ՀՆԱՐՈՂԸ ԵՒ ՄՇԱԿՈՂՆԵՐԸ
2005-ը սկսաւ «Հայ գիրերու գիւտին 1600-ամեակ»ի տօնակատարութեան յատուկ պատրաստութիւններով։ Անտարակոյս Հայ գիրերու գիւտը ամենէն կարեւոր իրողութիւններէն մէկն է Հայ ընկերային եւ հասարակական կեանքին։ Լեզու, գիր եւ անշուշտ մշակոյթ հիմերն են եւ էական տարրերը ժողովուրդի մը բարոյական-մտաւորական գոյութեան եւ շարունակականութեան։
Անշուշտ այս իմաստով շատ բան կը պարտի Հայ ժողովուրդը իր սեփական գիրերը հնարողին՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր անմիջական գործակիցներուն։ Սրբազան գործ մըն էր Հայ գիրերու գիւտը, որ յաջորդաբար սերունդներ՝ թարգմանիչներ՝ մատենագիրներ, քերթողներ եւ կրթական մշակներ մշակեցին՝ զարգացուցին։
1600 տարի, ուրիշ խօսքով 16 դար նուիրուեցան, անձնուիրաբար ծառայեցին լեզուին, գիրին եւ մշակոյթին, միշտ վեր բռնելով անոնց արժանիքն ու արժէքը, միշտ պահելով անոնց վեհութիւնը եւ կենսական դերը ժողովուրդին մէջ։
Եւ ահաւասիկ 110 տարիներէ՝ աւելի քան դարէ մը ի վեր այս պատուական եւ ընտիր հոյլին մաս կը կազմէ նաեւ Էսաեան վարժարանը իր ամբողջ կազմով, բովանդակ նուիրուած կազմերով։
Այսօր Էսաեան վարժարանը 1600 տարուան անգին ժառանգի մը՝ Հայ գիրին արդար եւ հարազատ ժառանգորդներէն մէկն է, որ իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ այս թանկագին եւ անփոխարինելի ժառանգին մշակումին, ա՛լ աւելի զարգացման, գոյապահպանման եւ տեւականացման, յաջորդ սերունդներու փոխանցման սրբազան եւ նուիրական գործին մէջ։
Հայ գիրերու գիւտին 1600 տարիներու յաջորդականութեանը մէջ Էսաեան վարժարանի 110 տարիները իրենց անուրանալի արժէքովը, դիրքովը պատմութեան մէջ իր արդար տեղը գրաւած է եւ պիտի շարունակէ իր դերը հաւատարմութեամբ կատարել իր պատրաստակամ եւ հաստատ կեցուածքով եւ ինքավստահ ընթացքով։
Չմոռնանք, որ տունկ մը տնկողին չափ յարգի է եւ նուիրական տունկը խնամողը եւ մշակողը։
ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
2005