«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ
«Մի՛ ցանկար» (Ելք 20.17)
ԱՍՏՈՒԱԾ այս պատուիրանով ցանկութիւնը արգիլելով՝ կը յայտնէ, թէ մինչեւ ի՞նչ աստիճանի պարտաւոր ենք մեր սիրտը մեր ընկերոջ ունեցուածքներէն հեռացնել: Կը յայտնէ, որ բաւարար չէ միայն չարագործութենէ հեռանալ, ընկերոջ չվնասել, ընկերոջ մասին չչարախօսել, որ միայն պատուիրանները կ՚արգիլեն, այլ՝ պարտաւոր ենք մեր ընկերոջ ունեցուածքին չցանկալ եւ նոյնիսկ մեր միտքին մէջ չմտածենք անոր վնասելու մասին: Աստուած այս պատուիրանով կը յայտնէ, թէ մինչեւ ի՞նչ աստիճանի Իր օրէնքը կատարելութիւն ունի, որ ո՛չ միայն մեր կեանքին եւ արտաքին գործերու ուղղութեան կանոնն է, այլ՝ մեր ներքին մարդուն, մեր սիրտի զգացումին, մեր կամքի շարժումին եւ մեր միտքի խորհուրդին, որով մարդկային օրէնքներէն կը տարբերի, որոնք մեր արտաքին գործերուն միայն կը վերաբերին եւ այն իրողութիւններուն, որ մարդիկ կրնան տեսնել եւ իմանալ, առանց սիրտի զգացուղութեան ուղղութիւն տալու: Աստուած, որ կը ճանչնայ մեր հոգին, Ի՛նք միայն կրնայ մեր հոգին դատել ու ուղղել. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են» (Առ 4.23): Տասերորդ պատուիրանի վսեմութիւնը աւելի պարզ կ՚երեւի Աւետարանին մէջ, որ մեզ սուրբ եւ հաստատ առաքինութեամբ կ՚ոգեւորէ, Երկինքի Արքայութիւնը կը խոստանայ այն մարդոց, որոնք սիրտով սուրբ են. «Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մտ 5.8): Ընկերոջ ունեցուածքին ցանկալը չէ միայն, որ արգիլուած է, այլ՝ արգիլուած է ամէն ցանկութիւն եւ ամէն մտածմունք, որոնք հակառակ են Աստուծոյ որեւէ պատուիրանին: Որովհետեւ, զԱստուած ճանչնալով մեր սիրտն ու միտքը կը պահանջեն մեզմէ հոգիի ներքին հնազանդութիւն, այսինքն՝ մեր կամքը համաձայնեցնել Ի՛ր կամքին հետ եւ մեր միտքը՝ Ի՛ր իմաստութեան հետ: Հետեւաբար, երբ մենք տեղի կու տանք, որ չար ցանկութիւնները տիրեն մեր սիրտին վրայ եւ կը հաւնինք ու կ՚ունականանք նոյն ցանկութիւններուն հետ, Աստուծոյ Օրէնքը կ՚ոտնակոխենք եւ չարութեան աղբիւր կ՚ըլլանք: Այս ընդհանուր ցանկութիւններուն վրայ Յակոբոս առաքեալ խիստ բացայայտ կերպով կը խօսի. «Ապա ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղքին ծնունդ կու տայ, իսկ մեղքը երբ իր լրումին հասնի՝ մահուան պատճառ կ՚ըլլայ» (Յկ 1.15). «Որովհետեւ, մարդուս սիրտէն է, որ կ՚ելլեն չար մտածումներ» (Մտ 15.19): Տասներորդ պատուիրանին մէջ արգիլուած ցանկութիւնը՝ ընկերոջ ունեցածներուն անիրաւ կերպով ցանկալն է: Ընկերոջ ունեցածին ցանկալը եթէ յանցանք համարուած է, պատճառը հետեւեալներն են.
ա) Երբ մեր ընկերը իրաւունք չունի լիովին տալու մեզի՝ ինչ որ ինք ունի:
բ) Երբ մեր ընկերը կամք չունի, որ իր ունեցածը իր ձեռքէն խլուի կամ յափշտակուի:
գ) Երբ օրինաւոր ճանապարհով կարող չենք ձեռք բերել:
Ահաւասիկ ա՛յս պատճառներով մեր ընկերոջ ունեցածին ցանկալը՝ անարդարութիւն է եւ յանցանք:
Ընկերոջ ունեցածին ցանկալը կարծածէն աւելի յանցանք է.
1) Բարեպաշտութեան եւ խոնարհութեան հակառակ է, որ Նախախնամութեան հանդէպ պարտաւոր ենք ունենալ. հակառակ է իրաւունքներուն եւ Աստուծոյ դէմ տրտունջքներ կը բարձրացնէ. հակառակ է երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան ոգին կը թուլցնէ եւ կ՚ոչնչացնէ, որ պարտաւոր ենք ունենաք Աստուծոյ հանդէպ՝ մեր ընդունած բարիքներուն համար:
2) Մարդասիրութեան հակառակ է, որ սիրտի ուրախութեամբ կը պահանջէ նայիլ մեր ընկերոջ բախտաւորութեան վրայ, անոր երջանկութեան մասնակցիլ, անոր ուրախութեամբ ուրախանալ:
3) Արդարութեան հակառակ է, որ կ՚արգիլէ ցանկալ ամէն բանի, ինչ որ կարող չենք օրինաւոր ճանապարհով ստանալ. կ՚արգիլէ իւրաքանչիւր մտածմունք, որով կը ձգտինք մեր ընկերոջ ունեցուածքը մեզի իւրացնելու:
4) Հասարակաց երջանկութեան հակառակ է, որովհետեւ մեծամեծ անկարգութիւններու պատճառ կը դառնայ եւ աղմուկ, կռիւ, շփոթութիւն եւ ամէն տեսակի անիրաւութիւն կը ծնի: «Ուրկէ՞ յառաջ կու գան ձեր հակամարտութիւններն ու կռիւները. արդեօք ձեր ցանկութիւններէն չէ՞, որոնք ձեր մարմինին մէջ կռիւ կը մղեն: Շատ մը բաներու կը ցանկաք, բայց չէք կրնար ունենալ, ուստի կը սպաննէք: Կը նախանձիք, բայց չէք կրնար ձեռք անցընել, եւ ահա կը կռուիք ու կը պայքարիք: Ձեր ուզածը չէք ունենար, որովհետեւ Աստուծմէ չէք խնդրեր» (Յկ 4.1-2): Ընկերոջ ունեցածին ցանկալու զարհուրելի օրինակը կը տեսնենք Դաւիթ մարգարէի արարքներուն մէջ, որ Ուրիա Քետացին սպաննել կու տայ, անոր կինը յափշտակելու համար, սակայն ետքը կը ստիպուի դառն արտասուքներով եւ հեծեծանքներով իր յանցանքը ապաշխարել:
Չար ցանկութեան հետ երկու կիրք կապուած է՝ ոխ եւ նախանձ, որոնք կը նեղեն մարդը, երբ կը տեսնէ ուրիշներուն արտօնութիւնը, որմէ ինք զրկուած է: Ան կ՚ուրախանայ ուրիշներուն հանդիպած վնասին վրայ, եւ այս կիրքն է, որով սէրը ի սպառ բնաջինջ կ՚ըլլայ: Այս կիրքն է, որ մեզ ամէն տեսակի չարագործութեան կ՚ընտելացնէ: Այս կիրքով Կայէնը իր արդար եւ հարազատ եղբայրը՝ Աբէլը կը սպաննէ: Այս կիրքով Յակոբին որդիները իրենց անմեղ եղբայրը՝ Յովսէփը կը վաճառեն եւ Սաւուղը Դաւիթին դէմ կը զինուի: Այս կիրքն է, որ անմեղ Դանիէլին առիւծներուն գուբը կը ձգէ եւ մեր Փրկիչին խաչ կը հանէ, եւ այլն: Եթէ նախանձոտը ամէն ժամանակ այս տեսակ չարիք չի գործեր, պատճառը այն է, որ կա՛մ կարողութիւն չունի եւ կամ համարձակութիւն: Սակայն, նախանձը միշտ կը մաշէ նախանձոտին սիրտը եւ կը կրծէ անոր հոգեկան կենդանութիւնը: Նախանձոտը նոյնիսկ մեր Պարգեւատու Արարիչին դէմ կ՚ապստամբի: Ան նախանձոտին սիրտը նեղութեամբ եւ դառնութեամբ կը լեցնէ: Ան՝ Սողոմոնի ըսածին նման՝ ոսկորներուն փտտութիւն է (Առ 14.30): Նախանձը ամէն կերպով ամօթալի է, որովհետեւ իր առջեւ ո՛չ լաւութիւն ունի, ո՛չ ալ ինքն իր նկատմամբ ձգտողութիւն: Ան միայն չարութիւն կը խնդրէ եւ չարութիւն կը գտնէ ու բոլորովին սատանայական է, եւ այս սատանայական նախանձով էր, որ մահը աշխարհ մտաւ: Ի վերջոյ, նախանձը այնպիսի մեծ յանցանք է, որ խիստ մեծ դժուարութեամբ կ՚ուղղուի: Որովհետեւ բազմաթիւ մարդիկ նախանձը լոկ թուլութիւն կը համարեն, որպէս թէ հետեւանք չունի, կա՛մ չեն խոստովանիր իբրեւ պակասութիւն եւ կա՛մ չեն կարողանար սանձել. «Չըլլանք սնապարծ, չգրգռենք իրար, չնախանձինք իրարու» (Գղ 5.26): Նախանձոտը կը նեղուի եւ կը տագնապի նաեւ այն ատեն, երբ կը տեսնէ, որ ուրիշները եւս ունին եւ կը վայելեն իր ունեցած արտօնութիւնը: Այսպէս, եբրայեցիները կը նախանձէին, երբ կը տեսնէին, որ Աստուած յայտնուած է հեթանոսներուն եւ Աւետարանը անոնց մէջ եւս կը քարոզուի: Նախանձը հակառակ է սիրոյ եւ հակառակ է արդարութեան. սակայն, մարդասէրը միշտ Մովսէս մարգարէի օրինակին կը հետեւի, որ կը փափաքէր, որպէսզի բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները Մարգարէ ըլլային. «Երանի՜ թէ Տիրոջ բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային» (Թւ 11.29): Նախանձին աղբիւրը հպարտութիւնն ու չափազանց անձնասիրութիւնն է, որ կը թուլցնէ եւ երբեմն ալ ի սպառ կը խեղդէ բնական զգացողութիւնները եւ դէպի մեծամեծ յանցանքներ կ՚առաջնորդէ: Ո՞վ կրնայ նախանձին դիմադրել, կ՚ըսէ Սողոմոն իմատունը. «Նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ» (Առ 27.4):
Տասներորդ պատուիրանով արգիլուած նախանձի կիրքը մեզմէ հեռացնելու համար, պարտաւոր ենք.
ա) Արթուն ըլլալ, որ չար ցանկութիւններ չյղացուին մեր սիրտին մէջ, իսկ եթէ յղացուած են, ջանալ հեռացնել ու մեր սիրտը հաստատուն եւ բարի բաղձանքներով լեցնելով՝ մեր կամքը միացնել Աստուծոյ կամքին հետ:
բ) Ամէն բանէ հեռանալ, ինչ որ կրնայ մեր մէջ չար ցանկութիւն զարթնեցնել կամ զօրացնել:
գ) Աշխարհի բոլոր արտօնութիւններուն եւ վայելքներուն քրիստոնէական աչքով նայիլ ու ջանալ մեր հոգին դէպի լաւագոյնը, հոգեւոր եւ ամահ բարութիւնը բարձրացնել:
դ) Միշտ առ Աստուած աղօթել, որպէսզի մեզ զերծ պահէ իւրաքանչիւր չար եւ ապօրինի ցանկութիւններէ, Դաւիթ մարգարէին հետ կրկնելով. «Ըրէ՛ այնպէս՝ որ սիրտս պատուիրաններուդ փափաքի, քան անձնական հարստութիւն կուտելու» (Սղ 119.36).«Մաքուր սի՛րտ մը հաստատէ մէջս, ո՜վ Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10):
Տասներորդ պատուիրանը մեզի կը պարտաւորեցնէ, ո՛չ միայն չցանկալ ու չնախանձիլ մեր ընկերոջ ունեցածին վրայ, այլ՝ ընդհակառակը, խնդակցիլ անոր հետ եւ անոր երջանկութիւնը փափաքիլ: Կը պարտաւորեցնէ գոհ ըլլալ Աստուծմէ՝ մեզի պարգեւուած տուրքով, առանց չար աչքով նայելու ուրիշներու ունեցածին, համոզուելով, որ Նախախնամութիւնը մեզմէ աւելի լաւ գիտէ, թէ ի՞նչն է մեզի պատշաճ ու վայելուչ: Ի վերջոյ, կը պարտաւորեցնէ մեր ցանկութիւնը ամփոփել աւելի գովելի, օգտակար եւ արդար բաներու մէջ ու մեր վիճակը ազնիւ ու օրինաւոր ճանապարհով բարւոքել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 22
Վաղարշապատ