ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹՆԵՐԷՍ…

-Այսօր, երեկոյեան «Պարոնեան» թատրոն պիտի երթանք... պարզ յիշեցում...

Յանկարծ կը յիշեմ: Դարերու պատմութիւն ունի հայկական թատրոնը։ Դեռեւս երկու հազարէն աւելի տարիներ առաջ Մեծն Տիգրանը եւ Արտաւազդ թագաւորը հասկցած էին, որ թատրոնի ճամբով կարելի էր նաեւ ժողովուրդ դաստիարակել։ Ուստի հաստատօրէն կրնանք ըսել, թէ հայկական թատրոնը կը դասուի աշխարհի ամենէն հին թատրոններու շարքին։

Ու անձնապէս կը հաւատամ, որ թերեւս թատրոնը նպատակ մը պէտք է որ ունենայ, հարց մը պարզէ, լուծում մը գտնէ, կեանքի պատկեր մը դրսեւորէ եւ կամ պատգամ մը փոխանցէ, այլապէս ան կը դառնայ սոսկ զուարճանքի տեղ եւ արուեստի ոլորտէն կը փոխադրուի ժամանցի կեդրոնի:

Մէկ խօսքով, թատրոն կ՚երթանք մարդուն պատմութեան կամ կեանքին մէկ տխուր կամ ուրախ բաժնին ներկայացման ներկայ գտնուելու, ըլլայ ան չափազանցուած կամ սովորական:

Եւ որպէսզի այս բոլոր հրամցուածները դառնան իրական եւ հասկնալի, նախապայման է, որ թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան զիրար ամբողջացնեն՝ իբրեւ յօրինում, շունչ, լեզու եւ առոգանութիւն, խօսք եւ շարժում:

-Երկու օր ետքն ալ՝ «Քամերային»... չմոռնաս...

Անկեղծօրէն, թատրոնին հանդէպ սէր ունեցած եմ փոքր տարիքէս եւ արդէն դպրոցին մէջ կը զգայի, որ ատիկա ձեւով մըն ալ իմ կոչումս կրնար ըլլալ: Միտքս պարզելու համար նախ ըսեմ, որ դպրոցական տարիներէս՝ յատուկ սէր ունեցած եմ թատրոնի հանդէպ։ Արդէն դպրոցին մէջ կամ մեր հին քաղաքի հին ակումբէն ներս կը զգայի, որ ատիկա տեսակ մըն ալ իմ նախընտրութիւններուս առաջնահերթ բաժինն ալ էր։ Մաս կը կազմէր։ Յաճախ անով կը զբաղուէի։

Անձնապէս միշտ ուրախութեամբ ներկայ ուզած եմ գտնուիլ եւ մօտէն հետեւիլ իւրաքանչիւր թատերական գործին, որովհետեւ անկեղծօրէն թատրոնի սիրահարներէն եմ։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, թատրոնի հետ իւրաքանչիւր հանդիպումս ինծի համար տօն է եղած: 

-Հինգշաբթի օրն ալ «Ղափլանեան»... յիշէ՛...

Թատրոնի տիեզերքը բեմն ալ է։ Կը հաւատամ, որ վերջին հաշուով թատրոնին նպատակը եղած է ներկայացնել եւ համարձակ ցոյց տալ ժամանակակից մարդուն հոգեկան աշխարհը, անոր կեանքի յուզող հակասութիւններն ու բախումներով միատեղ: Հոն կան նաեւ հայրենիքի, հողի, կարօտի, սիրոյ, ատելութեան, նախանձի, սուտի, ճշմարտութեան չարի եւ բարիի բախումներուն, ոճիրի եւ համամարդկային նուիրուածութեամբ զգացումներով:

Ինծի համար թատրոնը է՛ եւ կը մնայ իբրեւ արուեստի այն բացառիկ տեսակը, որ միշտ կ՚ապրի ժողովուրդին հետ, անոր ցաւերով ու երազանքներով:

Ես կը կարծեմ, որ ան մարդկութեան ամենէն մեծ, ամենէն հանճարեղ գիւտն է: Անիկա իր մէջ կը ներառէ բոլոր արուեստները եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կը կարողանայ շատ բան տալ բեմէն: Այն ամէնը, ինչը մենք տարիներով պիտի սորվինք կեանքի կամ դպրոցի մէջ, թատրոնը վայրկեաններու ընթացքին բեմին վրայ ստեղծուած իրավիճակի միջոցով կրնայ հանդիսատեսին փոխանցել, եւ նոյնիսկ՝ փոխել հանդիսատեսի հոգեվիճակը:

-Գալ շաբաթ ալ Վարդան Պետրոսեանի մենաթատրոնին հրաւիրուած ենք...

Կը կարծեմ, որ մենաթատրոնը առանց կախարդանքի հեքիաթ ալ է, ուր հերոսը ինքն իր եւ կամ ալ մարդկութեան դէմ է, որ կը պայքարի կամ կը կռուի:

Ու բաւական է ունենալ միջավայրի ճիշդ զգացողութիւն, նիւթի դիպուկ ընտրութիւն, բեմադրական ժամանակակից կողմնորոշում, ըսելիքի թարմութիւն, դերասանական վառ կատարումներ՝ արդէն հանդիսատեսը կամաց-կամաց պաշտելու աստիճան կը կապուի անոր:

Որովհետեւ, վերջին հաշուով, հոն հանդիսատեսը կ՚առընչուի բեմէն իրեն հրամցուած ուրախ կամ տխուր կեանքի բազմաշերտ իրականութիւններուն:

***

Գաղտնիք մը չէ, երբ բացայայտեմ, որ իբրեւ թատերասէր, պատանեկան տարիներէս մինչեւ այսօր, թատրոնի սրտին շատ մօտիկ ապրող հայ անհատ մը եղած եմ: Ու ամէն անգամ երբ հայրենիք այցելեմ, ինքնածին նախ կը փնտռեմ այդ օրերուն հանրութեան հրամցուելիք թատերախաղերը:

Ինծի համար մեծ հաճոյք է ականատես ըլլալ, տեսնել, լսել հայ թէ օտար թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները հայրենի բեմերուն վրայ բեմականացուած պատմութեան պատգամին, մարդոց տարբեր խաւերու կենցաղին, բարքերուն, մշակոյթին, հասարակական եւ ընտանեկան կեանքին, փառասիրութեան, հայրենասիրութեան, առաքինութեան ու մեր ազգային ու ընկերային զանազան նկարագիրներու կողքին:

Եւ երբ տեսած եմ հայ թատրոնի սիրոյն մատուցուած անսակարկ խոնջէնքը, բոլորին նման, ոչ միայն ուրախացած եմ, այլ նաեւ հպարտացած՝ հոգեկան գոհունակութեանս իբրեւ հարազատ արդիւնք: Եւ թատրոնը միայն այն ժամանակ կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն, երբ կը դառնայ հանդիսատեսի աշխարհին արդարամիտ արձագանգողը: Եթէ կ՚ուզէք, սորվողին համար անշուշտ, նոյնիսկ «ուսուցման» յատուկ կեդրոն մը:

Եւ ի տես հայրենիքէն ներս շնչող եւ ապրող թատերական խճողուած կեանքին, իւրայատուկ աշխարհ-մթնոլորտին, խաղացանկերուն, արհեստավարժ բեմադրիչներու եւ դերասան-դերասանուհիներու խաղարկութիւններուն, մէջս տեսակ մը «բարի» նախանձ մը կ՚արթննայ: Նման պատկեր-կեանք սփիւռքներու տարածքին գրեթէ հազուագիւտ է կամ նոյնիսկ՝ չկայ: Ճիշդ է, որ պետութիւնը իր «առիւծի» բաժինը ունի հայրենի թատրոնի կեանքի յարտեւութեան, սակայն արտերկրէն ներս այս խանդավառութիւնը կարծես չկայ: Հոն տարբեր «հոգերով» կ՚ապրի հայ կեանքը:

Անկասկած, որ սփիւռքեան իւրաքանչիւր գաղութ իր «պատերէ»ն ներս թատերական ասպարէզին մէջ ունեցած է եւ կամ ունի վաստակ ունեցող շնորհալի դերասաններ, բեմադրիչներ եւ թատրոնը սիրող երիտասարդներ, որոնք իրենց նոր շունչով եւ իրենց ստեղծագործ միտքով եւ գաղափարներով, իրենց անսակարկ զոհաբերութեամբ եւ զոհողութիւններով կրնան նորութիւններով յագեցած թատրերգութիւններով աշխուժացնել թատերական կեանքը, ինքնագիր կամ թարգմանական, բայց բաւարար չէ:

Հայրենիքէն ներս տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս հրամցուած թարգմանական գործերով, աշխարհի օտար հերոսները նաեւ դարձուցած ենք մեր հերոսները։ Կարծես մեր արդի գրականութիւնը թատրերգութիւններով այնքան ալ հարուստ չէ։ Այլ խօսքով, մենք թատերական գրուածքներով գրեթէ չքաւոր ենք։ Ուստի հոս եւ հոն, լուրջ ուշադրութիւն է պէտք: Որովհետեւ, թատրոնը է՛ եւ կը մնայ իբրեւ բացառիկ տեսակը արուեստին, որ միշտ կ՚ապրի ժողովուրդին հետ, անոր ցաւերով եւ երազանքներով: Եւ թատրոնը միայն այն ժամանակ կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն, երբ կը դառնայ հանդիսատեսի աշխարհին արդարամիտ արձագանգողն ու հայելին... եթէ կ՚ուզէք:

Արդ, շատ անհրաժեշտ է յատկապէս սփիւռքի տարածքին, զարկ տալ հայ թատերական մեր գրականութեան ճոխացման: Օգտուիլ հայրենիքի «շունչ»էն, մթնոլորտէն: Ահա սփիւռքահայ թատրոնի վերընձիւղման դեղատոմսը:

Որովհետեւ եւ անկեղծօրէն թատրոնը իր առաքելութեամբ նկատած եմ նաեւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման լաւագոյն միջոցներէն մէկը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեւան, 10/2023

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2023