Սահմանամերձ Հայը
«Այստեղէն կը սկսի Հայաստանը»:
Տքթ. Սուրէն Դանիէլեանն է՝ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի վարիչ-տնօրէնը: Պոլսահայ մանկավարժ եւ «Նոր դպրոց»ի հիմնադիր Յովհաննէս Հինդլեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովին ենք: Գիտաժողովի առաջին օրը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, իսկ երկրորդ օրը շարունակուեցաւ Տաւուշի մարզի Կայան աւանին մէջ, որովհետեւ հոն՝ Կայան աւանին մէջ կանգուն է դպրոց մը՝ Յովհաննէս Հինդլեանի անունով, որ հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը ջամբէ հայ նոր սերունդին, որ, տակաւին, «վըճ-ռած» է մնալ… «սահմանամերձ» այս շրջանը: Եւ այս՝ Ատրպէյճանի սահմանէն միայն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Թէ՛ հայկական դպրոց, թէ՛ Սուրէնին հպարտանքը՝ «Այստեղէն կը սկսի Հայաստանը»:
Եթէ շրջանի բնութեան գեղեցկութիւնը կը զգլխէ ու կ՚անցնի ամէն ուշադրութիւն եւ հիացմունք, բայց կայ նաեւ հոգեկան ազդակը: Իսկ ո՞րն է հոգեկան այդ ազդակը: Որ՝ ոչ միշտ ապահով այս «սահմանամերձ» շրջանին մէջ հայը կը շարունակէ ապրիլ, բայց նաեւ՝ զարգանալ: Աշակերտները, տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը նոյնինքն Կայան աւանի Յովհաննէս Հինդլեան վարժարանին մէջ մեզ դիմաւորեցին: Իսկ դիմաւորե՞լը: Հայկական պար, երգ, հաց ու աղ, եւ տակաւին՝ երիտասարդ աշակերտ աղջիկներու զինուորական տարազով՝ միշտ պատրաստի գիտակցութիւնը: Անդրադարձայ, որ հայկական երգն ու պարը որքա՛ն զօրաւոր են եղեր: Եթէ սրահներու կամ գեղարուեստական յայտագրերու ընթացքին կ՚ունկընդ-րես հայկական երգին եւ կը հաղորդուիս արուեստով, ապա բոլորովին տարբեր կ՚ըլլայ պատկերը, երբ «սահմանամերձ» շրջանին մէջ, առօրեայ իր մտահոգութիւններուն եւ գուցէ վախերուն եւ անապահովութիւններուն ընդմէջէն, կ՚ապրիս այդ երգերուն տուած հոգեկան ուժը: Եւ այդ երգերուն եւ պարերուն ընդմէջէն, նոյնինքն Կայան աւանին մէջ, կը զգաս հայրենի հողին ինքնութիւնը եւ անոր տուած «արժանապատուութիւնը» քեզի՝ իբրեւ հայու: Այդ հողը, որ պէտք է պահուի: Եւ երբ հայ տղաքն ու աղջիկները կ՚երգէին ու կը պարէին, տեսայ, թէ որքա՛ն հաստատ էր իրենց շրթներէն ելած իւրաքանչիւր բառ: Բայց նաեւ՝ որքա՛ն կանգուն էին անոնք իրենց պարերու իւրաքանչիւր շարժումին ընդմէջէն, որովհետեւ անոնք կ՚երգէին ու կը պարէին հողի մը վրայ, որ պահուած է ու տակաւին կը պահպանուի նահատակութեամբ, եւ որուն մէջ խարսխը-ւած է ապրելու ուժը: Այդ օր՝ Մայիս 27-ին, անոնք այդ ուժը բաժնեկցեցան մեզի հետ:
«Կայան աւանը ինծի համար յաւերժութիւն է»: Լենա Վարդանեանն է՝ Յովհաննէս Հինդլեան վարժարանի տնօրէնը: «Առանց այս վայրին՝ չեմ կրնար ապրիլ»: Լենային համար իր ամբողջ էութիւնը ապրող կեանքի մը մէջ է: Հայ կնոջ ամուր կերպար՝ տոկուն նկարագիրով եւ ազգային անշեղ ինքնութեամբ, որ հայ նոր սերունդին կրթութիւն կը ջամբէ: Ան յուսահատիլ չճանչցող հայ մանկավարժ-մայրն է, ու տակաւի՛ն՝ մեծմայր, որ Կայան աւանին մէջ ինքզինք միշտ «յաղթական» կը զգայ: «Չենք վախնար, այնքան ատեն որ կ՚ուզենք ապրիլ»: Եւ Լենային համար «յաղթանակ»ի լաւագոյն միջոցը «ապրելուն» մէջ է:
Այս ապրող կեանքն է, որ տեսայ Կայան աւանին մէջ: Սահմանամերձ գիւղը:
Դպրոցին մանուկները, մեր գիտաժողովի երկրորդ օրուան աշխատանքներէն առաջ, կատարեցին ներկայացում մը: Իսկ ներկայացո՞ւմը՝ «Լոյս, սէր եւ կեանք»: Անոնք երգեցին եւ վկայեցին կեանք մը, որուն հիմքերը լոյսն ու սէրն են: Եւ այս արժանիքներով կեանք մըն է, որ անոնք վճռած են ապրիլ, բայց նաեւ վճռած են յաղթել:
Դասախօսութիւններէն ետք քիչ մը քալելով հասայ «խրամատը». հոն, ուր սահման էր եւ կարելի չէր աւելի առջեւ երթալ: Եւ այդ խրամատին մօտ կային ապրող վկայութիւններ: Հոն էր նահատակ քաջամարտիկ Գէորգին յուշարձանը: Ու տակաւին՝ հոն էր նաեւ կիսափլատակ տնակը, որուն մէջ կանգուն կեցած էին Սուսաննան եւ իր զաւակները: Բոլորն ալ տակաւին կ՚ապրին Կայան աւանին մէջ: Եթէ չկան բնակութեան յարմարաւէտ ու բարւոք պայմաններ, բայց կայ ապրելու հոգին: Այն հոգին, որ խառնուած է այդ «խրամատ»ին մէջ: Եւ եթէ հայու այս հոգին «խրամատ»ին կու տայ ուժ՝ պահելու եւ պահպանելու համար զայն, բայց նաեւ անկէ կ՚առնէ կեանքը ապրելու տեսլականը: Երեւի ա՞յս ալ հայուն «իւրայատկութիւններէն» է: Եւ ինչպէս որ օտար լրագրող մը անցեալ Ապրիլի Ղարաբաղի պատերազմը եւ անոր ընդհանուր մթնոլորտը նկարագրելով՝ ըսած էր. «Տարօրինակ է հայը: Խաղաղ օրերուն կը ձգէ իր հայրենիքը, բայց պատերազմի ու ճգնաժամի ատեն կը վերադառնայ ու կը համախմբուի անոր շուրջ»: Երեւի մեր պատմութի՞ւնն է, եւ այդ պատմութեան ստեղծած հոլովոյթնե՞րը, որոնք հայը վերածած են «ճգնաժամի» ժողովուրդի մը:
Կայան աւանէն դուրս եկանք եւ հասանք Իջեւան: Ճաշարանի մը մէջ մեզի պատրաստած էին ընթրիք: Արմէն Կիրակոսեանը մեր սեղանին սպասարկողն էր: Երիտասարդ հայ մը, որ կ՚ապրի Իջեւանի մէջ: Ճաշի մատակարարումէն ետք Արմէնը արտասանեց Սիամանթոյի «Զաւակը»: Եւ բանաստեղծին հոգին ու միտքը որքան դիպուկ էին այդ մթնոլորտին հետ: Եւ «Զաւակը»: Հայրը գիշերով իր զաւակը կը հասցնէ Միջերկրականի ափերը՝ մաքառելով ահաւոր ալիքներուն դէմ, փրկելով միակ «յոյսը աւերուած իր գիւղին»: Եւ եթէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը մինչեւ այսօր լեցուն է «ալիքներով», սակայն ուրիշ ելք չկայ, բացի «մաքառելէ» անոնց դէմ… Դժուար թէ այլընտրանք մը ըլլայ, հայը պիտի պահէ իր միակ «յոյսը»՝ հայրենի հողը: Եւ Կայան աւանը եւ անոր «խրամատ»ին կողքին ապրող «սահմանամերձ հայը» ցոյց տուին կեանքը ապրելու եւ շարունակելու այս վճռակամութիւնը: Թէ՝ կարելի է ապրիլ եւ պահել մեր միակ «յոյսը», որքան ալ ատիկա դժուար ըլլայ:
Կայան աւան: «Սահմանամերձ հայը»: Խրամատին ընդմէջէն կեանքը պահելու եւ ապրելու մարտահրաւէրը:
Եւ դարձեալ՝ Սիամանթոն եւ իր «Զաւակը»:
Բանաստեղծը հայ ժողովուրդին հարստութիւնը տեսաւ ազգապահպանումի եւ սերունդներու շարունակականութեան մէջ: Եւ հայը, «սահմանամերձ» թէ այլ, պիտի պահէ այս «հարստութիւնը»: Ազգապահպանումի եւ սերունդներու շարունակականութեան, իմա՝ հայուն հարստութեան ամուր գրաւականը հայրենի հողն է:
Կայան աւան: «Սահմանամերձ հայը»: Ան՝ հայը, վճռած է պահել իր հայրենի հողը: Իր՝ հայուն հարստութիւնը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024