ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՆԿԱՐԱԳՐԱՅԻՆ «ԹԵՐԱՃՈՒԹԻՒՆ»

Ժպիտը զգացողութեան մը արդիւնքն է եւ փոքրիկ մասնիկ մը դէմքիդ վրայ, որ ո՛չ միայն քեզ գերերջանկութիւն, հոգիիդ խաղաղութիւն կ՚առթէ, այլ քեզմէ դուրս կ՚արտացոլայ ու կը ճառագայթէ՝ շրջապատդ ուրախացնելով եւ հաճելի, սիրալիր մթնոլորտ մը ստեղծելով։ Ժպիտը բազմաթիւ շարժառիթներ ունի, որոնցմէ ամենահեշտը եւ ձեռքբերելին՝ շնորհակալութիւն բառն է։ Շնորհակալութիւնը երախտագիտութեան զուգորդուած գոյական մըն է, զոր համընթաց կը գործէ եւ մարդոց միջեւ անկեղծութեան, վստահութեան ու ներդաշնակութեան «կամուրջը» կը կառուցէ։ Սակայն երբեմն ապերախտութիւն կոչուած ոսոխը այդ սիրազեղ «կամուրջը» կը քանդէ ու բաժան-բաժան կ՚ընէ, որպէսզի «կամուրջը» գոյաւորող նախադրեալները այլեւս չմիաւորուին ու չբազմանան։

Երախտագիտութիւնը միայն քաղաքավարութեան առընչուած կանոններէն չէ, այլ մարդկային փոխադարձ յարաբերութեան գլխաւորագոյն գործառոյթն է, զոր մարդու կեանքը կը գունազարդէ, իր արարքներուն շունչ կու տայ եւ ապա կ՚իմաստաւորէ։ Մինչդեռ ապերախտութիւնը նկարագրային «թերաճութիւն» է, որուն «բնախօսական» եւ «կազմախօսական» գործիքները վաղուց չորցած կ՚ըլլան եւ ինչ-ինչ հիւանդութիւններով վարակուած։ Արտաքուստ աշխարհէն եկող այդ հիւանդութիւնները այնքան ալ մարդու վրայ ազդեցութիւն չեն գործեր, որքան մարդ ի ներքուստ բազմաթիւ մոլութիւններ իր իսկ ձեռքով կ՚աճեցնէ, սակայն ժամանակ մը ետք չի կրնար այդ ախտին հետ գլուխ ելլել եւ դիմադրել։ Ապերախտութիւնը նուաստութեան էութիւնն է, որ քեզ տմարդի գոյակ մը դարձնելով հանդերձ՝ շատերու անարգանք-նայուածքին կ՚արժանացնէ։

Կիկերոն իր «Պարտականութիւններու վերաբերեալ» («On duties») գիրքին մէջ դիտել տուած է, թէ «Երախտագիութիւնը առաքինութեանց թագուհին է։ Չկայ աւելի անփոխարինելի պարտականութիւն մը, քան՝ փոխադարձութեան՝ երախտագիտութեան զգացումը»։ Կիկերոնի ժամանակակից Սենեկան ըսած է. «Այն անձը, որ իրեն կատարուած բարիքը երախտագիտութեամբ կ՚ընդունի, արդէն իսկ իր մասնավճարի առաջին պարտքը վճարած կ՚ըլլայ»։ Ի հակադրում երախտագիտութեան, ապերախտական տրամադրութիւնը մարդու մէջ ծնունդ կ՚առնէ խոնարհութեան, ամօթխածութեան եւ դաստիարակութեան պակասի, ինչպէս նաեւ ագահութեան, մոռացկոտութեան, սնապարծութեան, խստասրտութեան ու ամբարտաւանութեան պատճառով։ Ամբարտաւան մարդը ոչ ոքի նկատմամբ պարտականութեան զգացում եւ գիտակցութիւն կ՚ունենայ, այլ կ՚ուզէ ամէն ինչի տիրակալը դառնալ։ Ունայն փառք սիրող սնապարծը այլոց կողմէ իրեն հանդէպ կատարուող լաւութիւնները որպէս բարիք չ՚ընդունիր, այլ՝ զանոնք կ՚ընկալէ որպէս զոհողութիւն։ Հիւանդագին վիճակ…։

Գորովալի սիրտ. համբերող ու քաղցր հոգի. նախազգացողութիւն ունեցող ծնողքը իր զաւակը դաստիարակելու ժամանակ անոր մէջ նաեւ «կը դաջէ» զգայնութեան. ամենասուր հոտառութեան (flair). նուրբ բնական դատողութեան (tact) եւ քաղաքավարութեան կարգ մը բնաւորանիշներու սերմեր, որոնք երեխայի վերաբերմունքին, նիստուկացին մէջ գլխաւորագոյն ազդակները կը կազմեն։ Ծնողքը այդ բոլոր հունտերը կրնայ «շնորհակալութիւն» բառին մէջ տեղաւորել, որ բոլոր արարքներուն ծնուցիչն ու խթանիչն է։ Երեխային բաժակ մը ջուր տալու ընթացքին «հաճիս» բառը սորվեցնելը դժուար գործ մը չէ, նոյնպէս որեւէ գործի մը աւարտին «շնորհակալ եմ», «ձեռքերուդ դալար», «վարձքդ կատար» ըսելը մեծ ջանք չի պահանջեր։ Սակայն երբեմն երեխայի «անկարողութեան» եւ անուշիմութեան պատճառով ծնողներու դաստիարակութիւնը անարձագանգ կը մնայ։ Ուստի, մայրը կը սկսի խստութեամբ վերաբերուիլ իր զաւկին հետ, մոռնալով, որ խստութիւնն ու պատիժը կ՚անճիտեն, կ՚արմատախլեն մանուկ ու անմեղ սիրտերը եւ անոնց փոխարէն՝ բնաւորութեան կոպիտ գիծեր կը ձեւաւորեն։

Խստութիւնն ու սպառնալիքը մանուկները կը խրտչեցնեն եւ առանց երեւցող թերութիւնները հիմնապէս ուղղելու՝ կրնան ժամանակաւորապէս զսպել զանոնք։ Մանուկդ երբ քեզ կը տեսնէ՝ իր վախէն դրդուած միշտ «հաճիս», «կարելի է» բառերը կ՚օգտագործէ՝ պատիժէն զերծ մնալու համար, բայց իսկութեան մէջ այդ պահուածքը զինք աւելի կոշտ, անքաղաքավար եւ կեղծաւոր կը դարձնէ։ Խստութիւնը մանուկին սրտին հետ չի՛ կրնար խօսիլ. որովհետեւ անոր սրտի լեզուն քաղցրութիւնն է, որուն շնորհիւ միայն կրնաս բարոյական վսեմ արժէքները եւ քաղաքավարութեան անյետսկոչելի կանոնները բացատրել։ Միշտ մտաբերէ, որ պատիժը չի կրնար քեզ ուզած եւ նախատեսած արդիւնքիդ հասցնել։ Ընդհակառակը, անտեղի խստութեանդ իբրեւ հետեւանք, դաստիարակութեանդ փոխարէն՝ զաւկիդ թեթեւակի, այլայլուն ձայնէն եւ արցունքէն զատ ուրիշ բան չես լսեր ու չես քաղեր։

Հոգեբաններ դիտել տուած են, որ երախտագիտութիւնը մարդկային հոգին բուժող, զօրացնող եւ մարդուս կեանքը անհամար ուղիներով փոխակերպող գործօն մըն է։ Հոգեբաններ տարբեր սերունդներու հետ հարցազրոյցներ կատարած են եւ եզրայանգած, որ երախտագէտ մարդը աւելի ներողամիտ, պատրաստակամ, լաւատես, հեռատես եւ ամօթխած կ՚ըլլայ եւ մշտապէս պատրաստ իր նմանակիցին օգնելու։ Հոգեբան եւ ընկերաբան Ճորճ Սիմմէլ կ՚ըսէ. «Երախտագիտութիւնը մարդու բարոյական յիշողութիւնն է»։ Ըստ անոր, կարելի չէ պատկերացնել մարդկային յարաբերութիւնը առանց երախտագիտութեան ոգիին։ Երախտագիտութիւնը հասարակութիւնը ծաղկուն եւ առողջ կը պահէ՝ հեռու ամէն տեսակի խարդաւանքներէ եւ ախտերէ, «թունաւոր զգացումներէ» ու անմարդկային վարուելակերերէ։ Հոգեբան Թոտ Քաշտանի համաձայն՝ «Երախտագիտութիւնը մարդու յարձակողապաշտութիւնը մեղմացնող երեւոյթ է եւ միջանձնային կործանարար վարքը խաթարող արգելք մը»։ Այս իմաստով, հոգեբաններ ընդգծած են, որ երախտագիտութիւնը մարդ արարածի յարաբերութիւններն ու յոյզերը կարգաւորող, ամրապնդող գործառոյթ մըն է, որ ո՛չ միայն կատարուած բարիքին պատասխանն է, այլեւ երախտապարտ անձնաւորութեան բարի արարքներու խթանիչ ուժը։

Ապերախտը «անբան» գոյակ մըն է, որ իր չորսդին կատարուող բարիքները կ՚ոտնահարէ եւ անտարբերութեամբ կը վերաբերի՝ զանոնք մոռացկոտութեան տալով։ Ապամոռ էակը կը նմանի ծառին տակ քնացող այն ծոյլ մարդուն, որ ինկած պտուղները կ՚ուտէ, բայց իր փորին եւ ախորժակին գերին ըլլալուն պատճառով՝ նոյնիսկ չի մտածեր, թէ այդ պտուղները ուրկէ՞ եկած են։ Երախտամոռ էակը հոգեկան գալարումներ եւ նկարագրային թերութիւններով «ինքնաօժտուած» անշնորհակալ, նախանձոտ եւ տրտնջող մարդն է, որ ինքզինք սին մտածումներով, բարոյալլուկ գաղափարներով կը խեղէ՝ իր ներաշխարհը ապականելով ու մոխրապատելով։ Ապերախտութիւնը մարդուս մէջ անընդհատ անբաւարարուածութիւն ու ագահութիւն կ՚առաջացնէ։ Կատարուած բարիքը մոռնալը դաւաճանութիւն է ընկերութեան դէմ, իսկ վայելած սերտ բարեկամութիւնը արհամարհելը՝ անշնորհքութիւն մարդկութեան կոչումին դէմ։ Ցաւալին այն է, որ ապերախտը ո՛չ միայն բարիքը բարիքով չի փոխադարձեր, այլ բարիքը չարիքով կը փոխհատուցէ՝ «իր կերած պնակին մէջ թքնելով»։ Սա մարդու սրտի ամենածանր ու կոտտացող վէրքն է։ Մարդ կրնայ քայլ առ քայլ մոլորութեանց ախտին մէջ մխրճուիլ, բայց ապերախտութիւնը դաշոյնի նման յանկարծակի կը խոցէ գուրգուրացող եւ փայփայող սիրտը։ Ապերախտ-դաշոյնը խիղճ, գիտակցութիւն եւ զգացում չունի, որովհետեւ նախանձի հուրով տոչորուած՝ կ՚ուզէ քարուքանդ ընել եւ հրոյ ճարակ դարձնել իր շրջապատին մէջ կատարուող բոլոր բարիքները։

Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ են այն ուսուցումները, որոնք կը թելադրեն մեզի միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ մեր ունեցած բարիքներուն համար։ Սակայն «տասը բորոտներու բժշկութեան» դրուագը այդ բոլորը թանձրականօրէն մեր աչքին առջեւ կը պատկերէ եւ ցոյց կու տայ բարիքին արգասիքը հանդիսացող երախտագիտութիւնը, զոր իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայորդի պարտի ունենալ, գիտակցիլ եւ կիրարկել զայն իր կենսընթացին։ Աւետարանը կը պատմէ, թէ դէպի Երուսաղէմ Իր ճամբուն վրայ. Քրիստոս կ՚անցնէր Սամարիայի եւ Գալիլիայի սահմաններէն: Գիւղ մը կը մտնէ եւ Իրեն տասը բորոտներ կը հանդիպին. որոնք հեռուն կեցած՝ բարձր ձայնով կ՚ըսեն, «Յիսո՛ւս Վարդապետ. ողորմէ՛ մեզի»: Յիսուս տեսնելով զանոնք՝ կ՚ըսէ, «Գացէք եւ դուք ձեզ քահանաներուն ցոյց տուէք»: Անոնք Քրիստոսի խօսքը կը լսեն եւ քահանաներուն քով կ՚երթան։ Ճամբու ընթացքին կը նկատեն, որ արդէն մաքրուած են։ Բայց անոնցմէ միայն մէկը, որ Սամարացի էր, երբ կը տեսնէ որ բժշկուած է՝ իսկոյն կը վերադառնայ ու կը սկսի բարձրաձայն զԱստուած փառաւորել: Աստուածորդիին ոտքերուն առջեւ երեսին վրայ գետին փռուելով՝ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Անոր: Յիսուս կը հարցնէ. «Տասը հոգի չէի՞ն մաքրուողները, ո՞ւր են մնացեալ ինն հոգիները: Բացի այս օտարականէն ուրիշ մէկը չգտնուեցա՞ւ. որ դառնար եւ փառք տար Աստուծոյ»: Ապա Սամարացիին դառնալով կ՚ըսէ. «Ոտքի՛ ել եւ գնա՛. հաւատքդ քեզ փրկեց» (Հմմտ. Ղկ 17.11-19):

Այսօր, դժբախտաբար, ստուարացած է թիւը այն մարդոց, որոնք կը վայելեն Տիրոջ մեծամեծ բարիքները. բայց եւ այնպէս քիչ է թիւը անոնց, որոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ՝ իրենց վայելած բարիքներուն համար: Առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան՝ չես կրնար որեւէ ձեռքբերում ունենալ։ Յաջողութիւններուդ ետին կայ թաքնուած Ուժ մը՝ Աստուած, որ քեզի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, ճանապարհներ կը բանայ, միջոցներ կը ստեղծէ՝ նպատակիդ հասնելու համար։ Իսկ դուն անոր ըրածներուն դիմաց ի՞նչ կ՚ընես. յաջողութիւններդ, ձեռքբերումներդ ապերախտութեամբ միայն քեզի կը վերագրես՝ ուրանալով զԱստուած եւ Անոր ողորմութիւնը։

«Ո՞ւր են մնացեալ ինն հոգիները»: Յիսուսի այս հարցումը պարզօրէն ցոյց կու տայ, թէ Ան կը մերժէ ապերախտութիւնն ու ապերախտ հոգին։ Ապերախտութիւն է սիրել կեանքը, բայց ուրանալ Տուիչը կեանքին: Ապերախտութիւն է ապրիլ այս կեանքը, բայց զանիկա չապրիլ՝ զայն Պարգեւողին փառքին համար: Երբ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնես, ո՛չ հարստութենէդ եւ ոչ ալ արժանապատուութենէդ բան մը կը պակսի։ «Ո՜վ Տէր, շնորհակալ եմ» բացագանչութիւնդ կը կրկնապատկէ հոգեւոր հարստութիւնդ եւ քեզ առաւել եւս Աստուծոյ կը կապէ։ Եթէ մինչեւ այսօր, երկնաւոր Հօրդ երախտագիտութիւն չես յայտնած, ապա փառք տուր ունեցածիդ համար՝ զաւակներուդ, հարազատներուդ, ընկերներուդ, բարեկամներուդ, տանդ եւ գործիդ համար…։ Փառաբանէ Անոր ամենահաս նախախնամութիւնը եւ օրնհնաբանէ Անոր անվրէպ առաջնորդութիւնը: Պօղոս առաքեալ իր Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կը յորդորէ՝ ըսելով. «Միշտ ուրախ եղէք, անդադար աղօթեցէք։ Ամէն բանի համար շնորհակալ եղէք, որովհետեւ Աստուած ատիկա՛ կը սպասէ ձեզմէ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք» (Ա. Թս 16-18)։

Կեանքի մէջ բարձրագոյն գոհունակութիւնը, որ կրնաս ունենալ, կատարուած պարտքի գիտակցութիւնն է։ Առ այդ, ունեցածովդ բաւարարուէ եւ գնահատէ այն ինչ որ ունիս։ Աչքածակութիւն երբեք մի՛ ըներ, այլ շարունակ շնորհակալութիւն յայտնէ՝ ապերախտութեան մուրը վրայէդ թօթափելով։ Շնորհակալ եղիր Աստուծոյ, եթէ երբեք այսօր որպիսութեամբդ, առողջութեամբդ եւ կամ գործիդ յաջողութեամբ հետաքրքրուողի մը հանդիպեցար: Շնորհակալ եղիր, եթէ այսօր մէկը անուշ խօսք մը ըսաւ քեզի. քաղցր ժպիտ մը ցոյց տուաւ. բարեկամական վերաբերմունք մը ցուցաբերեց. ցաւերդ լսելու համար՝ իր ականջը տուաւ. սիրտդ ամոքելու համար՝ սիրտը բացաւ. քու կողքիդ ըլլալու եւ օգնելու պատրաստակամութիւն յայտնեց. յոյս ներշնչող խօսք մը արտասանեց. կամ պարզապէս քանի մը վայրկեան տրամադրեց քեզի հետ ըլլալու համար: Շնորհակալ եղիր Աստուծոյ, որ անտարբեր չէ ցաւիդ հանդէպ. այլ ցաւի մէջ եղած ատենդ՝ քեզի հետ Ի՛նքն ալ կը ցաւի (Հմմտ. Ես 63,91)։

Սիրելի՛ ընթերցող, բոլոր հաճոյքներու ծայրը ձանձրոյթ կը գտնուի, բոլոր զոհողութիւններու ծայրը՝ գոհունակութիւն, իսկ երախտագիտութեան ծայրը՝ խաղաղութիւն ու բարութիւն։ Նոյնիսկ եթէ ստացած բարիքդ փոքր է, մշտապէս երախտագէտ եղիր, որպէսզի աւելի մեծ բարիքներու արժանի դառնաս։ Ըսուած խօսք է, թէ «Ապերախտը ապերախտ կը մնայ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ապերախտութեան հիմնական մեղաւորը իր բարերարն է»։ Մեծագոյն բարերարդ Աստուած Ի՛նք պէտք է ըլլայ, որ քեզի աչք տուած է՝ ճշմարտութիւնը տեսնելու, ականջ՝ Իր ձայնը լսելու, բերան՝ Իր խօսքը տարածելու եւ սէր սերմանելու, ոտք՝ արդարութեան ճանապարհէն քալելու, ձեռք՝ նմանակիցներուդ օգնելու…։ Փառք տուր Աստուծոյ, որովհետեւ այսօր այնքա՜ն հաշմանդամ մարդիկ կան, որոնք տարբեր հիւանդութիւններով կը տառապին։ Այս անկարները կ՚ուզեն աչք ունենալ՝ հրաշազան բնութիւնը վայելելու, ականջ՝ քաղցր խօսքեր լսելու, ոտքեր՝ իրենց ուզած տեղը երթալու… բայց չունին։

Շատեր ի ծնէ թերաճ կ՚ըլլան, բայց ապերախտ մարդը թէկուզ առողջ մարմնով ու մտքով ստեղծուած է, սակայն իր նկարագիրը գիտակցաբար ապերախտութեամբ «թերաճ» դարձուցած է։ Արժեւորէ՛ կեանքիդ ամէն մէկ վայրկեանը։ Ապերախտ մի՛ ըլլար, որովհետեւ ապերախտութիւնը մտային ու նկարագրային «թերաճութի՛ւն» է…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017