1 ՅՈՒԼԻՍ «ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՕՐ»Ը. 7.500.000.000-ՐԴ ՄԱՐԴ ԷԱԿԸ ՊԻՏԻ ԾՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻՆ

2045-2050 թուականներուն, եթէ աննախատեսելի որեւէ աղէտ չպատահի եւ մարդկութիւնը շարունակէ իր աճի ներկայ կշռոյթը, մեր երկրագունդի բնակչութեան ընդհանուր համրանքը պիտի անցնի 10 միլիառը։

Այսօր արդէն կ՚ապրինք աւելի քան 7 միլիառ 433 միլիոն մարդ ապրեցնող երկրագունդի մը վրայ, որ կը դիմագրաւէ ոչ միայն մարդկութեան թուական աճը հակակշռելու եւ համահաւասար զարգացում ու բարեկեցութիւն ապահովելու մեծ մարտահրաւէրը, այլեւ՝ երկրագունդը մարդ էակի գործած աւերներուն, ապականումներուն եւ մսխումներուն դէմ պաշտպանելու կենաց-մահու խնդիրը։

Գալիքի բնակչագրական նման աղէտի նախատեսութեամբ՝ Յուլիս 11-ը, ՄԱԿ-ի որոշումով, քսանեօթ տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ «Աշխարհի բնակչութեան օր»ը։

11 Յուլիս 1987-ին, երբ երկրագունդի բնակչութեան թիւը անցաւ 5 միլիառը, աւելի լաւ ու բարօր աշխարհի մը պահանջով թափ առած միջազգային շարժումները սկսան ճնշում բանեցնել ՄԱԿ -ի վրայ, որպէսզի կայացնէ աշխարհի բնակչութեան միջազգային օր մը հաստատելու որոշումը՝ զայն նուիրելով մարդկութեան ժողովրդագրական ապագան բարելաւելու առաջադրանքին։

Երկբեւեռ աշխարհակարգի փլուզման ժամանակաշրջանն էր։ Երկու տարուան ճամբայ կտրած էր Խորհրդային Միութեան «կորպաչեւեան վերակառուցման» յուսահատական փորձը։ Ամբողջ մարդկութիւնը կը տեսնէր ու կը գիտակցէր, որ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը լրիւ սնանկացած էր՝ թէ՛ քաղաքական-գաղափարական, թէ՛ տնտեսական-ընկերային առումներով։ Այսուհանդերձ՝ 1987-ին դեռ ոչ ոք վստահ էր, որ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ համրուող տարիներ միայն մնացած էին «Չարիքի Կայսրութեան» վերջնական փլուզումին համար։

Նախ՝ 1989-ին փուլ պիտի գար - Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհը երկփեղկող - Պերլինի պատը, որուն պիտի հետեւէր, 1991-ի Դեկտեմբերին, Խորհրդային Միութեան պաշտօնական լուծարումը։

1987-ին նոյնպէս տեսանելի էին նախանշանները «ամերիկեան կայսերապաշտութեան» (American Imperialism) ելեւմտական ճգնաժամին, բայց դարձեալ ոչ ոք ստուգապէս կը նախատեսէր, որ տնտեսական-ելեւմտական ինչպիսի՛ ահաւոր անկումի մը նախօրէին կանգնած էր ողջ մարդկութիւնը։

Ահա այդ պայմաններուն մէջ, ի տես արագօրէն աճող աշխարհի բնակչութեան թուաքանակին, յատկապէս անդրադառնալով աշխարհի բնակչութեան մեծ մասին սպառնացող ամէն կարգի առողջապահական եւ տնտեսական մահացու վտանգներուն, համաշխարհային տարողութեամբ թափ առած ընկերային շարժումները արդէն ի վիճակի դարձած էին իրենց օրակարգը պարտադրելու երկրագունդի ճակատագիրը ղեկավարող ուժերուն, որպէսզի այս վերջինները արմատական վերանայման ենթարկեն իրենց եսասիրութիւնը եւ անմարդկային անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը մարդկութեան լքեալ, անսնունդ, վատառողջ եւ մեծաքանակ մահացող մեծամասնութեան նկատմամբ։

Այդ ճնշումները արդիւնաւորուեցան 1989-ին, երբ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի ղեկավար խորհուրդը իր թիւ 89/46 որոշումով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին յանձնարարեց Յուլիս 11-ը հռչակել «Աշխարհի բնակչութեան օր»։
Այդպէս ալ եղաւ՝ 11 Յուլիս 1990-էն սկսեալ։

Այդ որոշումին արդիւնքը անմիջապէս զգալի դարձաւ նախ ժողովրդագրական հարցերուն ստացած առաջնահերթ նշանակութեամբ՝ ամբողջ միջազգային ընտանիքը տագնապեցնող ընկերային ու տնտեսական խնդիրներու օրակարգին վրայ։ Նորածիններու մահացութեան արագընթաց յաղթահարումէն մինչեւ սովահարներու փրկութեան ուղղուած միջազգային օգնութեանց կազմակերպումը, անցնելով կենսոլորտի պաշտպանութենէն եւ յետամնացութեան մատնուած լքեալներուն համար զարգացման հնարաւորութիւններու ապահովումէն, միջազգային հանրութիւնը արագօրէն լծուեցաւ երկրագունդը ամբողջ մարդկութեան համար աւելի բարօր եւ արդար աշխարհի մը վերածելու հաւաքական ճիգին։
Նոյն այդ որոշումին արգասիքը եղաւ Հազարամեակի ծրագրին որդեգրումը, որ ահա երկու տասնամեակէ ի վեր հետեւողականօրէն կ՚աշխատի ի սպաս ոչ միայն երկրագունդի բարիքներուն աւելի արդար վերաբաշխումին, այլեւ մարդկային քաղաքակրթութեան ձեռքբերումները հաւասարապէս բոլորին մատչելի դարձնելու նպատակին։

Կասկածէ վեր է, որ միայն ճամբուն սկզբնաւորութեան կը գտնուի մարդկութիւնը։ Գաղթատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան դարաշրջաններուն պատճառած չարիքները՝ իրաւազրկումները, կեղեքումները, անհաւասարու թիւններն ու անարդարութիւնները այնքան խոր արմատներ նետած են երկրագունդի ողջ տարածքին, որ նոյնիսկ բարեացակամութեան լիարժէք առկայութեան պայմաններուն մէջ, միջազգային ընտանիքը երկար ժամանակի եւ արմատական բարեկարգումներու կարիքը ունի, որպէսզի կարենայ շօշափելի նուաճումներ արձանագրել Աշխարհի բնակչութեան օրուան առաջադրանքները իրականացնելու ճամբուն վրայ։

Այդ առումով պերճախօս է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր օարտուղարին 11 Յուլիս 2011-ի ուղերձը, որ կը խտացնէ ոչ միայն Օրուան խորհուրդը, այլեւ՝ միջազգային ընտանիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Պան Քի-Մունի ատենին պատգամած էր՝
«…Աշխարհի բնակչութեան օրը առիթ մըն է տօնելու մեր հասարակաց մարդկայնութիւնը եւ բազմազանութիւնը։ Նաեւ յիշեցում մըն է մեր ընդհանուր պատասխանատուութեան՝ իրարու հանդէպ եւ մեր մոլորակին նկատմամբ հոգատար ըլլալու։

«…Մեր ուշադրութիւնը միշտ պէտք է կեդրոնանայ մարդոց վրայ։ Աւելի քան երբեք, անհատ մարդիկ այսօր ի վիճակի են տարբերութիւն իրագործելու՝ համացանցի ճամբով իրարու հետ միանալով եւ բարեփոխման համար գործելով։ Այս տարի մենք ականատես եղանք բազում օրինակներու, որոնց ընդմէջէն ի յայտ եկաւ ահագին ուժը ժողովուրդներու, որոնք յուալքութեան փոխարէն ընդգրկեցին յոյսը եւ հետամուտ եղան արդար վերաբերումի արժանանալու իրենց իրաւունքը նուաճելու՝ հոն, ուր խտրականութեան հետեւանքով կը տառապէին, պահանջելով արդարութիւնը՝ ընդդէմ բռնակալութեան։

«Այսօր ժողովուրդներ ոգեւորուած են՝ հասնելու եւ անխոնջ աշխատանքով նուաճելու տիեզերական այն իրաւունքները, որոնցմով կը հպարտանայ ՄԱԿ-ը։

«Երբ կը գործենք ի խնդիր մեր ընդհանուր արժէքներուն՝ սատարած կ՚ըլլանք մեր հաւաքական ապագայի կերտումին։ Աղքատութեան եւ անարդարութեան յաղթահարումը կ՚օգնէ մարդկային անսպառ ներուժի շղթայազերծումին։ Հազարամեակի զարգացման նպատակներուն յառաջ մղումը կը նպաստէ բարեկեցութեան եւ խաղաղութեան ծաղկումին։ Եւ մեր մոլորակի բնապաշտպանութիւնը կ՚ապահովէ այն բնական պաշարները, որոնք կը պահեն մեզ բոլորս։

«Այս տարուան (2011) վերջերուն, եօթը միլիառերորդ մանուկը պիտի ծնի բարդութեան եւ հակասութեան մեր աշխարհին մէջ։ Մենք բաւարար սննդանիւթ ունինք ամէնուն համար, այսուհանդերձ՝ մօտաւորապէս մէկ միլիառ հոգի անօթի կը մնան։ Մենք միջոցները ունինք ջնջելու շատ մը հիւանդութիւններ, այսուհանդերձ՝ անոնք կը շարունակեն տարածում գտնել։ Մենք ունինք պարգեւը հարուստ բնական միջավայրի մը, այսուհանդերձ՝ անիկա ենթակայ կը մնայ ամէնօրեայ յարձակման եւ չարաշահումի։ Խղճի տէր բոլոր մարդիկ կ՚երազեն խաղաղութիւն, այսուհանդերձ՝ աշխարհի շատ մեծ մասը բախումի մէջ է եւ շատ խոր մխրճուած զինարշաւի մէջ։

«Նման տարողութեամբ մարտահրաւէրներու նուաճումը պիտի պահանջէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ գտնուող լաւագոյնը։ Եկէք օգտագործենք այս Աշխարհի բնակչութեան օրը՝ վճռական քայլեր նետելու, որպէսզի աւելի լաւ ապագայ մը կերտենք մեր աշխարհի եօթը միլիառերորդ բնակիչին եւ գալիք սերունդներուն համար։

«Մերօրեայ աշխարհին մէջ կ՚ապրի երիտասարդներու ամենամեծ սերունդը ողջ պատմութեան ընթացքին՝ 1.8 միլիառ երիտասարդներ, որոնց մեծ մասը զարգացող երկիրներու մէջ է եւ կը տիրապետէ մարդկութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու դէմ պայքարին նպաստելու ահռելի ներուժի: Բայց չափազանց մեծաթիւ երիտասարդներ զրկուած են որակեալ կրթութիւն ստանալու, արժանապատիւ աշխատանք գտնելու եւ իրենց հասարակութեանց մէջ քաղաքական կեանքին մասնակցելու իրաւաչափ հնարաւորութիւններէ:

«Բնակչութեան միջազգային օրը հնարաւորութիւն է, որպէսզի վերստանձնենք հասարակութեան մէջ յառաջընթացը խթանելու առումով երիտասարդներուն օգնելու մեր յանձնառութիւնը:

«Գործելու հրամայական կայ: Չափազանց մեծաթիւ երիտասարդներ չունին աղքատութիւնը յաղթահարելու անհրաժեշտ միջոցներ: Յատկապէս անհանգստացած եմ անչափահաս աղջիկներու հաշւոյն, որոնք կը բախին խտրականութեան, սեռային բռնութեան, վաղահաս ամուսնութեան եւ անցանկալի յղութեան խնդիրներուն»:

Աշխարհի բնակչութեան օրը 2017-ին կը նշուի «Ընտանիքի ծրագրում. Ուժ տալ ժողովուրդներուն, զարկ տալ ազգերուն» բնաբանով՝ շեշտելու համար, որ մարդկային հիմնական իրաւանց մաս կը կազմէ «ապահով եւ կամաւոր ընտանիքի ծրագրում» ունենալը։ Ատիկա նաեւ առանցքային նշանակութիւն ունի սեռերու իրաւահաւասարութեան եւ կանանց ուժեղացման համար։ Անիկա նաեւ բանալի գործօն է աղքատութեան նուազեցման մէջ։

Յատկանշականօրէն, 2017-ին Աշխարհի բնակչութեան օրը կը զուգադիպի Լոնտոնի մէջ «Ընտանիքի ծրագրում 2020» գագաթնաժողովի երկրորդ հանդիպման գումարումին։ «Ընտանիքի ծրագրում 2020»ը կ՚առաջադրէ յաւելեալ 120 միլիոն կանանց հաշւոյն միջոցներ հայթայթել, որպէսզի կամաւոր կերպով տիրանան «Ընտանիքի ծրագրում»ով ընծայուող տնտեսական եւ ընկերային զարգացման հնարաւորութիւններուն։

Ի դէպ, մինչ մեր երկրագունդը այս տարեվերջին պիտի ունենայ իր 7.500.000.000-րդ բնակիչ մարդ էակը, աշխարհի տարածքին աւելի քան 214 միլիոն կանայք ի վիճակի չեն ապահով եւ ազդու ընտանեկան ծրագրումով խուսափելու յղութենէ… կրելով առողջապահական ծանրագոյն հետեւանքները։

Առաւելաբար ամենէն աղքատ երկիրներու մէջ բնակող այդ կանայք ո՛չ անհրաժեշտ չափով իրազեկուած են յղութեան կանխարգիլման անվնաս միջոցառումներուն մասին, ոչ ալ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը ստանան իրենց ամուսիններէն կամ ընդհանրապէս իրենց պատկանած հաւաքականութենէն։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017