Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԿՐՆԱՆ ՊԱՏԱՀԻԼ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականէն վերջ կապ հաստատեցինք Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ՝ հաշուի առնելով, որ Կրօնական Ժողովը ներկայ պայմաններով Պատրիարքական Աթոռի միակ օրինական մարմինն է ու շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունի առկայ անցումային շրջանին։ Այս կապակցութեամբ Ընդհանուր Փոխանորդը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց հետեւեալը.
«Ես իսկապէս ցաւ ապրեցայ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ մենք հոգեւոր եղբայրներ ենք։ Որպէս Իսթանպուլի մէջ գտնուող երկու եպիսկոպոս՝ ներկայ դժուարին շրջանին մեզի կը վիճակի Պատրիարքարանի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու գործը։ Եղբայրներու միջեւ կրնան պատահիլ տարակարծութիւններ։ Կրօնական Ժողովի պարագային ալ կրնամ ըսել նոյնը։ Ժողովի մէջ կրնան ծագիլ վէճեր։ Սակայն, այդ բոլորէն վերջ քուէարկութեան արդիւնքը պէտք է ընդունիլ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան լքեց մեր երէկուան ժողովը եւ առանց նոյնիսկ խորհրդակցելու ներկայացուց հրաժարականը, ի զարմանս բոլորին։ Տեսնենք յառաջիկայ օրերուն ի՞նչ իրադարձութիւններ պիտի ապրինք»։