ՓՈՐՁԵՑԻ

Այսօր կրկին,
Արեւելեան հեքիաթի նման,
Վախիս ձայներէն հիւսուած բառերովս,
Առանց աւելորդ զարդարանքի,
Կեանքիս նոր էջ մը բանալ փորձեցի։

Ու քով-քովի շարելով,
Ուրախ եւ տխուր յուշերս բոլոր,
Տողերուս նոր յոյսեր ցանելով,
Ականջ դնելով արմատներուս կանչին,
Լռած երազներս արթնցնել փորձեցի։

Ապա մտածումիս նոր ակօսներ բանալով,
Ճակատագրական պահերէս հազիւ փրկուած,
Ճոխացնելու համար վաղուան յոյսերս,
Նոր կայծ բռնող բոլոր տողերովս,
Յոգնած հոգիս ջերմացնել փորձեցի։

Ու վերջապէս յոգնած եւ անյոյս,
Հեռու օտար քամիներու անկոչ տագնապէն,
Եւ ժամանակիս ձայնը լսելով,
Երբ որոշեցի կրկին երգերս երգել,
Ինքզինքս բոլորէն անջատել փորձեցի։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024