, երբ Քրիստոս գերեզմանին մէջ մնաց, այդպէս ալ ուրբաթ օրուան երրորդ ժամէն [հաշուած] ինչպէս Մարկոսը կ՚ըսէ, մինչեւ կիրակի օրուան առաւօտը այսքան ժամ կ՚ընէ:
Չորրորդ իմացում. որովհետեւ Ադամի անուան գիրը ըստ յունարէն տառերուն կը ցուցուի քառասունվեց, քանի որ «ալֆան», որ Ադամի առաջին գիրն է, մէկ կը նշանակէ, իսկ «դեպելդա», որ երկրորդ գիրն է, կը նշանակէ չորս, իսկ միւս «ալֆան» մէկ կը նշանակէ, իսկ վերջին գիրը, որ «էմ» է, քառասուն կը նշանակէ, որ քառասունվեց կ՚ըլլայ, եւ այս է խորհուրդը, որովհետեւ Քրիստոս հին Ադամին մարմինը առաւ եւ նոր Ադամ եղաւ:
Խօսք. «...եւ երեք օրէն Ես պիտի վերաշինեմ զայն» (Յհ 1.19):
Մեկնութիւն. Քրիստոսի Մարմինը, որ մահուամբ քակուեցաւ եւ երեքօրեայ յարութեամբ կանգնեցաւ: Խօսքին այս միտքը այդ ատեն առաքեալները չիմացան, որովհետեւ այս խօսքէն ետք երբ Պետրոս Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ մահուան մասին լսեց, կ՚ուզէր խափանել զայն, մինչ Տէրը սաստեց անոր՝ սատանայ կոչելով զինք, այսինքն՝ հակառակ:
Խօսք. «Եւ երբ Ինք մեռելներէն յարութիւն առաւ, աշակերտները յիշեցին թէ ա՛յդ էր ըսածը» (Յհ 2.22):
Մեկնութիւն. Եւ Քրիստոսի կատարած նախատեսութեան հաւատացին:
Խօսք. «Եւ հաւատացին Սուրբ Գիրքին» (Յհ 2.22):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ մարգարէներուն, ինչպէս որ Ովսիան կը գրէ. «Երկու օրէն մեզ պիտի կենդանացնէ, երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ [յարուցանէ]» (Ովս 6.3): Այս միտքը ցոյց կու տայ մարգարէութիւնը, թէ Քրիստոսի յարութիւնը պատճառ է մեր յարութեան: Դարձեալ, օրինակով մը Քրիստոսի յարութեան մասին գրուած է. «Յովնան երեք օր եւ երեք գիշեր ձուկին փորը մնաց» (Յվն 1.17):
Խօսք. «...գրուածին» (Յհ 2.22):
Մեկնութիւն. որ Քրիստոս այստեղ եւ այլ վայրի մէջ ըսաւ. «Մարդու Որդին շատ պիտի չարչարուի քահանաներէն ու դպիրներէն, սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (Հմմտ. Մր 8.31-32: Մտ 16.21-28: Ղկ 9.22-27), որովհետեւ այդ ատեն՝ Քրիստոսի յարութենէն ետք պիտի ճանչնան գրուածին ճշմարտութիւնը, երբ անոնց միտքերը բացաւ՝ Գիրքը իմանալու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 21
Վաղարշապատ