ՓՈՂՈՑԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՎՃՌՈՐՈՇ ԱԶԴԱԿ
Երեւանեան իրադարձութիւնները սպասումներու նոր շրջան մը կը բանան։ Գալիք օրերը բոլոր առումներով բազմաբովանդակ հարցադրումներու պատասխանը պիտի տան։ Երկար ամիսներէ ի վեր բաւական ամլացած Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը ո՛չ միայն զարթնած է, այլեւ զանազան առումներով կը պարզէ ջրբաժանի փուլի մը սկիզբը ըլլալու ամենալուրջ պատկերը։ Ընդդիմութեան շարքերը, որոնք ցարդ բազում առումներով զսպուած տեսք մը ունէին, այսօր գրեթէ թօթափած են ծանրութիւնը եւ իրադարձութիւններուն կը նային բոլորովին նոր դիտանկիւնէ։
Յիշեցման կարգով հարկ է նշել, որ Հայաստանի հասարակութեան համար բաւական երկար ժամանակէ ի վեր իրարու հետ քով-քովի չգալու, աւելի ծաւալուն, աւելի զօրեղ պայքար մը տանելու գլխաւոր արգելքներէն մին էր անուններու պարագային պայքարը։ Այս նիւթը այսօր արդէն բոլորովին այլ շեշտաւորումներով երեւելի կը դառնայ։ Մինչ անցեալ փուլերուն դէպքերու թաւալքին կամ ցոյցերու ուժականութեան վնասած հանգամանքները կը կապուէին նախկին իշխանութիւններու յառաջատար դէմքերու երեւման հանգամանքին, այսօր այդ մէկը արդէն գրեթէ չկայ։
Ու այս փաստը աւելիով հասկնալու համար հարկ է, անշուշտ, հաշուի նստիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հնչած խօսքերուն հետ։ Ան ուղղակիօրէն եւ կրկին անգամ մատնացոյց կ՚ընէր Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը՝ հաւաստիացնելով, թէ Տաւուշէն ընթացք առած ու Երեւան հասած ցոյցերու գործընաթցներուն թիւ մէկ շահառուն է։
Այստեղ կը ծագի հարցում մը. արդեօք իշխանութիւնները իսկապէս մտահո՞գ են, թէ այս ցոյցերը կրնան այնպիսի ծաւալ մը ստանալ, որ կը սկսին իսկապէս ազդել երկրի քաղաքական տինամիքներուն վրայ։ Միւս հաւանականութիւնն է, որ Փաշինեան պարզապէս իր հերթական զգուշացումը լսելի դարձնել կ՚ուզէ ու բոլորը (կամ առաւելաբար իր համարկիրները) կանխազգուշացնել կը ջանայ, թէ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան եւ անոր առաջնորդած շարժումը ընդամէնը «պատճառաբանութիւն» մը կամ գործիք մըն է «նախկիններուն» ձեռքը…
Բարդ է Հայաստանի վիճակը. բարդ է ո՛չ միայն Փաշինեանի անձին ու անոր ձեռնարկած գործերուն կամ աշխատելաոճին դէմ առկայ անվստահութեան պատճառով, այլեւ անոր համար, որ տարածաշրջանային առումով Հայաստան իսկապէս կանգնած է լուրջ հարցումներու, նաեւ սպառնալիքներու կրակակէտին վրայ։
Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր՝ մանաւանդ 2020-ի պատերազմէն վերջ ձեռքը առած է գործընթացները հունաւորելու եւ անոնց նոր շեշտադրումներ վերագրելու նախաձեռնութիւնը։ Պաքու կը շարունակէ իր խաղը, որ բազում առումներով վտանգաւոր եւ սպառնալից օղակներու երկարաւուն ու անվերջանալի թուացող շղթայ մըն է Երեւանի տեսակէտէ։
Ու այստեղ է հիմնական վտանգը, որուն դիմաց վախերու մէջ ինկած է հասարակութիւնը, որ զանազան հարթութիւններու վրայ կ՚ապրի հիմնական բաժանումներով։ Խնդիրը, ուրեմն, միայն ներքին կուտակումներու, ներքին ատելութիւններու, յուսաբեկումներու խնդիր մը չէ, այլեւ անկէ անդին է ու պայմանաւորուած՝ այն ամէն ինչով, որ կը կատարուի տարածաշրջանային մակարդակով։ Սա անկախ է այն հանգամանքէն, թէ տարածաշրջանային այդ տարրալուծարաններուն մէջ Հայաստանի հանրութիւնը կամ Հայաստան պետութիւնը ինչքա՞ն ըսելիք ունին, խօսելիք ի՞նչ ունին ու մանաւանդ՝ ի՞նչ կրնան ընել։
Վերադառնալով ներքին քաղաքական դրոյթին, ապա այս առումով ալ ամենամտահոգիչն է, որ եթէ նոյնիսկ ցոյցի դուրս եկածները հանրութեան կը ներկայանան՝ որպէս կացութեան փրկիչներ, ապա անոնք եւս մինչեւ հիմա լուրջ, հասկնալի, ընկալելի ու մանաւանդ՝ նպատակասլաց ծրագիր մը չեն ներկայացուցած։ Ու այս կէտին վրայ է հիմնական խնդիրը նաեւ այն հանրութեան, որ Փաշինեանի պարագային ունի մեծ վերապահութիւններ, բայց կը մերժէ «մատը մատին թափ տալ» այնքան ժամանակ, որ այդ շարժումի ներքնասենեակներուն մէջ կամ այդ ներքնասենեակներէն յստակութեան նշաններ չեն հասնիր։
Այս բոլորը հաշուի առնելով, նաեւ պահ մը անտեսելով արտաքին այն հանգամանքները, որոնք որեւէ պահ, որեւէ պարագայի ներքեւ եւ որեւէ շահու խաչման հետեւանքով կրնան իրենց ձայնը լսելի դարձնել։ Հարկ է շեշտը դնել երեւոյթի մը վրայ. պէտք է հասկնալ, որ այսօր, ինչպէս անցեալի գրեթէ բոլոր փուլերուն, առաջին ու վերջին խօսքն եւ հիմնադրոյթը կը պատկանի փողոցին։ Ընթացքները կրնայ փոխել փողոցը. փողոցն է, որ կրնայ քաղաքական կամքին նոր եռանդ մը տալ եւ ան է, որ կրնայ Հայաստանի ներքին քաղաքական այս փուլին նոր շունչ մը բերել։
Ճիշդ է, որ այս փուլին ընթացք առած գործընթացներուն մէջ կան բաւական շեշտուած նորութիւններ, որոնց հիմքը կամ «ալֆան ու օմեկան» եկեղեցականի մը՝ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի ղեկավարի դերով ի յայտ եկած ըլլալն է։ Յամենայնդէպս, այդ մէկը այդքան ալ էական չէ, եթէ խորապէս չմտածենք, նաեւ չդիտարկենք, թէ յառաջիկայ օրերուն ովքե՞ր պիտի միանան իրեն, ի՞նչ պահանջներ պիտի հնչեցուին Երեւանի հարթակներէն ու ամենակարւորը՝ ինչքա՞ն հետեւորդներ պիտի կարողանան «վառ պահել» Երեւանի հրապարակները։
Յառաջիկայ իրադարձութիւնները բազում առումներով կարեւոր պիտի ըլլան հասկնալու համար, թէ ի՞նչ հունով պիտի թաւալին ներքին քաղաքական գործընթացները, անշուշտ, եթէ անոնք ունենան բաւարար ներուժ՝ այդ թաւալումները ապահովելու տեսակէտէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան