ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՐՀԵՍՏԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

Արուեստագործութիւնը կարեւոր մաս կը կազմէ լիբանանեան պատմութեան ու ինքնութեան, որ օգնած է ձեւաւորելու շատ մը գիւղերու եւ քաղաքներու կառուցուածքը ու օժանդակած՝ ապրուստ հայթայթելու անհատներու եւ ընտանիքներու: Հակառակ իր տնտեսական եւ ընկերային դերին, երկրի զարգացման մէջ, այս հատուածը անհոգութեան կ՚ենթարկուի հանրային հաստատութիւններու կողմէ եւ աջակցութեան պակասը կը նշմարուի իր զարգացման համար: Արդիւնքը, այն է, թէ ձեռարուեստը հետզհետէ կ՚անհետանայ վտանգելով երկրին մշակութային ժառանգը:

Հասկնալու համար այս բոլոր մարտահրաւէրները, ինչ որ ձեռարուեստի արհեստագործները կը դիմագրաւեն, «ՆԱՀՆՈՒ», ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը, «Պատկեր», հասոյթ չհետապնդող միութեան հետ գործակցաբար, կարեւոր միջոցառում մը ներկայացուցին Հայոց Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան - Եռագոյն» սրահին մէջ:

«ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութիւնը ուսումնասիրութիւն մը կազմակերպած է 51 արհեստագործներու մօտ, Պուրճ Համուտի մէջ, գիտնալու համար, թէ անոնք ինչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն եւ այն անպատեհութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին զարգացնելու համար մշակութային ժառանգութիւնը շրջանին մէջ. «Պատկեր» միութիւնը Արփի Մանկասարեանի առաջնորդութեամբ՝ տրամադրեց արժէքաւոր տեղեկութիւններ շրջանի պատմութեան ու արհեստագիտութեան մասին Պուրճ Համուտի մէջ, ինչպէս նաեւ դիւրացուց շփումը, յառաջ տանելու համար, արհեստագէտներու եւ «ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութեան միջեւ ուսումնասիրութիւնը յաջողցնելու համար:

Այս գործին համար «ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութիւնը 20 երիտասարդ կամաւորներ մարզած էր, որպէսզի իրագործեն ուսումնասիրութիւնը, որ ընդգրկեց Մարաշ թաղը, լայն պողոտան եւ Նապաա շրջանը: Ուսումնասիրութիւնը նկատեց, թէ Պուրճ Համուտի մէջ արհեստագործութեան մարզերը կ՚ընդգրկեն՝ կահագործութիւն, կաշեգործութիւն, դերձակութիւն, ոսկերչութիւն, պրոնզի գործ, երկաթագործութիւն, հիւսուածեղէն եւ ուտեստեղէն: Անոնց արհեստանոցները ընդհանրապէս կը գտնուին ներքոյ թաղերուն մէջ, հաւասար թիւով ուրիշներ կը գտնուին ծայրամասերուն եւ երկրորդական թաղերուն մէջ, իսկ շատ քիչ թիւով արհեստաքննութեան ենթարկուող անձերը ընդհանրապէս տղամարդիկ էին, որոնց տարիքը կէսէն աւելի 50 տարեկանէն վեր էին, իսկ մնացեալը կը տարուբերէր 30-էն 39-ի միջեւ: Ուսումնասիրութիւնը նաեւ բացայայտեց, թէ ձեռարուեստի գիտութիւնը կը փոխանցուի ընտանեկան կապերու միջոցաւ կամ ինքնաշխատութեամբ եւ վարպետներու քով աշկերտութեամբ:

«ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութիւնը հետեւեալ մարտահրաւէրները նշմարեց՝

1) Բարձր մրցակցութիւն դուրսէն ներածուած, աւելի աժան գիներով ապրանքներու տարածումը:

2) Արհեստագործները պէտք է արձանագրուին ճարտարարուեստի նախարարութեան մօտ, որպէսզի կարենան օգտուիլ արտածումներէն:

3) Բարձր տուրքեր կան, հում նիւթերու վրայ պետութեան կողմէ, որ կը պատճառէ ապրանքի սղութիւն:

4) Պետական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքապետութիւններու սահմանափակ դերը:

Վերջապէս «ՆԱՀՆՈՒ» կազմակերպութեան ուսումնասիրութիւնը հետեւեալ յանձնարարութիւնները կ՚առաջադրէ զօրացնելու եւ զարգացնելու համար արուեստագործութիւնը ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

1) Նախարարութիւնները պէտք է ճանչնան արհեստագիտութիւնը իբրեւ Լիբանանի մշակութային ժառանգութիւն եւ իրարու հետ համադրեն իրենց գործունէութիւնը, որպէսզի պաշտպանեն եւ տարածեն արհեստագիտութիւնը:

2) Օրէնք մը մշակուի, որպէսզի զարգացնէ այս արհեստներու արտադրութիւնը:

3) Արձանագրել բոլոր արհեստագէտները Լիբանանի տարածքին (քարտէսագրել):

4) Աջակցիլ արհեստագէտներուն, որպէսզի “Made in Lebanon” գրութիւնը կարենան զետեղել իրենց ապրանքներուն վրայ՝ արտածելու համար դէպի միջազգային շուկաներ:

5) Հաստատել եւ օժանդակել բանալու դպրոցներ, ուր արհեստագիտութիւն կը դասաւանդուի նոր սերունդին:

6) Դրամական եւ տնտեսական օգնութիւն հայթայթել նոր արհեստագիտական հաստատութիւններ ստեղծելու համար:

ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երեքշաբթի, Փետրուար 11, 2020