ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Միջազգայնագէտ Անդրանիկ Պետրոսեան քաղաքագիտութեան վրայ մասնագիտացած է Քէպէքի համալսարանին մէջ, Մոնրէալ, Գանատա։ Ան համոզուած է, թէ այժմ հայ իրականութեան կացութիւնը թէեւ բարդ է, սակայն ոչ յուսահատ։
Գանատահայ Անդրանիկ Պետրոսեան ցարդ աշխատած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հիմնախնդիրներուն, անցեալի հաշտեցման յանձնաժողովի փորձառութեան, Հարաւային Կովկասի եւ Եւրոպայի Քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնի ծրագիրներուն վրայ։ Այս նիւթերուն մասին թէ՛ գիրքեր հեղինակած եւ թէ դասախօսած է։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան կաճառի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնին մէջ ալ եղած է այցելու դասախօս։ Գանատայի մէջ մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու, ծաւալած է հասարակական գործունէութիւն։ Անդրանիկ Պետրոսեան մեզի հետ բաժնեց իր դիտարկումները հայ իրականութեան առկայ հրատապ օրակարգի նիւթերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։
*
-Անշուշտ, կը հետեւիք Հայաստանը պատած ծանր դրութեան։ Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք իրավիճակը։
-Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ որպէս իրաւականօրէն ճանչցուած փոքր պետութիւն, ներկայիս կը պարզէ տեսքը քաղաքական, ընկերատնտեսական, ժողովրդագրական, մշակութային, բնապահպանական եւ անվտանգութեան խոր եւ բարդ հարցերով ծանրաբեռնուած համակարգային կառոյցի մը: Ան ուսերուն վրայ կը կրէ պատմութենէն ժառանգուած քաղաքական հիմնահարցերու ծանրութիւնը եւ իրաւաբանական ժառանգորդն է հայոց իրաւունքներուն, իր մէջ կը պարփակէ խորհրդային եւ յետխորհրդային տեղական իրադարձութիւններուն դրական կամ բացասական հետեւանքները եւ վերջապէս կը գտնուի Արցախի երկրորդ պատերազմի պարտութեան հետեւանքներու վերացման հրամայականին առջեւ:
Ես այստեղ կ՚աւելցնեմ նաեւ սփիւռքը՝ բազմաշերտ եւ տարածուած վիճակով, որ դիմագրաւելով հանդերձ իր գոյութեան խնդիրները՝ որպէս հայաշխարհի երրորդ միաւոր, իր կառոյցներով չի կրնար անմասն մնալ եւ զրկուիլ իր դերը ստանձնելէ: Սփիւռքն ալ, իր կարգին, կարելի է դասաւորել երկու բաժանմունքի՝ նախկին Խորհրդային երկիրներու (յատկապէս Ռուսաստան եւ Ուքրայնա) հայերը եւ նախկին ոչ-խորհրդային պլոքի սփիւռքը: Այս վերջինը կ՚ընդգրկէ արեւմտահայերէ կազմուած գաղութներն ու Հայաստանէն՝ անկախութենէն վերջ արտագաղթածները:
Այս բարդ ու դժուարին իրավիճակը թէեւ յուսահատական չէ, սակայն կը պահանջէ ճիգերու գերլարում թէ՛ Հայաստանի պատասխանատուներէն եւ թէ բնակչութենէն:
Այստեղ ես փոխ պիտի առնեմ Անթոնիօ Կրամշիի մէկ միտքը՝ մեր իրավիճակը բնութագրելու համար. «Pessimism of the intellect, optimism of the will»: Այսինքն, թէեւ իրավիճակի քննութիւնը կ՚առաջնորդէ յոռետեսութեան, սակայն զայն փոխելու ճիգն ու կամքը մեզ կը տոգորէ լաւատեսութեամբ:
-Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք Հայաստանի իշխանութիւններուն դիւանագիտական ջանքերը:
-Հայաստանի իշխանութիւններու դիւանագիտական աշխատանքներուն հիմքը կարելի է նկատել Փաշինեանի եւ իր վարչախումբի հետապնդած «Խաղաղութեան դարաշրջանի» նախագիծը, որ ինծի համար վիճելի է տեսական թէ գործնական առումներով։ Դիւանագիտական գործունէութեան մէկ այլ երեսը կը շօշափէ Հայաստանի անվտանգութեան հարցը՝ ի տես Ատրպէյճանի պարբերական հրադադարի խախտումներուն, մարդկային եւ տարածքային կորուստներու: Նկատի ունենալով ՀԱՊԿ-ի (որուն անդամ է Հայաստան) անբաւարար եւ Ատրպէյճանի հանդէպ մեղմ քայլերը՝ հայկական դիւանագիտութիւնը նախաձեռնեց խնդիրներու միջազգայնացման, զանոնք փոխադրեց Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի հարթակներ: Անվտանգութեան հարցով Ռուսաստանի դերակատարութիւնը ինքնին այլ նիւթ մըն է։
Կարելի է հարց տալ, թէ դիւանագիտութիւնը վարողները որքա՞ն մասնագիտական պատրաստութիւն եւ փորձառութիւն ունին՝ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Խաղաղութեան օրակարգը խաբուսիկ է, երբ շրջապատը պատերազմի կը պատրաստուի։ Ատրպէյճան կը մեկնի ուժային դիրքերէ եւ իր առաջին դէմքի խօսոյթով՝ տարածքային նկրտումներու հակում ցոյց կու տայ եւ ծրագրեր կը բացայայտէ: Մէկ այլ կարեւոր նկատողութիւն. պատերազմի մէջ պարտուած ղեկավարութիւն մը հոգեբանականօրէն եւ գործնականօրէն չի կրնար յաջող եւ սկզբունքային ամուր բանակցութիւններ վարել: Նոր դէմքեր կը ստանձնեն առաքելութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ նուազագոյն կորուստներով դուրս գալու համար՝ մինչեւ Հայաստանի ուժային դիրքի վերականգնումը, ինչ որ ապագայ բանակցողներուն թոյլ պիտի տայ աւելի ամուր դիրքերէ խօսիլ եւ համապատասխան արդիւնքներ ձեռք ձգել: Տակաւին այլ հարց է, որ բանակցութիւններու հիմքը դրուած սկզբունքները որքանո՞վ սահմանադրական են։ Անոնք կը վայելե՞ն ժողովուրդի գիտակից մեծամասնութեան հաւանութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ վերջին ընտրութիւններու արդիւնքները չեն կրնար բանակցութիւններու բովանդակութեան համար ժողովրդային հաւանութեան հաւաստիք նկատուիլ: Այստեղ հիմնական հարց է նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միայն նախկին Խորհրդային Հայաստանի ժառանգո՞րդն է, թէ ոչ տէրն է այն բոլորի, որուն անբաժան բաղադրիչն է Արցախի հարցը: Կարելի չէ անտեսել Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի (1990) յատուկ բանաձեւումները, որոնք ամրագրուած են շարունակական կերպով որդեգրուած Սահմանադրութիւններու նախաբանին մէջ եւ ցարդ ուժի մէջ են։ Ըստ Սահմանադրութեան, որեւէ իշխանութիւն անոնցմէ հրաժարելու իրաւունք չունի առանց հանրաքուէի:
Այժմու բանակցութիւններու ընթացքը մեծապէս կախեալ է այդ ընտրանքէն, ինչ որ պիտի կանխորոշէ նաեւ Հայաստանի տեղն ու դերը տարածաշրջանին մէջ: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու վարած դիւանագիտութեան եւ Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին՝ պարտուած Ֆրանսայի Վիշիի կառավարութեան քաղաքականութիւններուն միջեւ առկայ են նմանութիւններ:
Առանց սահմանափակելու վերը կատարած դիտարկումներս, ես զանոնք կը նկատեմ բաղադրիչը այն գործընթացներուն, որոնք պէտք է որդեգրուին այժմու ուղին եւ թերացումները սրբագրելիք, դիմադրական դիմագիծով քաղաքական ղեկավարութեան մը կողմէ. ըստ նոյն օրինակին՝ Տը Կոլը։ Ներկայ իշխանութիւնը, իր ղեկավարով հանդերձ, այդ արժէքներու եւ գաղափարներու կրողը չէ, որ թերացումները սրբագրէ։ Այդ բանը կրնայ իրականացնել միայն՝ համապատասխան տիպի եւ արժէքներու կրող ղեկավարութիւն մը:
-Ի՞նչ կը մտածէք բանակցային գործընթացի պարագային Ուաշինկթընի վերաբերմունքին շուրջ:
-Անշուշտ, ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ կը հետապնդուին կարգ մը շահեր:
ա) Ատրպէյճանի տարածքի քարիւղատար եւ կազատար խողովակաշարներն ու անոնց անվտանգութիւնը։
բ) Որպէս Կասպից պետութիւն, Կասպից ծովը եզերող պետութիւններու հետ ունեցած իր անմիջական կապերը կը շեշտեն ԱՄՆ-ի համար այդ պետութեան կարեւորութիւնը։
գ) ԱՄՆ-Իրան ձգտեալ յարաբերութիւններուն մէջ Ատրպէյճանին վերապահուած է Իրանի դէմ խաղարկողի յատուկ դերը։
դ) Միջազգային առեւտրական ճանապարհներու հսկողութեան ծրագիրները։
ե) ԱՄՆ-ի ներկայ ճիգերը Ռուսաստանը հեռացնելու Արցախէն եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասէն:
Այս շահերէն ոմանց ժամանակին անդրադարձած էր ԱՄՆ-ի նախկին Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Զպիկնիեւ Պրժեզինսքի։ Այստեղ պէտք է աւելցնել նաեւ ամերիկեան պետականակերտման ազատական սկզբունքի ազդեցութիւնը մտքերուն վրայ։ Այսպէս, ոչ-դաշնակցային պետութիւններու կազմէն ներս ազգային հարցերը կը լուծուին քաղաքացիական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու, մարդկային իրաւունքներու ճանաչման եւ պատասխանատուութիւններու բաժանման սահմաններուն մէջ, անջատումը կամ անկախութիւնը կը համարուին վերջին լուծում։
Հետեւաբար, եթէ բանակցութիւնները ընթանան այս ուղղութեամբ, ապա ամերիկեան դիւանագիտական աշխատանքները կրնան լուրջ դժուարութիւններու հանդիպիլ, որովհետեւ առանց գործնական երաշխիքներու՝ չեն ապահովեր հայ բնակչութեան անվտանգ գոյութիւնը այդ տարածքին վրայ: Ատրպէյճանի երաշխիքները չեն կրնար հաւաստիք ծառայել, ոչ ալ միջազգային երաշխիքները կրնան յաջողութիւն գտնել: Անշուշտ, անկարելի է հաշուի չառնել նաեւ Ռուսաստանի տարաձայնութիւնները։
-Հայաստան պարտաւո՞ր է վերատեսութեան ենթարկել իր արտաքին քաղաքականութիւնը՝ յատկապէս Ռուսաստանի հետ կապերը։
-Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կ՚ընդգրկեն արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներ, որոնք կարելի չէ առանձին դիտարկել եւ եզրակացութիւններու հասնիլ: Այդ յարաբերութիւնները բարդ են եւ ունին պատմական հիմք՝ իրենց վերիվայրումներով հանդերձ: Այդ կապերը մերթ ընդ մերթ վերաքննութեան ենթարկելը բնական երեւոյթ մըն է կողմերուն համար: Տուեալ ոլորտներէն մէկուն մէջ փոփոխութիւն ներմուծել՝ իրարմէ խիստ տարբեր ուղղութեամբ, անխուսափելիօրէն բարդութիւններ կը ստեղծէ միւս ոլորտներուն մէջ եւս ու չի կրնար դրական ազդեցութիւն ունենալ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ:
Միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ընդունուած սկզբունք մըն է՝ հնարաւոր ոլորտներուն մէջ համագործակցիլը եւ դրական արդիւնքով մեղմացնել այլ ոլորտներու հակասութիւններն ու տարբերութիւնները եւ այսպէսով հակակշռի տակ պահել զանոնք:
Հակառակ շեշտուած հակասութիւններուն, Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը այդ տեսակի յարաբերութիւններու օրինակ մըն է: Հայաստան-Ռուսաստան ներկայ յարաբերութիւնները, անշուշտ, չեն կրեր նման տարբերակուած բնոյթ մը, սակայն կը գտնուին անհամապատասխան դիրքերու վրայ: Ռուսաստան շրջանային գերակշիռ ուժ մըն է, Ցարական կայսրութեան եւ Խորհրդային Միութեան իրաւայաջորդը։ Հայաստան անոր հետ ունի երկկողմանի համաձայնութիւններ: Կարեւորագոյնը՝ Ռուսաստան եղած է Հայաստանի անվտանգութեան հիմնական մատակարարը (security provider) եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ ընդգրկուած ըլլալով՝ Հայաստան կ՚ակնկալէ ունենալ այդ ոլորտի պարագային յաւելեալ երաշխիքներ: Ռուսաստան նաեւ Հայաստանի տնտեսական գլխաւոր գործընկերն է եւ ներդրումներու ճամբով երկրի տնտեսութեան մէջ ունի կարեւոր ներկայութիւն: Հայաստան հարկադրաբար ԵԱՏՄ-ի անդամ է եւ ընդգրկուած՝ անոր մաքսային միութեան մէջ: Կրթական եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ ռուսական ներկայութիւնը ակներեւ է։
Այս պայմաններուն տակ ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը շեշտուած կերպով վերատեսութեան ենթարկել՝ առանց խնդիր ստեղծելու միւս ոլորտներուն մէջ, ուր Ռուսաստան զօրաւոր լծակներ ունի Հայաստանը կախեալ վիճակի մէջ պահելու համար: Այս կախուածութեամբ Հայաստան արդէն դարձած է Ռուսաստանի պատանդը, ինչ որ առաւել եւս շեշտուած է:
Շատ մը ոլորտներու մէջ յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը խարսխուին բազմազանութեան (diversification) հիման վրայ, ռիսքերը կը բաժնուին այլ միջազգային գործընկերներու միջեւ՝ առանց կապերը խզելու Ռուսաստանի հետ: Սա է այս պահուն հնարաւորը։ Ժամանակի ընթացքին նման ռիսքերու վերաբաշխումը կ՚ունենայ իր դրական ազդեցութիւնը Հայաստանի ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Այսպէսով կարելի պիտի ըլլայ հանդէս գալ աւելի ինքնիշխան եւ նուազ կախեալի դիրքերէ:
Այստեղ կ՚արժէ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ այսօր Հայաստանի մէջ ձայներ բարձրացած են Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները լուրջ վերատեսութեան ենթարկելու պահանջով: Պատասխանի որոնումը կրնայ շատ բան պարզել:
Խորհրդային Միութեան տարրալուծումէն ի վեր Ռուսաստան կ՚ընթանար ներքին վերակառուցումով եւ բանակաշինութեամբ: Միջազգային յարաբերութիւներու մէջ նախընտրութիւնը կ՚երթար տնտեսական ոլորտի զարգացման, յատուկ տեղ կը գրաւէին հումքային շահաբեր գործառոյթները: Փութինի ղեկավարութիւնը հետզհետէ կը ստանար ամբողջատիրական բնոյթ՝ ժողովրդավարական ձեւականութիւնը պահելով հանդերձ: 2007-ին, Միւնիխի Անվտանգութեան խորհրդաժողովին, Փութին ԱՄՆ-ը քննադատեց միաբեւեռ քաղաքականութիւն վարելով եւ աշխարհին աւետեց Ռուսաստանի՝ իբրեւ գերտէրութիւն համաշխարհային թատերաբեմ վերադարձը։ Այդ ուղղութեամբ քայլեր կ՚առնուէին Ռուսաստան-Սպիտակ Ռուսիա միութենական պետութեան ծրագիրը վերակենդանացնելու համար՝ ակնկալելով նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու ընդգրկումը այդ կառոյցին: Միեւնոյն ժամանակ, մէջտեղ կը նետուէր Լիզպոնէն մինչեւ Վլատիվոստոք տնտեսական համագործակցութեան տարածքի գաղափարը, որուն ռուսական ազդեցութեան գօտիի մէկ մասին վրայ կը ստեղծուէր Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնը (ԵԱՏՄ), ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ): Տնտեսական կառոյցը կը ծրագրուէր կազմակերպել Եւրոպական Միութեան օրինակով: Ահա այդ ժամանակ մենք տեսանք՝ երկկողմանի համաձայնութիւններու ճամբով Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի շեշտուած ներկայութիւն՝ պաշտպանութեան եւ տնտեսական ոլորտներուն ճամբով: Սա կը զուգադիպէր Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան ժամանակաշրջանին:
Ռուս-թրքական յարաբերութիւններն ալ նոր թափ մը կը ստանային՝ յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ: Մոսկուայի ռուս-թրքական դաշնագրի (1921) ոգիին ըմբռնումով այդ յարաբերութիւնները կը զարգանային: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները նոյնպէս կը զարգանային տնտեսական եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, զէնքի կարեւոր վաճառքով: Այդ յարաբերութիւնը կը գործէր ռազմավարական գործընկերութեան անուան տակ։
Մինչ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները կ՚որակուէին՝ որպէս ռազմավարական դաշինք, ապա նոյն տարիներէն սկսեալ Ռուսաստանի շահերը սկսան թեքիլ Ատրպէյճանի կողմը: Այս քաղաքականութեան դրսեւորումը եղաւ Ռուսաստանի չէզոքութիւնը 2020-ի պատերազմին, Ատրպէյճանի յարձակման ժամանակ: Այսօր յայտնի է, թէ Արցախի ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը ծրագրուած էր նախքան այդ պատերազմը: Այս բոլոր տարրերը պահանջ կը ստեղծեն հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վերատեսութեան: Փութինի՝ Ռուսաստանի դերի վերականգնման ծրագրի մէջ ռուսական շահերը աւելի տեղ կու տան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի՝ քան Հայաստանի: Այս քաղաքականութիւնը եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, Արեւմուտքի անուղղակի մասնակցութեամբ, Հայաստանի համար կը ստեղծեն անվտանգութեան լուրջ հարցեր եւ երկիրը կը ստիպեն այլ գործընկերներ փնտռելու՝ անվտանգութեան ռիսքերը վերաբաշխելու համար:
Հետեւաբար, յստակ է, թէ այդ յարաբերութիւնները պիտի վերանայուին, սակայն, անոնց ընթացքին վրայ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի հետեւանքներն ու միջազգային համաձայնութիւնները պիտի ունենան իրենց դերը:
-Լաւատե՞ս էք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու գործընթացին համար։
-Ներկայ փորձը կը տարբերի նախորդներէն: Առաջինը գլխաւորաբար Ուաշինկթընի նախաձեռնութիւնն էր, իսկ երկրորդին կը մասնակցէին նաեւ Եւրոմիութիւնն ու Մոսկուան։ Միջազգային խաղացողներուն միջեւ թէեւ կար մրցակցութիւն, բայց անոնց յարաբերութիւնները այսօրուան նման լարուած չէին: Միաբեւեռ աշխարհը կը գտնուէր ԱՄՆ-ի ազդեցութեան տակ: Թուրքիան կը գործէր իր սահմաններէն ներս եւ արտասահման զօրք չէր ուղարկեր միջամտութիւններու մխրճուելով։ ՆԱԹՕ-ի դէպի Արեւելք ընդարձակումը սկսած էր, սակայն Ռուսաստանի հետ չէր գտնուեր թէժ կէտի վրայ: Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի կառավարութիւնները կը ձգտէին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել առանց նախապայմաններու: Արցախի շուրջ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կ՚ընթանային ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի հովանաւորութեան տակ։ Հայաստան կը բանակցէր յաղթական դիրքերէ եւ Արցախը գործնականօրէն անկախ էր, պետական կառոյցներով եւ պաշտպանութեան բանակի հսկողութեամբ՝ իբրեւ չճանչցուած պետութիւն:
Ներկայ բանակցութիւնները, սակայն, յառաջ կը տարուին զանազան միջազգային, տարածաշրջանային եւ տեղական պայմաններու տակ: Հաւաքական Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունի միջնորդաւորուած բախում մը, որու թատերաբեմն է Ուքրայնան: ԱՄՆ կը ձգտի յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի ներկայութեան վերջ տալ: Թուրքիա արդէն կը գործէ իր սահմաններէն դուրս Սուրիոյ մէջ եւ կը ձգտի Հարաւային Կովկասէ ներս ազդեցութեան դիրքեր ձեռք ձգել: Թուրքիոյ նախկին նախագահներէն Տեմիրէլ ժամանակին արդէն յայտարարած էր, թէ այդ տարածաշրջանը թրքական մշակութային ազդեցութեան տիրոյթին մէջ է: Փութինեան Ռուսաստանի միութենական պետութիւններու կառուցման ծրագրին դիմաց, Էրտողանի Թուրքիան կը հետապնդէ համաթրքական պետութիւններու ծրագրի իրականացումը։ Այս ճանապարհը կ՚անցնի Մեղրիով, Հայաստան-Իրան սահմանով: Ձեւաւորուած է Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմավարական դաշինքը: Ռուսաստանի վերլուծական կարգ մը կեդրոններ կը բացայայտեն Թուրքիոյ հետ յատուկ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը ռուս-թրքական միացեալ կառավարման վարչաձեւով մը իրացնելու համար։ Կը նախատեսուի ներգրաւել նաեւ Իրանը՝ որպէս շրջանային երրորդ տէրութիւն, ինչ որ աւելի ձեւական բնոյթ կը կրէ: Նախագահ Պայտընի ցեղասպանութեան ճանաչմամբ ԱՄՆ կ՚ակնկալէր, որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւուին: ԵՄ տարածաշրջանէն ներս կը հետապնդէ Հարաւային Կովկասը իր հետ համարկելու նպատակը՝ տնտեսական յարաբերութիւններու ճանապարհով եւ խթանելով Թուրքիա-Վրաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան դրամատիրական կարեւոր ուժերու միջեւ յարաբերութեանց հաստատումը: Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բացակայութիւնը խոչընդոտ մըն է այդ համարկման համար:
2020-ի սեպտեմբերին, Թուրքիոյ աջակցութեամբ եւ Ռուսաստանի չէզոքութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմը խախտեց այդ հաւասարակշռութիւնը՝ Հայաստանի պարտութեամբ։
Ահա, Հայաստանի տեսակէտէ այսպիսի աննպաստ պայմաններու ներքեւ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ փորձը: Հայկական կողմը կը ներկայանայ պարտուած, իսկ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասնաբար կը փորձեն առաւելագոյնը ընել՝ նորանոր պահանջներով եւ պայմաններով, որոնց արդիւնքը չի կրնար ամբողջութեամբ նպաստաւոր ըլլալ Հայաստանի տեսակէտէ։ Հայաստան կը դրուի նուաստացման, անարժանապատիւ գոյութեան եւ ենթակայութեան առջեւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան