ՀԱՅԵԼԻԻՆ ԴԷՄ
աչքերը կը ժպտին
երբ գեղեցկութիւն մը նշմարեն
կամ
նայուածքին հաճելի թուին
մազին յարդարումը
թարթիչներուն յստակութիւնը
կոպերուն գունեղ փայլքը
հագուածքին ներդաշնակութիւնը
իգականին երեւումը...
կը ժպտի
կե՞ղծ, թէ անկեղծ է ժպիտը
միթէ հայելին արտաքինէն բացին ցոյց կու տա՞յ
բայց ի՞նչ ընել ներքինը
որո՞ւն ի՞նչ
եթէ ներսը մութ ու անդունդ է
եթէ լոյսի նշոյլ մ'՚իսկ չգոյ է
եթէ սիրոյ շողը չի թափանցեր
եթէ գլխագիր «ԵՍ»էն բացին չկայ հոն
եթէ մեղքին առատութենէն նեխած բոյրը կը տարածուի հոնկէ
ուր կը սիրեն անոնք զիրար ու կ՚աճին մութին մէջ
կը մոռցնեն նուիրումը
հաւատքը
բարութիւնը
ներումը
ողորմութիւնը
եւ աչքերը շպարին գեղեցկութենէն շլացած
վերջին նայուածքով մը կը գոհանան
ու առձեռնին զանգին
պչրանքով
քիչ մըն ալ ինքնագովութեամբ
կը պատասխանէ՝
«կու գամ ճաշարան, բայց պահք եմ, ամէն ինչ չեմ կրնար ուտել»
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024