Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ԿԱՄ ԿԱԶԶԷԷՆ ԱՆԴԻՆ...
Պէյրութը օրերս դարձեալ բողոքի նոր ալիքի մը ականատեսը դարձաւ։
Հազարաւոր լիբանանցիներ (որոնց մեծ մասը երկրի բանակի նախկին սպաներ ու զինուորներ են՝ պաշտօնաւարտ կամ հանգստեան կոչուած) յաջողեցան առնուազն երկու ժամուան համար պաշարել երկրի վարչապետարանը, ուր վարչապետ Նաժիպ Միքաթին (հրաժարեալ եւ պաշտօնակատար) նախարարաց խորհուրդի նիստ հրաւիրած էր։
Հրապարակուած տեսանիւթերը կը փաստեն, որ իրապէս «խայտառակ» վիճակ մը ստեղծուած էր մայրաքաղաքին մէջ եւ վիճակը այնքան խոցելի էր, որ օրինապահ մարմինները ստիպուած եղան յատուկ մեքենաներով փոխադրել նախարարները (քվորում ապահովելու համար) եւ հասցնել զանոնք Ռիատ Սոլհի հրապարակին մերձակայ վարչապետարանի շէնք։
Ժամեր տեւած ցոյցը կ՚աւարտէր, բայց եւ այնպէս, եղածը մատնացոյց կ՚ընէր, որ Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական տագնապալի իրականութիւնը նման է լարուած ուժանակի, որ կրնայ որեւէ պահու պայթիլ ստեղծելով աւելի վատթար վիճակ մը անհանգիստ Լիբանանին եւ ամբողջ շրջանին համար։
Բաց աստի, կայ նաեւ Լիբանան (աւելի քան տաս տարիէ ի վեր) ապաստանած սուրիացի փախստականներուն հարցը, որ օր ըստ օրէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ եւ կը սպառնայ բաւական բարդ եւ վտանգաւոր զարգացումներու շղթայի մը, որ կրնայ հասնիլ մինչեւ ներքին-քաղաքացիական բախումներ։ Այստեղ զերծ մնացի «քաղաքացիական պատերազմ» բառը օգտագործելէ, նաեւ անոր համար, որ լիբանանցիք կուշտ են այդ փորձառութենէն ու մանաւանդ այն պատճառով, որ շրջանային խաղացողներ ներկայ փուլին պատրաստ չեն թոյլ տալ նոր տարողունակ պատերազմի մը, երբ տակաւին չէ փակուած Կազզէի արիւնալի խնդիրը, ու անկէ զատ կան, գոյութիւն ալ ունին մի քանի տաք օճախներ, որոնք յարմար կերպով կրնան փոխարինել Լիբանանի մէջ արիւնալի նոր փուլի մը սկիզբը տալու ընտրանքները։
Հիմա հարց պիտի տաք, թէ Լիբանանի մէջ ի վերջոյ ո՞վ պատրաստ է ներկայ փուլին իրարու դէմ կռուելու։ Մեր ընթերցողներն անգամ գիտեն (որոնցմէ շատ շատերը հեռու են լիբանանեան հիմնահարցերէն), որ այսօր Լիբանանի մէջ ռազմական-զինեալ կարողութիւններով գլխաւոր կողմը «Հիզպուլլահ»ն է, որ ներկայ պահուս ալ արիւն-ոսկորով սահմանային բախումներ կ՚ունենայ Իսրայէլի պետական բանակին հետ։
Ու այս կէտին կը ծագի մեծ հարցադրում, որ այս պայմաններուն տակ, որեւէ ուժ պիտի համարձակի զէնք բարձրացնել երկրի շիի բաղկացուցիչին դէմ, որ կարճ խօսքով այս ժամանակներուն կը համարուի ո՛չ միայն լիբանանեան միլիս, այլեւ՝ շրջանային խաղացող։ Յիշեցնելու կարգով հարկ է նշել, որ «Հիզպուլլահ»ը միայն ներքին լիբանանեան շուկայի խաղացող մը չէ եւ այդ մէկը շատ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած ու փաստացի դրոյթ մըն է։
ՍՈՒՐԻԱՑԻ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ
Անշուշտ տնտեսական բարդ դրութեան կողքին Լիբանանի համար աւելի քան մտահոգիչ հարց կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին հետեւանքով հազարաւոր սուրիացիներու Լիբանան հաստատուելու երեւոյթը։ Բառը ի հարկէ (հաստատուիլը) չափազանցութիւն չէ, որովհետեւ Լիբանանի Պեքայի մէջ գտնուող կարգ մը գիւղաքաղաքներու սուրիացիներու թիւը աւելին է, քան բնիկ լիբանանցիներու թիւը։
Երեւոյթը ունի անշուշտ ոչ միայն տնտեսական երեսակ, այլ կը պարունակէ մարդագրական լուրջ վտանգներու շեշտերը, այն իմաստով, որ այս սուրիացիները ոչ միայն լիբանանցիներու ձեռքէն հացը կը գողնան, այլ նաեւ կրնան որոշակի դեր ունենալ երկրի քաղաքական գործընթացներու վրայ ու խորքային կերպով անոնք կրնան օգտագործուիլ շիի «Հիզպուլլահ»ին դէմ դառնալով սիւննի կողմերուն համար ազդեցիկութիւն խոստացող սուր գործիք մը։ Այս ծիրէն ներս այս անգամ լիբանանահայութեան համար եւս սուրիացի փախստականներու հարցը նոյնպէս մտահոգիչ երեւոյթ կը կազմէ, ի մասնաւորի հայաշատ շրջաններու պարագային։ Ճիշդ է, որ լիբանանահայութեան քաղաքական վերնախաւը ընդունած է ճիշդ որոշում մը սուրիացիներու հանդէպ որդեգրելով դրական կեցուածք, բայց այն պատկերը, որուն հասած է Պուրճ Համուտի հայկական շրջանը (յատկապէս անոր ծայրամասերուն օրինակ՝ Նապպա, Սիս եւ Արագած շրջանները) կը բովանդակէ մտահոգութիւն առթող ընդհանուր պատկեր մը։
Ու եթէ նոյնիսկ հայութիւնը կամ շրջանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ բարերար եւ մեղմ վարմունքով մը «ներծծել» սուրիացի փախստականներն ու անոնց բերած խնդիրները, ապա նոյնը չէ պարագան տեղի մանաւանդ քրիստոնեայ խաւերուն, որոնք ի տարբերութիւն հայութեան սուրիացի փախստականներուն մէջ իրական թշնամի մը կը տեսնեն ու յատկապէս այս ժամանականերուն շատ հաւանաբար արտաքին ազդակներու վրայ հիմնուելով՝ կը փորձեն եւ պիտի փորձեն բախումներ հրահրել սուրիացիներուն դէմ։ Այս գործընթացը (սուրիացիներու հանդէպ ատելավառ մօտեցումը) իր գագաթնակէտին հասաւ մասնաւորապէս Կազզէի պատերազմէն առաջ, իսկ այսօր այդ պատերազմի մեղմացումով ատելութիւնը, ըստ երեւոյթին, կրնայ աճիլ եւ դառնալ համալիբանանեան լրջագոյն խնդիր եւ օրակարգ։
Աւարտին եթէ տնտեսական դժուարութիւններուն վրայ կուտակենք սուրիացի փախստականներու խնդիրը, ապա այդ պարագային պիտի ստանանք շատ լուրջ եւ պայթիւնավտանգ բաղադրութիւն, որ յար եւ նման պայթելու պատրաստ վառօդի տակառի մը, որ որեւէ ատեն պատրաստ է պայթելու եւ կրակի տալու ամբողջ Լիբանանը։
Յոյսը, ի հարկէ, վերջինն է մահանում, այսպէս կ՚ըսեն երեւանցիները. «Յոյսը, որ Լիբանանը ապահով կերպով դուրս գայ վերը նշուած մղձաւանջներէն, բայց եւ այնպէս, մտահոգիչը այն է, որ ոէչ արաբական աշխարհը, ոէչ Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր արբանեակ երկիրները եւ ոչ ալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները լրջօրէն մտահոգուած են Լիբանանով, որ յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի բոլորէ տնտեսական համընդահուր փլուզման մը արդէն հինգերրորդ տարին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան