ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ՝ ԱՆՄԱՀՆ ԶԱՀՐԱՏԸ (1924-2007)
Այսպէս ամէն առաւօտ
Հրաժեշտ կ՚առնեմ կը բաժնուիմ ես ինձմէ -
Տանս դուռը երբ կը փակեմ ետեւէս
գիտեմ թէ
Եսս ներսն է -
եւ ամէն քայլ զիս կ՚անջատէ
իմ եսէս
ԶԱՀՐԱՏ
Վերի նշած տողերս շատ-շատերուն ծանօթ, եւ նոյնքան ալ անծանօթ, պոլսահայ մտաւորական-բանաստեղծ՝ Զահրատին կը պատկանին: Այլ խօսքով՝ պոլսահայ մտաւորական-բանասատեղծ Զարեհ Եալտըզճեանին, որուն ծննդեան 100-ամեակն է այս մայիս 10-ին:
Իբրեւ հայ գիրի եւ գրականութեան կամաւոր սպասարկուներ, մեզի համար անարդար եւ անհաճոյ պիտի ըլլայ, եթէ չմտածուի այս եւ բոլոր մեծ անուանի հայ ԳՐԻՉ-ները, մեր ընթերցողներուն չյանձնելը: Այս անհրաժեշտութիւնը կը զգանք: Պարտաւոր ենք գիտակցիլ: Ջերմ գնահատանք մըն է այս մէկը:
Իսկ գալով Զահրատին՝ պէտք է աւելցնենք, որ ան իր կարգին պերճախօս վկան էր պոլսահայ գրականութեան:
Իբրեւ յոբելեար, արդ լաւ առիթ է, որ անդրադառնանք այս հայուն, որ յստակ եւ մաքուր արձագանգը ունեցած էր հայ ընթերցողի մտքին մէջ:
Զահրատ եւ հարիւր տարեկան...: Յոբելենական թուական: Անուն մը անուններուն մէջ, որ ունի իր արդար տեղը, մեր արդի գրականութեան անդաստանէն ներս: Արթուն եւ կենդանի:
Յոբելենական թուական յիշեցի, պէտք էր նաեւ անպայման աւելցնէի մեր կողմէ գնահատանքի տուրք հասկացողութիւնն ալ: Որովհետեւ թուականներու յիշատակումներէն աւելին, էական են մեր ընկալումն ու մեր գնահատանքի չափը: Իր մասին մեր նշումը, անկասկած վերարժեւորումն ալ է:
Զահրատ.- Զարեհ Եալտըզճեան- մտաւորական, մամուլի նուիրեալ եւ բանաստեղծ, որ իր քերթողական մարզէն ներս նորարարութեամբ դարձաւ աչքառու: Պէտք է նաեւ յատկանշել, թէ ան մեծ էր այս նորագոյներուն մէջ իր տաղանդով, որակի հարստութեամբ եւ գրական անդաստանին եւ արուեստին յատուկ իր պաշտամունքով:
1924-ին Պոլիս ծնած այս գրիչը, գրել սկսած է կանուխէն եւ իր առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է «Աստղ մը» (լոյս տեսած 1943-ին): Մէկ տարի ուսանած է դեղագործական վարժարանի մէջ, Վիեննական Մխիթարեանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք: Ապա երեք տարի յաճախած է բժշկական համալսարան, սակայն կիսատ ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան: Անկէ ետք աշխատակցած է պոլսահայ թերթերուն: Ունի բանաստեղծական ութ ժողովածուներ: Գլխաւոր գործերն են. «Մեր քաղաքը», «Գունաւոր սահմաններ», «Մէկ քարով երկու գարուն», «Ծուռ նստինք», «Կիկօ խօսինք», «Մաղ մը ջուր», «Բառերուն տակի քերթուածը» եւ շատ ուրիշներ: Իր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու: Այսպէս՝ թրքերէն, յունարէն, անգլերէն, արաբերէն, իտալերէն, ռուսերէն եւ տակաւին...: Այս բոլորը կը վկայեն իր ստեղծագործական թռիչքը: Յաճախ գործածած է «Զարիկ», «Իշխանաձուկ», «Յ», «Զ» եւ «Լուսարձակ» ծածկանունները: Յիշենք նաեւ, որ արժանացած է զանազան շքանշաններու, մրցանակներու եւ պատուագիրերու: Մահացած՝ 2007-ին Պոլիս:
Ահա՛, ո՞վ էր ինք:
Զահրատ, քերթողական նորարար հատորներու տէր այս մեծատաղանդ բանաստեղծը, մեր անմիջական գրականութեան մէջ նոր ակօս մը բացած ըլլալու հպարտանք կը ներշնչէ: Իր հրամցուցած բոլոր տողերը ընթերցողին կ՚ընծայեն համոզում եւ վստահութիւն: Հոգեկան իր լուռ տագնապները ընթերցողին յաճախ զինաթափ կ՚ընեն: Իր արտայայտելու ձեւը նոր եւ իւրայատուկ է, եւ որուն միջոցով ընթերցողին մտածումները կը սահմանէ:
Անկասկած, իբրեւ բանաստեղծ, ան ունի եզակի հայեացքներ: Ահա թէ ինչո՞ւ ինք, մեզմէ շատերուն գրական պաշտամունքներուն մէջ, որոշ եւ հաստատ տեղ գրաւած է, իր ինքնատիպ ոճով: Իր մէջ միշտ ներկայ եղած է մտքի շունչը, եւ իր տաղանդին վարպետ նկարագրող հիւթեղ եւ ճկուն լեզուն:
Իր բոլոր ստեղծագործութիւնները, որոնք ծնունդ առած էին իր իրապաշտ եւ կենդանի գրաւիչ վրձինով եւ լեզուական ներդաշնակութեամբ, նոր արժանիք բերին մեր գրականութեան:
Կը զգաս, որ այս Մարդը կեանքին մէջէն քալած է իր բաբախուն, ինքնատիպ, զգայուն եւ տաք ու քաղցր խորքով եւ զուարթախոհութեամբ:
Հայ գիրի պայծառ այս մշակը, կրկնութեան գնով կրնանք ըսել, թէ հայ գրականութեան մէջ նոր էջ մը բացաւ իր նորարար տողերով, հանդարտ ու հաճելի խորքով, հարազատ պատկերներով, հասկնալի եւ սրտի մօտիկ բառերով, հեռու սովորական չափանիշներէ, հետաքրքրիր նրբութիւններու ըսելիքներով:
Զահրատ.- հոգիով գերազանցօրէն հայ: Ճարտար գրող եւ նորարար բանաստեղծ.- անկասկած: Երբ զինք կը կարդանք, հոգեկան վայելքի պահեր կ՚ապրինք: Շունչ կայ իր բառերուն եւ տողերուն մէջ: Հանդարտ անկեղծութիւն: Վարպետօրէն հոգեկան գիծեր գծած է, որոնք մեր սիրտն ու ուղեղը տեսակ մը բոյրով կը գրաւեն անմիջապէս: Ան անկասկած այն քիչերէն է, որ շատ համարձակ իր բանաստեղծութիւնը խառնած է իրականութեան:
Ու ջերմապէս կը գնահատենք:
Մեծ բանաստեղծ մը, որ տասնամեակներու երկայնքին շարունակ զգալի դարձուցած էր իր ներկայութիւնը գրական հրապարակին վրայ իր յաջորդական ստեղծագործութիւններով: Իր ուսանելի դիտարկումներով:
Պէտք է յիշել, որ ոեւէ գրագէտի կամ բանաստեղծի կեանքին ծանօթանալու համար պայման է նախ կարդալ, մօտէն ծանօթանալ անոր գործերուն: Նման մարդիկ կեանք չունին. իրենց կեանքը, իրենց գրիչէն հոսող եւ բխող աղաղակներն են, որոնք համ եւ հոտ ունին եւ որոնք միաժամանակ կը դառնան իրենց կեանքի հայելին:
Հաւանաբար շատեր անծանօթի պէս իրեն կը նային: Բայց մէյ մը որ մօտենան, հետաքրքրութիւնը կը սկսի ուղեւորի մը նման սրտին մէջ:
Ուրեմն՝ ընթերցել Զահրատը: Որովհետեւ ան բոլորիս համար է եւ պիտի մնայ այն հայ մտաւորական-բանաստեղծը, որ մասնակից եղած էր Պոլսոյ գրական-մշակութային եռուզեռին, իր սրտէն փրթած անկեղծ խօսքերով եւ գաղափարներով եւ ստեղծագործ մտքի գրիչով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ