ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ան, որ Հայրը սրբեց եւ ղրկեց» (տե՛ս Յհ 10.36):

Մեկնութիւն. մի՛ մտածեր թէ Բանին բնութիւնը սրբութեան կարօտ է, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ [Նանա]:

Եւ մի՛ մտածեր ալ, թէ մարմինը երկինքէն բերած է. նախ՝ որովհետեւ եթէ երկինքէն էր, Դաւիթի եւ Աբրահամի Որդի չէր ըլլար:

Երկրորդ՝ եւ Ան մարդոց փրկութիւն չէր ըլլար, այլ՝ չորսով է իմացումը. նախ՝ Հայրը սրբեց, այսինքն՝ յաւիտեաններէն Որդին ծնելով, Անոր տուաւ Սուրբ ըլլալ: Երկրորդ՝ ըստ մարդկութեան այն ատեն արգանդին մէջ սրբեց, երբ Բանն Աստուածը մարդ եղաւ, մեր բնութիւնը առաւ եւ Իր Աստուածութեան միացուց եւ սուրբերուն սուրբը կազմեց ու մարմինով ղրկեց մարդոց սրբութեան համար: Երրորդ՝ մեզ սրբեց Յորդանանի մկրտութեամբ, քանի որ ջուրը սրբեց եւ Աւազանին սրբութիւնը կանգնեցուց: Չորրորդ՝ մեզ խաչով սրբեց, ըստ այնմ. «Մեր մեղքերը սրբեց եւ Գերագոյն Զօրութեան աջ կողմը նստաւ» (տե՛ս Եբր 1.3): Արդ, առաջին երկուքը ըստ ինքեան Քրիստոսին վայել են, իսկ վերջին երկուքը՝ հասարակ մարդոց, քանի որ մկրտութեամբ սկզբնական մեղքէն սրբեց, իսկ խաչով՝ ճենճերոտ ներգործական զոհերէն: Սկզբնական մեղքը մարմինէն սկսելով հոգիին վրայ կը տարածուի, իսկ ներգործականն ու զոհերունը հոգիէն կը սկսի ու մարմինին վրայ կը տարածուի: Դարձեալ՝ մկրտութեամբ մեղքերէն սրբեց, իսկ խաչով՝ Ադամի դատապարտութենէն. այժմ Պատարագի միջոցով խաչին խորհուրդը ունինք, իսկ գաւազանով՝ մկրտութեան եւ կուսական ծնունդին:

Այստեղ երեք հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. ինչո՞ւ համար Ինքզինք Սուրբ կոչեց:

Պատասխան. երեք պատճառով. նախ՝ հակառակ անոնց, որոնք հայհոյիչ [է] կ՚ըսէին: Ըսաւ, թէ՝ Սո՛ւրբ եմ եւ ո՛չ՝ հայհոյիչ: Երկրորդ՝ քանի որ մարգարէները եւ մանաւանդ Դանիէլ ինն անգամ սուրբերու Սուրբ կը կոչէ[են] զՔրիստոս: Երրորդ՝ որովհետեւ սրբութիւն Իր խօսքերէն ու գործերէն կը ցուցնէ, թէ՝ «ճշմարիտ եմ, որ ըսի թէ Աստուծոյ Որդի եմ, եւ ոչ՝ սուտ»:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար առաքեալ կ՚ըսէ:

Պատասխան. նախ՝ որովհետեւ Իր չնաշխարհիկ ըլլալը կը ցուցնէ: Երկրորդ՝ քանի որ Անոր խօսքը հաւատարիմ էր: Երրորդ՝ Ինքզինք Աստուած ցոյց կու տայ՝ Հօրմէն ղրկուած, ինչպէս Մարգարէն կ՚ըսէ. «Ղրկեց Իր Բանը [Խօսքը] ու բժշկեց զանոնք եւ փրկեց [զանոնք] իրենց ապականութենէն» (Սղ 106.20): Դարձեալ՝ սրբուիլը մարմինին վայել է, իսկ ղրկուիլը՝ Բանին, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ, միասին կը դնէ, որ անբաժանելի միութիւնը կը նշանակէ:

Երրորդ հարցումը այս մասին. ի՞նչ է, որ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Անոնք որոնք կը սրբեն եւ անոնք որոնք կը սրբուին նոյն մէկէն են» (տե՛ս Եբր 2.11):

Պատասխան. նախ՝ որոնք կը սրբեն, այսինքն՝ Քրիստոս, իսկ որոնք կը սրբուին, այսինքն՝ հաւատացեալները նոյն Ադամէն են:

Երկրորդ՝ նոյն մէկ Հօր Աստուծմէ է Քրիստոս բնութեամբ Որդի, իսկ մկրտուածները՝ շնորհքով [որդիներ] կը կոչուին:

Երրորդ՝ մարմնացեալ Բանին մէկ անձէն սրբութիւն եղաւ. նախ՝ մեր գլուխին եւ ապա Անոր անդամներուն: Եւ տես, որովհետեւ սրբութեամբ Քրիստոսի եղբայրներ կը կոչուինք եւ ո՛չ՝ մարմիններու հասարակութեան [համար]:

Խօսք. «Եթէ Ես Իմ Հօրս ուզած գործերը չկատարեմ՝ մի՛ հաւատաք Ինծի» (Յհ 10.37):

Մեկնութիւն. ինչպէս Արիստոտէլը կ՚ըսէ. «Ամէն ինչ յատուկ ներգործութիւն ունի եւ գործէն կը ճանչնանք իրին բնութիւնը, ինչպէս կրակէն յայտնի է, որ կ՚այրէ, իսկ աչքը՝ կը տեսնէ», այդպէս ալ Քրիստոս կը ճանչցուի, թէ Աստուած եւ Աստուծոյ Որդի է, որ Հօր գործը կը ներգործէ, քանի որ ինչպէս որ Հօր եւ մարմնացեալ Որդիին բնութիւնը մէկ է, նոյնպէս ալ մէկ է Հօր եւ Որդիին գործը, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Նոյնիսկ եթէ Ինծի չէք հաւատար, բայց գործերուս հաւատացէք» (Յհ 10.38):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ որովհետեւ տեսնելը աւելի հաստատ է քան՝ լուրը:

Խօսք. «Որպէսզի գիտնաք ու ճանչնաք թէ Հայրը Իմ մէջս է եւ Ես՝ Հօրս մէջ» (Յհ 10.38):

Մեկնութիւն. նախ՝ բնութեան միութեան համար Հայրը Որդիին մէջ է, իսկ Որդին՝ Հօր: Երկրորդ՝ անքակ անձով Հայրը Որդիին մէջ է, իսկ Որդին՝ Հօր, որովհետեւ երեք անձերը իրարմէ անբաժանելի են, ինչպէս խօսքը՝ միտքէն, եւ կեանքը՝ հոգիէն, քանի որ որպէս երեք մարդիկ չեն՝ իրարմէ բաժնուած, որ անհաւատութեամբ, եւ տեղով, եւ սահմանով, եւ ժամանակով, եւ տեսութեամբ, եւ կամքով, եւ ներգործութեամբ բաժան են, իսկ Երրորդութիւնը անձերու յատկութեամբ միայն որոշեալ է, իսկ միւս բոլորով միաւորուած, որպէս մէկ անհատ մարդ եւ մէկ արեգակ:

Իսկ ըսելը` «գիտցէ՛ք եւ ճանչցէ՛ք, թէ մարմինով եւ հոգիով Աստուած եմ», դարձեալ՝ գիտցէ՛ք բնութեանս միութիւնը Հօր Աստուծոյ հետ, ու ճանչցէ՛ք անորոշ անձամբ Հօր Աստուծմէ:

Ապա կը ցուցնէ, թէ ինչպէս խոյս տուաւ հրեաներուն նենգութեան պատճառով, ո՛չ խօսքով եւ ո՛չ ալ գործով հաւատացին, այլ՝ խստասրտութեամբ կը հալածէին, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ուզեցին բռնել Յիսուսը, բայց Անիկա խոյս տուաւ անոնց ձեռքէն» (Յհ 10.39):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ կ՚ուզէին բռնել զԻնք՝ սպաննելու համար, իսկ Ան Իր աստուածային զօրութեամբ խոյս տուաւ անոնցմէ ու անոնց մէջէն ելլելով՝ անտեսանելի կերպով կը հեռանայ: Եւ դարձեալ կ՚ըսէ, թէ անգամ մըն ալ այդպէս ըրած էր, ինչպէս ութերորդ գլուխին մէջ ըսուեցաւ (Յհ 8.59), եւ ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] ընդարձակ կերպով կը մեկնէ:

Ապա կ՚ըսէ, թէ ո՞ւր գնաց.

Խօսք. «Ապա կրկին գնաց Յորդանան գետին դիմացի կողմը» (Յհ 10.40):

Մեկնութիւն. կրկին կ՚ըսէ, որովհետեւ առաջին անգամ այնտեղ մկրտուեցաւ, քանի որ Յովհաննէս այնտեղ եկաւ մկրտելու ու այդտեղ կ՚երթային բոլորը մկրտուելու համար:

Եւ այնտեղ գնաց. նախ՝ որովհետեւ հրեաներու չարութենէն ապահով կը մնար, երկրորդ՝ քանի որ ժողովուրդը, որ այնտեղ կու գար, նախ Յովհաննէսի վկայութիւնը կը յիշէր, թէ «ահաւասիկ Աստուծոյ Գառնուկը» (Յհ 1.29), եւ այլն: Դարձեալ՝ կը յիշէին Հօր վկայութիւնը, թէ՝ «Ատիկա է Իմ սիրելի Որդիս» (Մտ 3.17), ու Քրիստոսի հաւատքին մէջ կը հաստատուէին:

Խօսք. «Յովհաննէս որեւէ հրաշք չգործեց» (Յհ 10.41):

Մեկնութիւն. չորս պատճառով Յովհաննէս հրաշքներ չգործեց. նախ՝ որպէսզի այդպիսով Քրիստոսի մեծութիւնը ցոյց տրուի, ըստ այնմ. «Դո՛ւն Աստուած ես, որ հրաշքներ կը գործես» (Սղ 76.14): Երկրորդ՝ եթէ հրաշք գործած ըլլար, զինք Քրիստոս կը կարծէին, իսկ ատիկա մարդոց համար մոլորութիւն կ՚ըլլար: Երրորդ՝ որպէսզի ցոյց տրուի, թէ [բոլոր] սուրբերուն [յատուկ] չէ հրաշքներ գործել, այլ՝ անոնց որոնց Աստուած շնորհած է: Չորրորդ՝ որովհետեւ ան [Յովհաննէս] Քրիստոսի կարապետն ու վկան էր, եւ ո՛չ թէ՝ սքանչելագործ, քանի որ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է իր գործը կատարել:

Խօսք. «Բայց ինչ որ [Յովհանննէս] ըսաւ այս մարդուն մասին՝ ճիշդ էրե (Յհ 10.42):

Մեկնութիւն. որովհետեւ ասոնք Յովհաննէս խօսքը կատարուած տեսան Քրիստոսի վրայ, որ ըսաւ. «Սա՛ է Աստուծոյ Որդին» (տե՛ս Յհ 1.29), այդ պատճառով շատեր հաւատացին Անոր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 102

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 11, 2021