ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում Ի՞նչն է տարբերութիւնը աշխատասէրին ու ծոյլին:

Պատասխան Առակագիրը կը գրէ. «Ժիր մարդոց ձեռքը կ՚իշխէ, բայց ծոյլը հարկատու կ՚ըլլայ» (Առ 12.24): Ի՜նչ հետաքրքրական համեմատական մըն է, որ կ՚ընէ Սողոմոն իմաստունը: Եթէ պահ մը մեր առօրեայ կեանքին նայինք, ապա պիտի համաձայնինք Իմաստունի ըսածին, որովհետեւ եթէ մարդ չաշխատի, չգործէ, ապա ասոր-անոր ձեռքին տակ խաղալիքի կը վերածուի, ասոր-անոր ողորմածութեան կը սպասէ: Այստեղ, երբ Առակագիրը իշխել բայը կը գործածէ, պէտք չէ հասկնալ անպայմանօրէն իշխան ըլլալով իշխել: Ամենէն զօրաւոր իշխանը ա՛ն է, որ ինքն իր անձին կը յաջողի իշխել, որովհետեւ մարդը ամենէն վտանգաւոր արարածն է այս երկրագունդին վրայ. եւ իշխել ինքն իրեն՝ կը նշանակէ քաջ ու հերոս իշխան ըլլալ:

Որպէսզի Առակագիրին խօսքը ա՛լ աւելի ըմբռնելի ըլլայ, մէջբերենք մեր եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սարգիս Շնորհալիի հետեւեալ մը-տածումը. «Մեր Տէրը երկնաւոր առաքինութիւն եւ հրեշտակային վարք կ՚առաջարկէ մեզի, մինչ մենք ծուլութիւնն ու քունը կը պատուենք՝ մայրը բոլոր թշուառութիւններուն»: Ծուլութիւնը, հետեւաբար, բոլոր թշուառութիւններուն մայրն է: Ներսէրս Եպիսկոպոս Դանիէլեանը այսպէս կը գրէ. «Աշխատանքը կեանքին էական պայմանն է, այն օրհնութի՛ւնն է մեր բովանդակ կեանքին։ Ծուլութիւնը, անգործութիւնը, ամէն տեսակ չարիքներու, ամէն մոլութիւններու մայրն է ու արմատը, ինչպէս ըսուած է. մանաւանդ կիներու համար, ծոյլ ու անգործ կիները՝ ա՛լ աւելի շուտ կը մոլին ու կը մոլորին»:

Աւարտենք, մէջբերելով երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին մտածումներով աշխատանքի ու անգործութեան մասին.

«Մարդը մարդ չի կրնար ըլլալ ձեռքերը ծալած, աչքերը շլմորուն, ոտքերը թափառաշրջիկ եւ... միայն բերանը բաց՝ դատարկ խօսքի որպէս հրաբուխ...։ Մարդը մարդ է, երբ իր ձեռքերուն կու տայ շարժում, երբ իր աչքերը կը յառէ նպատակակէտի մը, երբ իր ոտքերը կը քալեն նպատակասլաց գնացքով, երբ իր շրթները կը շարժին իմաստաւոր եւ շինիչ խօսքերով։

Գործօնութիւնը մարդուն ճշմարիտ ինքնարտայայտութիւնն է։ Անգործութիւնը, ծուլութիւնը, դատարկապորտութիւնը ժխտումն են մարդուն իսկութեան եւ կոչումին։ Կամաւոր անգործութիւնը անաստուածութեան ամենէն ակներեւ փաստն է։ Որովհետեւ, ինչ որ ունինք՝ կու գայ Աստուծմէ»:

Հ. Ի՞նչ կու տան վիշտն ու աղէկ խօսքը մարդուն:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Մարդուն սիրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ՚ուրախացնէ զանիկա» (Առ 12.25):

Վիշտը մարդուն կեանքին անբաժանելի մէկ մասնիկն է, եւ երբեմն վիշտ ունենալը բնական երեւոյթ է, որովհետեւ մարդը զգացմունքային արարած է: Սակայն, վիշտը բռնել եւ վիշտին հետ մնայուն կերպով ապրիլը ո՛չ միայն վնաս է մարդուն համար, այլ՝ մեղք է, քանի որ մարդը ունի ազատ մտածելակերպ ու բանականութիւն, ունի կամք, որով ի զօրու է իր կեանքին ընթացքը գծելու եւ առ այդ ապրելու:

Առակագիրին բնութագրումով՝ մարդ երբ վիշտը իր սիրտին մէջ կը պահէ եւ չ՚աշխատիր զայն իրմէ հեռացնել, ապա այդ վիշտը կը ճնշէ զինք եւ իր առօրեայի բնականոն ընթացքը կը խանգարէ: Մինչ երբ մարդ յաջողի զսպել իր զգացումները, յաղթահարել իր վիշտերը, ապա հակառակ յաճախակի կերպով ունեցած դժուարութիւններուն ու նեղութիւններուն, կը յաջողի բարեյաջող կերպով դասաւորել իր կեանքը:

Ըսուած է, թէ անոյշ խօսքը շա՜տ աւելին կ՚արժէ, քան աշխարհի շատ մը հարստութիւններ ու գանձեր: Իրապէս այդպէս է: Առակագիրն ալ այդ կը հաստատէ, երբ կ՚ըսէ, թէ՝ աղէկ խօսքը կ՚ուրախացնէ մարդը, հետեւաբար, մեր բերանէն ելած որեւէ անուշ ու քաղցր խօսք՝ ուղղուած մեր նմանին, կրնայ բարեբեր ազդեցութիւն գործել անոր վրայ: Ուրեմն, մարդ պարտաւոր է իր նմանին նկատմամբ աղէկ խօսքեր ըսէ, քաջալերէ, մխիթարէ, գօտեպնդէ, որպէսզի ինք եւս քաջալերուի, մխիթարուի ու գօտեպնդուի աստուածային քաջալերութեամբ, մխիթարութեամբ եւ գօտեպնդումով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 29

15 յունուար 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2023