ԻՍՐԱՅԷԼ-ԼԻԲԱՆԱՆ ՃԱԿԱՏԸ ԱՐԴԵՕՔ ԿԸ ՊԱՅԹԻ՞
Ինչո՞ւ Իսրայէլ պատերազմ չի յայտարարեր Լիբանանի դէմ։ Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր կը շարունակուի Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը։ Իրավիճակը մարդկային տեսակէտէ կը մնայ ահաւոր եւ զոհերու ու վիրաւորներու թիւերը կը շարունակեն աճիլ։
Իսրայէլի հիմնական նպատակն է Կազզէն մաքրազտել «Համաս»էն, որովհետեւ ըստ Իսրայէլի եւ անոր դաշնակիցներուն՝ այդ կազմակերպութիւնը կը կանգնի ո՛չ միայն անցեալ հոկտեմբերին սկսած պատերազմի ետին, այլեւ տարածաշրջանի քաղաքական լուծումներուն դէմ հանդէս եկած եւ իր վրայ «ահաբեկիչ» պիտակը վերցուցած խմբաւորում մըն է։ Անշուշտ, կարելի չէ բացայայտել Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան ներկայ փուլի ամբողջական հիմնադրոյթները, որոնք ունին երկար նախապատմութիւն։ Պէտք է հասկնալ ստեղծուած կացութիւնը, ներկայացնել ճիշդ գնահատականներ, նաեւ նիւթի առանցքներուն շուրջ հիմնարար տեղ մը պահել հայկական բաղկացուցիչին։ Անշուշտ, պէտք է հաշուի առնել այն հանգամանքը, որ կը խօսի Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներու նօսրացման փաստին մասին։ Այդ նօսրացման հիմնական պատճառն է Արաբ-Իսրայէլ ու Պաղեստին-Իսրայէլ արիւնալի հակամարտութիւնը։
Ուշադրութեան առանցքը դարձած է նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային լարուածութիւնը։ Պատերազմի վերաբերեալ դիտարկումներով հանդէս եկած բազմաթիւ վերլուծաբաններ հասած են այն եզրակացութեան, թէ մասնաւորապէս այս փուլին անսպասելի է Լիբանան-Իսրայէլ պատերազմի ծագիլը: Այդ առումով թուարկուած պատճառները բազմաթիւ են, բայց եւ այնպէս, պատերազմի տարածուիլը անմիջականօրէն կապուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններուն, նաեւ տարածաշրջանի կարեւորագոյն դերակատարներու դիրքորոշումներուն հետ։ Ու այստեղ երեւելի կը դառնայ, որ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը ինչպիսի՛ մեծ դերաբաշխում կը կատարեն՝ մէկ կողմէ զսպելու համար «Հիզպուլլահ»ը, իսկ միւս կողմէ Իսրայէլին բացատրելու, որ այս պատերազմը պէտք չէ դուրս գայ Կազզէի սահմաններէն։
Այստեղ, անշուշտ, չենք խօսիր այն վտանգներուն մասին, որոնք երեւելի կրնան դառնալ, եթէ բռնկի Իսրայէլի հիւսիսային սահմանը։ Պէտք է նշել այն կարեւոր փաստը, որուն հիմքով հնարաւոր կը դառնայ ամէն գնով պահպանել Իսրայէլ-«Համաս» հակամարտութեան ընդհանուր իրադրութիւնը։
Այս կէտին, անշուշտ, կը ծագի կարեւոր հարցում մը. եթէ այսքան կրակ կը բացուի Լիբանանէն եւ Իսրայէլ կը հակազդէ անոնց՝ յաճախ շատ աւելի մեծ հարուածներով, ապա ո՞րն է իսկական գաղտնաբառը, որ սահմանուած խաղը կը պահէ իր ընդհանուր պարունակին մէջ։ Նախքան այդ հարցումին պատասխանելը՝ հարկ է նշել, որ Իսրայէլ միայն մէկ պարագայի առկայ խաղը կրնայ տանիլ ամբողջական պատերազմի եւ այդ պահը կը հասուննայ այն ժամանակ, երբ անոր բանակը յայտնուի ամուլ վիճակի մէջ՝ կապուած Կազզէի ցամաքային գործողութեան հետ։ Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր կը շարունակուի այդ ցամաքային գործողութիւնը եւ Իսրայէլի բանակը ունի կորուստներ, բայց իրավիճակը տակաւին վերահսկելի է անոր համար։ Ուրեմն, Լիբանանի սահմանին տեղի ունենալիք որեւէ գործողութիւն պիտի չստանայ մեծ տարողութիւն եւ պիտի չվերածուի մեծ պատերազմի՝ այնքան ատեն, որ Իսրայէլի բանակին տեսակէտէ Կազզէի մէջ իրավիճակը շարունակէ մնալ ընդունելի։
Վերադառնալով Կազզէին ու փաստագրելով, որ այս պատերազմը պիտի շարունակուի տեղական բնոյթով, հարկ է դարձեալ շեշտել, որ ԱՄՆ եւ Իրան հասած են այն համաձայնութեան, թէ անմեղ պաղեստինցիներու արիւնով շաղախուած խաղը պիտի չծաւալի։ Գաղտնի տեղեկութիւններու կամ բանալի լուրերու կարիք չկայ այս վերլուծման հասնելու համար, որովհետեւ երկու կողմերը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր բաւական լուռ բանակցային գործընթացներու մէջ են։ Այդ խօսակցութիւններու հիմնական ապացոյցը (բայց ոչ միակը, անշուշտ) ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի մեծ գումարներու մէկ մասին ազատագրումն էր, որ տեղի ունեցաւ շուրջ ամիս մը առաջ։ Իրան-ԱՄՆ գաղտնի խօսակցութիւնները, անշուշտ, շատ կարեւոր են Լիբանանի հասարակութեան տեսակէտէ, որ վերջին շուրջ տասն օրերուն ամենօրեայ խուճապի մէջ էր՝ պատերազմի մը հաւանականութեան պատճառով: Լիբանանցիներուն համար վախը ո՛չ թէ պատերազմի ահէն է, այլ երկրին վիրաւոր իրավիճակէն։ Այստեղ կը ծագի հարցում մը, թէ տնտեսապէս քայքայուած Լիբանանը ինչպէ՞ս պիտի դիմակայէ Իսրայէլի հաւանական հարուածին։
Այստեղ կայ նաեւ ուղենշային փաստ մը։ «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդին կողմէ յղուած է նշան մը, ըստ որու՝ մեծ պատերազմը, որուն ճամբով իրենք կ՚ուզեն Երուսաղէմը ազատագրել, հիմա չէ։ Տակաւին չէ հասած այդ պատերազմի պահը. Կազզէի պատերազմին զոհերը կ՚իյնան դէպի Երուսաղէմ տեղի ունենալիք մեծ եւ սուրբ պատերազմի ճանապարհին։ Այլ խօսքով՝ այդ պատերազմը հիմա չէ։
Կան խաղի սահմանուած կանոններ. մէյ մը Իսրայէլը կը հարուածէ, մէյ մը «Հիզպուլլահ»ը կը պատասխանէ։ Կ՚իյնան զոհեր հոս ու հոն, սակայն Իսրայէլ կամ Լիբանան չեն մտներ մեծ խաղի մը մէջ, ինչ որ երկու կողմին համար ալ արկածախնդրութիւն պիտի ըլլայ։ Եւ, անշուշտ, այս բոլոր ձեւուած-չափուած կանոնները մշակուած են Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի կողմէ։ Անոնք վճռած են խօսիլ իրարու հետ եւ այս փուլին այդ խօսակցութիւնը կարիք մըն է ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի վարչակազմին համար։ Այնպէս որ, Կազզէի պատերազմին աւարտը սարերու ետին չէ ու այնտեղ եւս կարեւոր փոփոխութիւններու նոր հուն մը կրնայ բացուիլ յառաջիկայ ժամանակներուն։ Ի դէպ, Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գրոհէն ետք (որուն զոհ գացած էին երեք երեխաներ ու անոնց մեծ մայրը) բազում վերլուծաբաններ նշած էին, որ «Հիզպուլլահ»ի հակահարուածը կրնայ դառնալ ճակատագրական։ Այս մասին լուրերը մատնանշեցին նաեւ, որ «Հիզպուլլահ»ը կանգնած է լուրջ դարձակէտի մը առջեւ։ Այլ խօսքով՝ կա՛մ ան հարուածները պիտի ուժեղացնէ ու երկիրը պիտի տանի համընդհանուր պատերազմի եւ կամ այս դաշոյնն ալ կուլ տալով պիտի պահէ Իրանի դիրքը։ Իրան, որ կողմ չէ այս փուլին հակամարտութեան ընդլայնման, կարեւոր սպասումներ ունի ԱՄՆ-ի հետ գաղտնի բանակցութիւններէն ու այս առումով ալ կենսական նեցուկ կը ստանայ Արաբական ծոցի երկիրներէն։
Ի հարկէ, բոլորը կը դատապարտեն Իսրայէլը, բայց, կարծէք, բոլորը կողմ են, որ տարածաշրջանի արեան եւ կորուստներու սեւ լիճին մէջ լողայ ու խեղդուի միայն «Համաս»ը։ Սա, ի հարկէ, մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ Քաթարին, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հրդեհ հրահրելով տեղ մը կը կատարէ երրորդ ուժերու պատուէրները՝ նպատակ ունենալով թուլացնել ԱՄՆ-ի դիրքերը։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ այս բոլորը կը կատարուին ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024