Ի ՅՈՒՇ՝ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ

Կո­րուս­տը մեծ ե­ղաւ բարձ­րա­գոյն ուս­մամբ վկա­յեալ մտա­ւո­րա­կան եւ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ եր­կա­րա­մեայ ծա­ռա­յու­թեամբ գնա­հա­տուած Տքթ. Մեսր­ոպ Ար­քեպ­իսկ­ոպ­ոս Գրիգ­որ­եա­նի (1932-2017) վախ­ճա­նու­մով: Սրբա­զան Հ­­օ­ր ա­նուն­ը սերտ­օր­էն կապ­ուած կ­­ը մնայ Կիլ­իկ­իոյ Կաթ­ող­իկ­ոս­ութ­եան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ մա­նա­ւանդ Վիեն­նա­յի գաղ­ութ­ի կազ­մա­ւոր­ման կ­­են­սա­կան գործ­ին հետ: Մեր ու­սա­նո­ղա­կան տար­ին­եր­ու­ն արդ­էն կը նկատ­է ինք բանաս­ի­րա­կան ուս­մանց հ­­ե­տաքր­քիր, եւ մեր ուս­ուց­իչ Սիմ­ոն Սիմ­ոն­եա­նի լռե­լեայն խնամ­քին են­թա­կայ Գէորգ­ի­ն աշ­խա­տա­սիր­ութ­իւն­ը, մեզմ­է կարգ­ով տար­ի մը բարձր, երբ եր­եկ­ոյ­ի սերտ­ող­ութ­եանց պա­հե­րու­ն ա­ւել­ի եր­կար մնա­ցողն ու նուազ հանգ­իստ փնտռող­ը ինք ե­ղաւ, ինձ հա­մար օր­ի­նա­կել­ի՝ իր սա­կա­ւա­խօս­ութ­եամբն ու ան­տար­բեր՝ ա­ւել­որդ հար­ցա­սիր­ութ­եան նկատ­մամբ, որմ­է մեզմ­է ո­մանք վա­րակ­ուած էին իր աշ­խա­տան­քին ար­գելք ըլ­լա­լու աս­տի­ճան:

Ժպիտ­ը միշտ դէմք­ին, եր­բեմն քրքիջ­ի վե­րա­ծուած, Մեսր­ոպ Սրբա­զա­նի ան­կեղծ բա­րե­կա­մութ­եան կն­­իքն էր, սկսեալ իր ու­սա­նո­ղա­կան շրջան­էն:  Բամ­բա­սել եւ գան­գա­տիլ չէր ու­զե­ր, իր վե­րա­պա­հու­թի­ւնը աչ­քե­րէ­ն յայտ­նի կը դառ­նար, ա­ռանց խօ­սե­լու կը յայտ­նէ­ր իր միտ­քը­: Մինչ­դեռ իր դա­սըն­կե­րնե­րը մար­զա­կան խա­ղե­րո­վ ալ կը զբա­ղէին, Սրբա­զա­նը կը դի­տէ­ր կար­ճ ա­տեն մը գնդա­կին անն­պա­տակ ե­րթն ու դար­ձը, եւ իս­կո­յն կը հե­ռա­նար՝ կամ տպա­րան կը գտնէինք զի­նք եւ կամ իր գրա­սե­ղա­նին վրայ:

Լրջօ­րէ­ն ուս­ման հե­տե­ւո­ղ մը ե­ղաւ, հա­յե­աց­քին ներ­քե­ւ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Մեծ Հայ­րա­պե­տի­ն՝ Գա­րե­գի­ն Ա. Յով­սէ­փե­անց Կա­թո­ղի­կո­սի­ն եւ մեր մա­տե­նագ­րու­թե­ան ե­ւ գ­րա­բա­րի ու­սու­ցի­չ Սի­մո­ն Սի­մո­նե­ա­նին, որ­մէ շատ բան սո­րվե­ցաւ, բո­լո­րէ­ն ա­ւե­լի եւ բո­լո­րէ­ն կա­նուխ: 1953 թուի­ն, Հայ­րա­պե­տի վախ­ճա­նու­մէ­ն տա­րի մը ետք ձեռ­նադ­րուե­ցաւ,  ե­րբ Մես­րո­պ ա­նու­նը ստա­ցաւ ե­ւ այ­դ ա­նունն իսկ նոր ըն­ծայ հո­գե­ւո­րա­կա­նի­ն սր­տին տրո­փումն ու միտ­քի­ն փայլ­քը վե­րա­կեր­տե­ց:

Ի­րա­պէս պատ­մա­կան օ­րե­ր ե­ղան, ե­րբ Ամե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Վազ­գէ­ն Ա. Հայ­րա­պետը 1956 թուականի Փետ­րուա­րին Կի­լի­կե­ան Ա­թոռ ժա­մա­նեց, եր­բ ար­դէ­ն Մես­րո­պն ու Սա­հա­կը եւ ի­րե­նց յա­ջո­րդող ե­րե­ք ա­բե­ղա­նե­րը­, Գէոր­գը­, Ներ­սեհն ու Զա­ւէ­նը ձեռ­նադ­րուած է­ինք ու Հայ­րա­պե­տա­կան բա­ցա­ռի­կ այ­ցե­լու­թեան ա­կա­նա­տես վկա­նե­րը կ՚ըլ­լա­յինք: Պատ­մա­կան ե­րե­ւո­յթը ինք­նին ան­նախն­թաց է­ր, երբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պետ մը ա­ռա­ջի­ն ան­գամն ըլ­լա­լով Կի­լի­կե­ան Ա­թոռ այ­ցի կու գար ու կը բարձ­րա­նար Մայր տա­ճա­րի հայ­րա­պե­տական գա­հը­:

Թա­փօ­րի­ն առ­ջե­ւէ­ն Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի­ն գա­ւա­զա­նը բարձր բռնած կը յա­ռա­ջա­նար Մե­սրո­պ Ա­բե­ղայ Գրի­գո­րե­ա­նը՝ գի­տա­կից մեր պատ­մու­թե­ան ներ­քի­ն ծալ­քե­րուն եւ ա­լե­կո­ծ փո­թո­րի­կնե­րուն, ո­րո­նք կ՚ու­րուագ­ծէին իր զգա­յուն ժպի­տը­: Երբ Հայ­րա­պե­տը գահ կը բարձ­րա­նար, Մես­րո­պ Հայր Սուր­բը իր կող­քի­ն գա­ւա­զա­նը բարձր բռնած կը դառ­նար պատ­մա­կան այդ անկրկ­նե­լի դի­պուա­ծին եր­ջա­նիկ գա­ւա­զա­նա­կի­րը­: Հե­տա­գա­յի­ն նոյն Վազ­գէ­ն Հայ­րա­պետն էր որ զինք պի­տի բարձ­րաց­նէ­ր ե­պի­սկո­պո­սու­թե­ան աս­տի­ճա­նին ու պա­տուէ­ր ար­քու­թե­ան տի­տղո­սո­վ:

Մես­րո­պ Սր­բա­զան ի­սկո­յն կը դառ­նար Վազ­գէ­ն Հայ­րա­պե­տի վստա­հե­լի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէ­ն մին, երբ տա­րի մը ետք հրա­ւէ­ր կը ստա­նար 1957 թուականի Սեպ­տեմ­բե­րի­ն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջմիածին այ­ցի եր­թա­լու յա­տուկ պա­տուէ­րո­վ մը: Կը յի­շե­մ ըն­կե­րա­ցայ ի­րե­ն լեռ­նա­լի­բա­նա­նէ­ն մին­չե­ւ օ­դա­կա­յան ի­բրեւ հպար­տու­թիւն՝ զգա­լով որ մեր դա­սա­կի­ցնե­րէ­ն ա­ռա­ջի­նն էր ա­ն, որ հայ­րա­պե­տա­կան բարձր ու­շադ­րու­թե­ան կ՚ար­ժա­նա­նար: Վե­րա­դար­ձին շնոր­հա­զարդ ժպի­տո­վ կ­՚ը­­սէր, թէ Սուրբ Է­մի­ած­նի մէջ տե­սած է­ր նաե­ւ մե­ծա­նուն բա­նաս­տե­ղծ Ա­ւե­տի­ք Ի­սա­հա­կե­ա­նը, որ կը մա­հա­նար մի քա­նի ա­միս­նե­ր ետք: Տա­րի մը ետք, 1958 թուականին, բախ­տը պի­տի ու­նե­նա­յի ես ալ Ե­թով­պիա­­յէն Մայր Ա­թոռ այ­ցե­լե­լու Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի հրա­ւէ­րի­ն վ­րայ, Հայ­րա­պե­տի ծննդե­ան 50-ա­մե­այ եւ Նո­րի­ն Սր­բու­թե­ան գա­հա­կա­լու­թե­ան ե­րրո­րդ տա­րե­դարձ­նե­րուն ա­ռի­թո­վ, եւ առ այ­սօր կը մնամ միակ հո­գե­ւո­րա­կա­նը, որ ար­տա­սահ­մա­նէ­ն կան­խա­գոյն թուա­կա­նին այ­ցե­լած ը­լլայ Սուրբ Էջ­մի­ա­ծին՝ յա­ջո­րդե­լո­վ Մես­րո­պ Ար­քե­պի­սկո­պո­ս Գ­րի­գո­րե­ա­նին:

Սրբա­զա­նը մնաց մեզի հետ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­մի­ած­նի պատ­նէ­շի­ն վ­րայ ա­նե­րե­ր: Բարձ­րա­գոյ­ն ու­ս­ման հե­տեւ­ե­լու հա­մար Անգ­լիա մեկ­նեց­աւ եւ իր հա­մալ­սա­րա­նա­կան աշ­խա­տան­քին ար­դիւ­նքը քա­ղեց ա­կա­դե­մա­կան դոկ­տոր­ի աս­տի­ճա­նով, երբ նոյն տա­րինե­­րու­ն ես եւս կ՚ու­սա­նէի Լոն­տոն­ի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս: Կը հան­դի­պէի­նք եր­բեմն Լոն­տոն­ի մէջ որ­պէս վա­ղեմ­ի դա­սա­կից­ներ՝ Վահ­րամ Մա­վեա­նի պա­տա­հա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեա­մբ եւս, երբ Մա­վեա­ն կ­՚ու­սա­նէր Պել­ֆաս­տի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:

Մես­րոպ Հայր Սուր­բը պաշ­տօն­ի կո­չու­ե­ցաւ Վիե­ն­նա­յի հայ հա­մայն­քին, ուր աչ­քա­ռու աշ­խա­տանք տա­նե­լով գտաւ բա­րե­րարն ու կա­ռու­ցա­նել տուաւ Ս. Հռիփ­սիմ­է ե­կեղ­ե­ցին­: Եր­կու տա­րի ետք Վիեն­նա Մես­րոպ Ծ. Վար­դա­պե­տին այ­ցե­լու­թեան գա­ցի, ե­կեղ­եց­ւոյ կից իր բնա­կա­րա­նը: Անհա­մար գիր­քե­րով շրջապա­տուած, թէ՛ մտա­ւոր­ա­կա­նի եւ թէ՛ հո­գեւ­որ հո­վիւ­ի պաշ­տօն­նե­րը զիր­ար լրաց­նե­լով­: Միա­սին այ­ցե­լու­թեան գա­ցինք Վիեն­նա­յի Մխի­թա­րեանց վանք, ուր վարկ եւ բա­նա­սէր­ի յա­տու­կ պա­տիւ կը վա­յել­էր: Հայ ե­կեղ­ե­ցա­կան­նե­րու­ս մէջ բա­ցա­ռու­թիւն մը ըլ­լա­լով Մես­րոպ Սրբա­զան գեր­մա­նե­րէն դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դաց տեղ­ւոյն հա­մալ­սա­րա­նին մէջ մին­չեւ վերջ: Մես­րոպ Սրբա­զան կը տի­րա­պե­տէր գեր­մա­նե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րու­ն, ո­րոն­ց շ­նոր­հիւ յա­ճախ ներ­կայ կ՚ըլ­լար միջ­ե­կեղ­ե­ցա­կան ժո­ղով­նե­րու­:

Մինչ կը հո­վու­էի Ֆի­լա­տել­ֆիո­յ հա­մայն­քը, հան­գու­ցեալ Մես­րոպ Սրբա­զան եր­կու ան­գամ Ֆի­լա­տել­ֆիա այ­ցե­լեց գի­տա­ժո­ղով­նե­րու մաս­նա­կից դառ­նա­լու­, մին քա­ղա­քի Փեն­սիլ­վա­նիո­յ հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան կա­ճա­ռի հրա­ւէ­րով­, ուր Եւ­րո­պա­յէն եւ հե­ռա­ւոր եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած հա­յա­գէտ­ներ­ու կար­գին կար նաեւ ինք եւ ես, երբ եր­կու­քս կար­դա­ցինք մեզ­մէ ակն­կա­լու­ած աշ­խա­տան­քը՝ 7-րդ դա­րու հայ պատ­միչ Սե­բէոս Բագ­րա­տուն­եաց Ե­պիս­կո­պո­սի միակ երկ­ին՝ «Պատ­մութ­իւն ի Հե­րակլն» գիր­քի մ­­ա­սին: Երկ­րորդ ան­գամ Սրբա­զա­նը Ֆի­լա­տել­ֆիա ե­կաւ, երբ զինք առ­նե­լով մեկ­նե­ցա­նք Ո­ւա­շինկ­թըն, ուր հրա­ւի­րուած էի օ­րուա­ն Գոնկ­րէ­սի ժ­­ո­ղո­վը ա­ղօթ­քով բա­նա­լու: Զինք ներ­կա­յա­ցուց­ի Ա­տեա­նի chaplain-ին եւ Բաբ­գէն Ե­պիս­կո­պոս Վար­ժա­պե­տեա­նին, որ մայ­րա­քա­ղա­քի Հայ Ե­կե­ղեց­ւո­յ նուի­րակ­ն էր: Ա­պա մաս­նակ­ցե­ցանք Ո­ւա­շինկթ­ը­նի մէ­ջ գու­մա­րուած հա­յա­գի­տակ­ան գի­տա­ժո­ղով­ին: Հոն կար­դա­ցի իմ պատ­րաս­տած աշ­խա­տան­քը՝ 8-րդ դա­րու հայ պատ­միչ Ղ­­ե­ւոն­դ Վարդա­պե­տի եր­կի մա­սին: Ի պա­տիւ Ս­ր­բա­զան Հօր պ­­էտք է ըսեմ­, թէ իմ մ­­էջ զար­գա­ցու­ցա­ծ հայ մա­տե­նագ­րու­թեան հան­դէպ հե­տաքրք­րու­թիւնս, որ հե­տա­գա­յին զիս ա­ռաջ­նոր­դե­ց դոկ­տո­րայ­ի ակ­ա­դե­մա­կան աշ­խա­տան­քին, ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կ­­ը պա­րտիմ Մես­րոպ Ս­ր­բա­զա­նին:

Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Վազ­գէն Հ­­այ­րա­պետ յա­ճախ կա՛մ Մայր Ա­թոռ կը կան­չէր եւ կա՛մ գոր­ծի կը լծէր հան­գու­ցեալ Սրբա­զա­նը որ­պէս Կ­­ա­թո­ղիկ­ո­սակ­ան Պա­տուի­րակ Կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի, ո­րուն վրայ ե­պիս­կո­պո­ս կը ձեռ­նադ­րէր զինք 1986 թուականին: Շու­տով կ­­ը ստ­­ա­նար նաեւ ա­րքե­պիս­կո­պո­սութ­եան տիտ­ղո­սը Վե­հափ­առ Հայ­րա­պե­տէն­: Վեր­ջին ա­նգամ լու­սա­հո­գի Սր­­բա­զա­նին հան­դի­պե­ցայ Սուրբ Էջ­միածն­ի մէջ, ուր մեր պատ­մա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մ­­ա­սին զրոյց ու­նե­ցան­ք այժմ հան­գու­ցեալ Սանտ­րօ Բեհ­բու­դեա­նի ներ­կա­յու­թեան Էջ­միած­նի եւ ա­պա Սե­ւա­նի Վազ­գէ­նեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին մէ­ջ, ուր հ­­րա­ւիրո­ւած էի բա­նա­խօ­սե­լու: Մես­րոպ Սր­­բա­զան չմոռ­ցաւ զիս ներ­կա­յաց­նե­լու որ­պէս «Ազ­գա­պա­տում»ի վեր­ջին հա­տոր­նե­րուն հե­ղի­նա­կը­:

Ան­թի­լիա­սէն մ­­ին­չեւ Ա­նգլիա, Վիեն­նա եւ Սուրբ Էջ­միա­ծին մ­­եր հա­նդի­պում­նե­րը կը մն­­ան յի­շա­տա­կե­լի, եւ իր մա­տե­նա­գի­տա­կան վաս­տա­կը կը փա­յլի որ­պէս վկա­յու­թիւն հ­­ո­գե­ւո­րակ­ա­նի մեր ան­ցեալ սե­րուն­դնե­րուն ի­բրեւ ժա­ռան­գորդ, ինչ­պէս յա­ճախ կը մտա­բե­րեմ ա­նուն­նե­րը Գա­րե­գին Յո­վսէ­փեանց Կա­թո­ղի­կո­սին­, Կա­րա­պետ Եպսկ. Տէր-Մկրտչեա­նին, Մես­րոպ Մա­գիստ­րոս Եպ­իս­կոպ­ոս Մով­սէ­սեան­ին, Գ­­ա­լուստ Տէր-Մկրտչեա­նին եւ այ­լոց, ո­րոնց շ­­ա­ւի­ղէն Մե­սրոպ Ար­քե­պիս­կոպ­ոս Գրի­գո­րեան քա­լեց ու գոր­ծե­ց ան­աղ­մուկ:

Հան­գիստ ի­ր հո­գիին­՝ Մես­րո­պեան Փա­ղան­գին լու­սա­տու հայ­րե­րու շար­քին:

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Կ­­լէյն­տէ­լ

«Պայքար», Պոսթոն

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017