ԿՐԱԿԵ՛Լ ԱՆՈՐ ՎՐԱՅ. ԱՆՈՒՆԸ՝ «ՅԵՏՏՕՆԱԿԱՆ ՍԹՐԷՍ» Է

Այս եօթներրորդ տարին է, որ Նոր տարին կը դիմաւորեմ Երեւանի մէջ։

Անցնող տարիներուն միջեւ շատ մեծ տարբերութիւններ չկան, բացի անկէ, որ Ամանորի գիշերը ընթացք առած նախատօնական սթրէսը, նոյն կերպով իր թեւերը պիտի երկարէ եւ տարածուի նոր տարուան առաջին օրերուն վրայ։

Այս տողերը գրողին համար ալ Նոր տարուան տօնը ձեւով մը արժեզրկուած է. պատճառը հօրս՝ Աբրահամ Ղազարեանին մահն էր, որ տեղի կ՚ունենար 30 դեկտեմբեր 2013-ին։ Ճշմարտացի ալ է, որ ոեւէ մէկը ուշ կամ կանուխ ինք եւս պիտի կորսնցնէ իր սիրելիները, բայց ինչ ընել, ամէն մարդու հոգիին վրայ թաջուած վէրք կը մնայ, անոր ծնողին այս երկրային կեանքէն հեռացումը։

Շատերէ լսած եմ, որ շատ աւելի լաւ է, երբ զաւակները, իրենք է, որ իրենց հայրը կամ մայրը պահ կու տան հողին, կը յուղարկաւորեն իրենց սիրելին եւ ճամբայ կը բանան, որ անոր հոգին ճամբորդէ դէպի հեռո՜ւ, յաւիտենութիւն։

Հակառակ պարագան, շատ տխուր եւ ծանր կրնայ նստիլ, մանաւանդ, երբ երկար տարիներ իրենց զաւակները հասցուցած ծնողներ, այս անգամ իրենք ստիպուած կ՚ըլլան «բարի երթ» մաղթելու իրենց զաւակներուն...

Բնական են այս զգացումները, պահու մը, երբ հին տարին ճամբու կը դնենք ու մեր թեւերը լայն կը բանանք ընդունելու համար նոր հասնող տարին։

Տխրութենէն անդին սակայն, սպասելի է նաեւ, որ մեզմէ իւրաքնաչիւրը աւելի խոր հայեացքով մը նայի անցած օրերուն։

Ի՞նչ տուինք, ի՞նչ առինք, ի՞նչ գրեցինք, ինչպէ՞ս խօսեցանք, զո՞վ նեղացուցինք ու ամենագէշը՝ ո՞վ եղաւ այն մարդը, որ թեւաթափ ըրաւ մեզ։

Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ յետտօնական «սթրէս»ը, որ հրէշի նման իր գլուխը կը ցցէ եւ կը փորձէ մեզ խեղդել իր ճահիճներուն մէջ։ Այլ երկիրներու պարագան չեմ գիտեր, սակայն ինծի համար պարզ երեւելի է, որ Հայաստանի յետտօնական «մեծ լռութիւն»ը, անհաշիւ կերուխումի պատճառով ծաւալ առած ծանրութիւնը, ստամոքսներու գերլեցուած ըլլալուն պատճառով մինչեւ մեր կոկորդը հասնող ոգիի պարապութիւնը կը փորձէ մեզ պատէ պատ զարնել...

Պատկերացուցէք, որ այս վիճակը մեզմէ՝ Հայաստան բնակողներէս շատ-շատերը գիտեն, սակայն յայտնի եւ անյայտ պատճառներով անոնք կը գերադասեն լռել եւ ամէն տարուան նման «տապլտկիլ» այդ ոգեղէն տառապանքին մէջ, որուն անունը անշուշտ «յետտօնական սթրէս» է։

ԱՂԱՍԻ ԹԱԴԷՈՍԵԱՆԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Հին տարուան ամբողջ ծանրութիւնը իր ուսերուն «բեռցուցած»՝ «նորին մեծութիւն» յետտօնական սթրէսը իր թեւերը կամաց-կամաց կը պարզէ։ Սթրէսի առաջին նշոյլները «կը ծագին» անշուշտ մեր բոլորին սիրած Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ուր հակառակ իր փարթամ տեսքին, տօնածառն անգամը ձեւով մը «կքած» է ու տեղի տուած՝ օդին մէջ պտոյտ ընող ոգելից ըմպելիներու եւ խորոված մսեղէնի հոտերուն առջեւ։ Մարդիկ գորշ են։ Բան չէ փոխուած անոնց մէջ, սուր հայեացք կը նետեն, սուր հայեացքներով զիրար կը դիմաւորեն եւ սուր հայեացքներով ալ ճամբու կը դնեն։ Անշուշտ, այս բոլորին դէմ պայքարելու յատուկ ձեւեր եւ «դեղամիջոցներ» ալ կան, սակայն կարեւորը մարդուս հոգին է, անոր պարզութիւնը, նորին հետ հաշուի նստելու եւ անկեղծ ու բարի աչքերով աշխարհին նայելու ունակութիւնը։

Ի դէպ այս բոլորին առընթեր դիմատետրի հետաքրքրական գրառում մը կատարած է երեւանցի մարդաբան Աղասի Թադէոսեան, որուն գրառումը կը մէջբերեմ առանց մեկնաբանութեան եւ անշուշտ ամբողջութեամբ։  Թադէոսեան կը գրէ.

«Երէկ, նոր տարուան առաջին օրով, դուրս եկայ Երեւանի կեդրոնին մէջ քիչ մը զբօսնելու։ Տխուր, անհրապոյր, եթէ չըսեմ փնթի ու գորշ տեսք ունէր մեր սիրելի Երեւանի կեդրոնը։ Կը մտածեմ, նոր քաղաքապետ ու նոր իշխանութիւններ ունինք։ Իրենք ալ երիտասարդ մարդիկ են, բայց արդեօք անոնց մէջ չէ՞ եղած ստեղծագործ մէկը, որ մտածէր, թէ այս տարի Նոր տարուան շրջանին քաղաքի կեդրոնին կեանք ու տօնականութիւն պէտք է հաղորդել։ Բան չի փոխուիր, կը հասկնա՞ք։ Բան չի փոխուիր, այնինչ փոփոխութիւնները մարդիկ պէտք է ամէն մանրունքի մէջ տեսնեն։ Տեսնեն, վերաբերմունքի փոփոխութիւն։ Կը խօսինք զբօսաշըր-ջութեան զարգացման մասին։ Փողոցին մէջ իմ հանդիպած խեղճ զբօսաշրջիկները անկապ կը պտըտէին։ Հիւսիսիային պողոտան գեղձիութեան ու ռապիզի մէջ կորսուած էր, ինչպէս միշտ։ Այնինչ լեցուն նոր ու լաւ խումբեր կան։ Կարելի էր երկու տեղ գոնէ որակով փոքրիկ համերգներ ու մշակութային շուրջօրեայ միջոցառումներ կազմակերպել։ Ներգրաւել տարբեր մշակութային կազմակերպութիւններ։ Փոքր պիւտճէ մը անոր յատկացուէր, ընդհանուր առմամբ քաղաքի մի քանի կեդրոնական փողոցներ աշխուժացուէր, առեւտրական-կառոյցներ ներգրաւուէր, երկու փողոցի մէջ գոնէ գինիի հետ կապ-ւած միջոցառումներ ըլլային, երկու փողոցի մէջ ալ՝ այլ տիպի։ Մէկ խօսքով, նոր իշխանութիւններու «երեւակայութիւն»ը չէ աշխատած ու ոչ թէ այն պատճառով, որ չունին, այլ կարծես թէ այն պատճառով, որ պարզապէս մարդոց կեանքը լաւացնելու ուղղութեամբ միտք չ՚աշխատիր։ Տպաւորութիւնը այնպիսին է, որ կառավարութեան ճահելներով իրարու հետ հաւաքուած կուսակցութիւններու մէջ կը տժժան ու այդպէս ճահելավարի անհոգութեան մատնած են մնացած ամէն ինչ։ Լաւ կ՚ըլլար, որ ես սխալ ըլլայի։ Կ՚ուզեմ ըսել, որ Նոր տարին միայն Հրապարակին մէջ կանգնեցուած սուղնոց տօնածառը չէ։ Նոր տարին քաղաքի տօնական մթնոլորտն է, որ այս տարի խայտառակ անշուք էր»։

Ի դէպ այս անշուքութիւնն ու այս «անհիւրընկալութիւն»ը առաջին անգամը չէ, որ կը դրսեւորուէին։ Ու անցնող առնուազն եօթ տարիներու ընթացքին ալ իրավիճակը նոյնն է եղած Երեւանի մէջ։

«ՆԵՐՍ»Ի ԵՒ «ԴՈՒՐՍ»Ի ՏՕՆԵՐԸ

Յետտօնական ամենէն տխուր պատկերը Երեւան քաղաքի «մահաքունի» մէջ մտնելու ընդհանուր պատկերն է։ Յաջորդ օրը՝ 1 յունուարին, երկուքին, երեքին եւ նոյնիսկ չորսին ու հինգին հայոց քաղաքամայրը կը մտնէ «ընդհանուր մահուան» վիճակի մը մէջ։ Բոլոր մարդիկ քունի անցած են, ծանրացած եւ նոյնիսկ յոգնած. փողոցներուն մէջ մարդիկ չկան, բոլոր սրճարանները գոց են, լռութիւն կը տիրէ ամէն տեղ եւ Հանրապետութեան հրապարակին զանգին ձայները լսելի կը դառնան մինչեւ հանդիպակաց փողոցներ։ Զարմանալի չէ անշուշտ, որ մարդիկ յոգնած են, ո՛չ թէ աշխուժօրէն Նոր տարին դիմաւորելէն, ո՛չ ալ երգելէն, այլեւ՝ ուտելէն ու մանաւանդ խմելէն։

Ծանր քայլերով Նոր տարի կը մտնենք ու այս ծանրութիւնը զգալի պիտի դառնայ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Կեանքը դանդաղ է. շատ հաւանաբար մարդիկ դժգոհ են այս դանդաղկոտութենէն, բայց եւ այնպէս կարծես թէ «յանձնուած» են իրողութեան եւ տեղ մը կը հաւատան, որ «այլ ընելիք չունին»։

Հետաքրքրական է նաեւ, որ հակառակ շատ մը տուներու մէջ հնչած երգի եւ տօնախմբութեան շեշտերուն, այդ «ներսի» տօնը կը շարունակէ մնալ փակուած դռներու ետին, յուշելով տեսակ մը «պատեան»ին մէջ փակուելու ու «պատեան»ին մէջ բնակելու երեւոյթին հետ։

Մինչ Երեւանի մէջ Նոր տարին դիմաւորողներս ձանձրոյթի ահագին ժամեր «կը սպառենք», անդին մեր ընկերներէն շատեր Թիֆլիզ եւ Պաթում կը վազեն, այնտեղ նշելու համար իրենց տօնական օրերը։ Անոնք մեզի նման վերջին տարիներուն արդէն իսկ յոգնած են ձանձրոյթէն ու հակառակ հազարումէկ խնդրի, ստիպուած կ՚ըլլան Նոր տարին դիմաւորել Հայաստանի սահմաններէն դուրս։

Այս պատկերներէն դուրս յուսադրիչ է սակայն, որ վերջին երկու-երեք տարիներուն Հայաստանի իշխանութիւնները ի վերջոյ հասկցած են, որ ամէն գնով պէտք է կարճել երկար օրեր Նոր տարին դիմաւորելու շրջանը։ Մինչ մօտիկ անցեալին Հայաստան «մահաքուն»ի մէջ կը մտնէր մինչեւ 13 յունուար, ներկայիս եւ այս տարուան դրութեամբ տօները նշուեցան մինչեւ մեռելոցի օրը, այսինքն յունուարի 7-ը։

Այսքանէն անդին ամենակարեւորը տօնական նոր մօտեցումները կիրարկելն է։ Այսինքն Երեւանը դարձնել իրապէս տօն դիմաւորող քաղաքի, որպէսզի այդ օրերուն Հայաստան գտնուող զբօսաշրջիկները գոհ մնան եւ առնուազն Վրաստան «վազող» մեր հայրենակիցները մտածեն, որ տօնական նոյն հաճոյքը կարելի է ապրիլ իրենց սիրելի եւ հարազատ քաղաքին մէջ։

Վերադառնալով «ներս»ի եւ «դուրս»ի յղացքներուն՝ պարզ է, որ ես նկատի ունիմ մեր հայկական աւանդական մօտեցումներով հայկական օճախներուն մէջ եղած տօնախմբութիւնները հանրայնացնելու մասին։ Օրինակ՝ ինչ բան պիտի խանգարէր մեզ, որ Նոր տարուան գիշերը, կամ յաջորդ օրերուն Երեւանի մէջ տօնական համերգներ ըլլային։ Մարդիկ երգէին, կիսուէին իրենց բառով, խօսքով, երգով եւ ասմունքով։ Պարզ սեղաններ դրուէին, բաժակ մը գինի բարձրացնէին, մարդիկ հաց ու պանիր տային, զիրար լսէին եւ իրարու բարի մաղթանքներ ընէին։ Տխուրն այն է, որ այս տարին ալ այսպէս ձանձրոյթով դիմաւորեցինք… Հակառակ անոր որ Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութեան փափաքը իրականութիւն դարձաւ եւ այս տարի Սերժ Սարգսեան հեռատեսիլէն ամանորեայ ուղերձ մը չարտասանեց, սակայն միեւնոյնն է. նոյն ձանձրոյթը, նոյն «մարշոտքաներ»ը եւ մանաւանդ նոյն «ծուռ երեսներ»ը ամէնուրէք տարածուած էին…

Տխուրն այն էր, որ մայթին վրայ եղող մուրացկաններուն թիւն ալ բազմացած էր… Բայց կը մնայ յոյսը, որ գալ տարին աւելի լաւ տարի մը պիտի ըլլայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 12, 2019