ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԿԱՄ

Հարցում մը, որ մեզմէ շատեր յաճախակի կերպով կը հարցնեն, հասկնալու համար մեր գոյութեան, մեր լինելիութեան պատճառը: Հարցումը ինքնին ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի առիթ մը կ՚ընծայէ իւրաքանչիւրին, որոնք այդ հարցումը կ՚ընեն իրենք իրենց:

Ինչո՞ւ համար կամ: Ինչո՞ւ համար կ՚ապրիմ: Ինչպէ՞ս պէտք է դասաւորեմ կեանքիս ընթացքը: Ինչպէ՞ս պէտք է ապրիմ, որպէսզի իմ ապրելովս օգուտ բերեմ եւ լաւ համբաւ ունենամ կամ ձգեմ այս աշխահէն հեռանալէս ետք: Այս եւ նմանատիպ բազմաթիւ հարցումներ յաճախակի կերպով կը չարչրկեն առողջ տրամաբանութիւն եւ մը-տածելակերպ ունեցող մարդոց միտքերը եւ զանոնք կը մղեն, որպէսզի իրենց կեանքին ղեկը լաւագոյնս կարգաւորեն, հասնելու համար գերագոյնին, բարիին, լաւին:

Մարդուն կեանքը թատրոն մըն է, որ կը սկսի մօր արգանդին մէջ եւ կ՚աւարտի դագաղին մէջ: Այդ ամբողջ ընթացքը շատ հետաքրքրական ընթացք մըն է: Մօր արգանդէն ըսի, որովհետեւ ծնողները՝ հայրն ու մայրը, իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան առաջին ռահվիրաներն են, որոնցմէ կախում ունի իրենց զաւակներուն յետագայ ընթացքը, յետագայ կեանքը: Մօր արգանդին մէջ եղած ժամանակէն իսկ ծնողները պէտք է այնպէս ընեն, որ իրենց ծնելիք երեխան շահի իրենց սէրն ու վստահութիւնը, կապուի իրենց: Մօր արգանդէն իսկ ծնողները պէտք է մտածեն իրենց նոր ծնելիք երեխայի առողջութեամբ, զգուշանան այն բոլոր երեւոյթներէն կամ սովորութիւններէն, որոնք կրնան այսպէս կամ այնպէս վնաս պատճառեն իրենց երեխայի բնական կազմաւորումին: Շատեր կրնան հարցնել, ինչպէ՞ս. պատասխանը շատ պարզ է. օրինակի համար մայրը զգոյշ ըլլայ իր իւրաքանչիւր շարժումին, կերուխումին, եթէ ոգելից ըմպելի կը գործածէ, այդ ընթացքին (եւ նախընտրելի ընդհանրապէս) չգործածէ, չծխէ, եւ այլն, եւ այլն: Նոյնը նաեւ կը վերաբերի հօր, չծխել, եւ ամենէն կարեւորը մօր հետ սիրալիր ըլլալ, շատ չվիճիլ, այնպէս ընել, որ մայրը յղութեան ընթացքը խաղաղ եւ հանգիստ կերպով անցընէ, որպէսզի այդ խաղաղութիւնն ու հանգստութիւնը փոխանցուին նաեւ այն պտուղին, որ մօր արգանդին մէջ է, որ քիչ յետոյ աշխարհ պիտի գայ իր աշխարհային կեանքը ապրելու համար: Այս մարդու կեանքին առաջին հանգրուանի մասին:

Երկրորդ հանգրուանը արդէն նոր աշխարհ եկած նորածինն է: Դարձեալ ծնողներն են գլխաւոր հերոսները, որպէսզի նորածին մարդուն կեանքը ճիշդ կերպով առաջնորդեն դէպի բարին ու կատարեալը: Այսպէս, այն ինչ որ վերը յիշեցի յղութեան ժամանակ, նոյն ընթացքը պէտք է պահել նաեւ հիմա. աւելին, նորածին երեխայի այս հանգրուանին ծնողները ամէն ինչ պէտք է ընեն, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ անցընեն իրենց երեխային հետ, ներքին կապ մը ստեղծեն իրենց եւ իրենց երեխային միջեւ, ինչ որ պիտի դառնայ գրաւականը իրենց եւ իրենց երեխային(ներուն) ամբողջ կեանքի ընթացքին լաւ եւ ամուր յարաբերութեան: Այս հանգրուանին ծնողները ամենէն շատ պէտք է իրենց նորածինը սիրեն, գուրգուրան անոր, գգուեն զինք, որպէսզի այդ ջերմութիւնը մտնէ իրենց երեխայի հոգիին ու ամբողջ էութեան մէջ, ատով շաղախելով սիրոյ անքակտելի կապը իր ծնողներուն նկատմամբ: Ծանօթ բժիշկներէս մէկու մը հետ խօսակցութեան ընթացքին, հետեւեալ միտքը յայտնեց, որ շա՜տ իմաստալից եւ խորունկ է, եւ կը կարծեմ, որ բոլոր ծնողներն ալ պէտք է աշխատին այս ուղղութեամբ: Ծանօթ բժիշկս կ՚ըսէր. «Երբ երեխայ կը ծնի որեւէ ընտանիքի մը մէջ, լաւ կ՚ըլլայ, որ երեխային ծնողները, իրենց զաւկին առաջին եօթ տարիներուն սէր տան, միայն սէր: Երկրորդ եօթ տարիներուն ընթացքին, լաւ եւ հմուտ դաստիարակ ըլլան եւ ամէն կերպով աշխատին, որպէսզի իրենց երեխան լաւ ուսում եւ կրթութիւն ստանայ: Իսկ երրորդ եօթ տարիներու ընթացքին, ծնողները պարտաւոր են լաւ ընկեր ըլլալու իրենց զաւկին, այնպիսի ընկեր մը, որ իրենց զաւակը անվերապահ կերպով վստահի իրենց, իրենց մէջ ծնող տեսնելէ աւելի, տեսնէ վստահելի ընկեր: Եթէ ծնողները այս ձեւով փորձեն մեծցնել իրենց զաւակները, կը կարծեմ, որ անոնք իրենց այդ ընթացքով ընկերութեան ԼԱՒ ՄԱՐԴ տուած կ՚ըլլան»:

Շատ հետաքրքրական երեք եօթնեակներ են: Հիմա փորձենք զանոնք տարածել մեր վրայ:

Եթէ որեւէ ծնող հայրենասիրական բարձր արժանիքներ ունի եւ այս երեք եօթնեակներով առաջնորդուի իր զաւակները դաստիարակելու, արդարեւ կ՚ունենանք լաւ հայրենասէր երիտասարդներ: 

Եթէ որեւէ ծնող մտաւորական է կամ մտաւորականի հակումներ ունի եւ այդ երեք եօթնեակներով առաջնորդուի իր զաւակները դաստիարակելու, արդարեւ կ՚ունենանք լուսաւոր միտքով մտաւորականներ:

Եթէ որեւէ ծնող երաժշտութեան հանդէպ սէր ունի եւ այդ երեք եօթնեակներով առաջնորդուի իր զաւակները դաստիարակելու, արդարեւ կ՚ունենանք մեծահամբաւ երաժիշտներ:

Եթէ որեւէ ծնող գիտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունի եւ այդ երեք եօթնեակներով առաջնորդուի իր զաւակները դաստիարակելու, արդարեւ կ՚ունենանք փայլուն գիտնականներ:

Եթէ որեւէ ծնող ուսուցիչ է, իր ուսուցչութիւնը ընկալած է որպէս ծառայութիւն ու նուիրում եւ այդ երեք եօթնեակներով առաջնորդուի իր զաւակները դաստիարակելու, արդարեւ կ՚ունենանք խելացի եւ բանիմաց ուսուցիչներ:

Եթէ որեւէ ծնող հաւատքի կեանքով ու Աստուծմով ապրող է եւ այդ երեք եօթնեակներով առաջնորդուի իր զաւակները դաստիարակելու, արդարեւ կ՚ունենանք այնպիսի առաքինի եւ բարի մարդիկ, որոնք իրենց առաքինութեամբ ու բարութեամբ կ՚ողողեն իրենց ամբողջ միջավայրը, սէր եւ բարութիւն տարածելով ամէն կողմ:

Շարքը կարելի է դեռ շատ երկարել զայն տարածելով բոլոր ոլորտներուն վրայ:

Սակայն, այստեղ, բնականաբար ընթերցողը պիտի ըսէ, թէ պայման չէ որ ուսուցիչին զաւակը ուսուցիչ դառնայ, երաժիշտին զաւակը՝ երաժիշտ, գիտնականին զաւակը՝ գիտնական: Շատ ճիշդ դատողութիւն: Աւելին, ծնողները երբեք պէտք չէ բռնանան իրենց զաւակներու ընտրութեան վրայ, այսինքն՝ պէտք չէ ճնշեն իրենց զաւակներուն, ստիպելով որ այս կամ այն բանը դառնան, այլ՝ իրենք պարզապէս իրենց զաւակներուն ճանապարհը ցոյց տուող պիտի ըլլան, իսկ ընտրութիւնը՝ պէտք է ձգեն իրենց զաւակներուն: Վերը յիշուածները կը հետապնդեն նպատակ մը, որ է ցոյց տալ, թէ ոեւէ ծնող, որ այս կամ այն բանին հանդէպ սէր ունի, մասնագէտ է, կ՚ապրի ատով, նոյն իր այդ սէրը, մասնագիտութիւնը եւ ապրելու գաղտնիքը փոխանցէ իր զաւակին, իր ընտրած ոեւէ ուղղին համար: Այսինքն՝ եթէ գիտնականին զաւակը որոշած է երաժիշտ դառնալ, ու եթէ իր ծնողները այդ երեք եօթնեակներու հիման վրայ փորձած են դաստիարակել զինք, բնականաբար ընկերութիւնը շահած պիտի ըլլայ մեծահամբաւ երաժիշտ մը, եւ այսպէս միւս բոլորը: Ըսուածը սա է, որ ծնողները իրենք պէտք է իրենց զաւակներուն մէջ եղող ատաղձը զարգացնեն, զայն վերածելով տաղանդի, ձիրքի:

Այլ երեսակ մըն է ծնողներու իրենց զաւակները լաւ դաստիարակելը ու իրենց զաւակներու ընտանեկան կեանքի ընտրութեան չխառնուիլը: Այսօր, դժբախտաբար, բազմաթիւ ծնողներ կան, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունին իրենց զաւակներու կեանքի երկրորդ կէսի ընտրութեան մէջ: Բայց, առաջին հերթին չէ՞ որ ծնողները իրենք չեն պսակուողները, այլ՝ իրենց զաւակները, չէ՞ որ իրենք չէ որ պիտի ապրին ընտրեալին հետ, այլ՝ իրենց զաւակները: Եւ այսպէս, ծնողներ կան, որոնք հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ յառաջ կը բերեն. հարուստ չէ, տուն չունի, ինքնաշարժ չունի, ուսում չունի, եւ այլն, եւ այլն. բայց չէ՞ որ այս բոլորը երկրորդական ու երրորդական հարցեր են, կարեւորը կեանքի ընկեր ընտրելու պարագային՝ երկու կողմերուն զիրար հասկնալու, իրարու վստահելու, զիրար յարգելու եւ զիրար սիրելու հանգամանքներն են էականը, որոնց առկայութեան պարագային միւս բոլոր հարցերը իրենց լուծումը կը գտնեն եւ սպասուածէն շատ ու շատ աւելին լաւ արդիւնք կ՚ունենան: Արդարեւ, ծնողները յատկապէս այս կէտին պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն եւ պէտք է խրատ տուողի դերին մէջ ըլլան, եւ ո՛չ թէ թելադրող ու որոշում կայացնող ըլլան:

Երբ տուեալ ոեւէ մարդ կեանքի այս ճանապարհը անցած ըլլայ, բնականաբար դիւրին կ՚ըլլայ իրեն համար պատասխան գտնել իր բոլոր հարցադրումներուն, թէ ինչո՞ւ ինք կայ, ինչո՞ւ համար կ՚ապրի, որովհետեւ այդ բոլոր հարցումներուն պատասխանները իր ծնողները մանկուց ի վեր դրած են իր ներսիդին տարբեր ձեւերով, եւ հիմա իր կարգը եկած է այդ բոլոր պատասխանները յայտնաբերելու եւ գործի դնելու, որով բարի համբաւ եւ յիշատակ պիտի ունենայ ու ձգէ թէ՛ ինքն իր անձին համար եւ թէ՛ իր ծնողներուն համար: Ատկէ անդին եւ վեր, այդպիսի մարդուն համար յստակ կը դառնայ, որ կեանքը շարունակուող ընթացք մըն է, միշտ սորվելու, միշտ գիտնալու, միշտ ըլլալու, միշտ զարգանալու, միշտ մարդավայել ապրելու: Այս առումով կ՚արժէ կարդալ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետեւեալ տողերը. «Իր հիմնական բաղկացութեան մէջ կեանքը, այսինքն՝ մարդու շարունակական կազմաւորումը, տեւական ինքնակերտումը, յարաճուն գիտութեան, ընդարձակուող ու խորացող ճանաչման ընթացք մըն է։ Ով որ կը դադրի գիտնալէ՝ կը դադրի մարդկայնօրէն ապրելէ։ Ով որ կ՚արհամարհէ ճանաչման ճիգը՝ կոյր, կայական, մեռելային վիճակի մը կը մատնուի, որուն նոյնիսկ եւ յաճախ անգիտակից կրնայ մնալ ինք՝ ենթական» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիոս):

Ի վերջոյ՝

«Կեանքը հնարաւորութիւն է, օգտագործէ՛։

Կեանքը գեղեցկութիւն է, հիացի՛ր։

Կեանքը երանութիւն է, ճաշակէ՛։

Կեանքը երազ է, իրագործէ՛։

Կեանքը մարտահրաւէր է, դիմագրաւէ՛։

Կեանքը պարտականութիւն է, կատարէ՛։

Կեանքը խաղ է, խաղա՛։

Կեանքը թանկագին է, գուրգուրա՛։

Կեանքը հարստութիւն է, պահէ՛։

Կեանքը սէր է, վայելէ՛։

Կեանքը խորհուրդ է, հասկցի՛ր։

Կեանքը խոստում է, յարգէ՛։

Կեանքը վիշտ է, յաղթահարէ՛։

Կեանքը երգ է, երգէ՛։

Կեանքը պայքար է, ընդունէ՛։

Կեանքը ողբերգութիւն է, սրտապնդէ՛։

Կեանքը արկածախնդրութիւն է, յանդգնէ՛։

Կեանքը կեա՛նք է, ապրէ՛։

Կեանքը շա՜տ թանկագին է, մ՛ի կործաներ» (Մայր Թերեզա):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

9 դեկտեմբեր 2018, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018