ԽՕՍՈՂԻՆ՝ ԼՍՈՂ Է ՊԷՏՔ
Մարդիկ, որոնք շատ կը կարդան, մարդիկ, որոնք լաւ պաշար ունին եւ խօսելու կարողութիւն, միշտ զիրենք լսողներ կը փնտռեն: Իրենց ամբարած գիտելիքներն ու կեանքի փորձառութիւնները կ՚ուզեն բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ, թէ՛ այդ ձեւով լիցքաթափուելու եւ թէ՛ դիմացինին ալ օգտակար դառնալու հաճոյքը ունենալու:
Ուսուցիչներն ու դասախօսները լաւ գիտեն այս բոլորը եւ կը ցաւին, երբ կը խօսին եւ մտիկ ընող չեն գտներ: Շատեր ժամանակ չունին, շատեր ալ մտիկ ընելու սիրտ չունին, մեծամասնութիւն մըն ալ կայ, որոնց երբեք չեն հետաքրքրեր նորութիւններն ու նոր բաներ սորվիլը:
Ասոնց զուգահեռ, կամ՝ ճիշդ հակառակը, ասոնց հետ խոտոր համեմատող, պարապաբանութեամբ եւ բամբասանքով լեցուն խօսքերու ունկնդիրներուն թիւը աւելի մեծ է:
Այս հարցը շեշտուած է տարեցներուն մօտ, որոնք ըսելիք ունին եւ ունկնդիր կը փնտռեն: Հոս հոն կը թափառին, հանրային պարտէզներ կ՚այցելեն եւ առանց քաշուելու, իրենց նման առանձին մարդոց մօտենալով, անմիջապէս խօսակցութեան նիւթ մը կը բանան ու երբ տեսնեն, որ դիմացինը լսող է, մեծ հաճոյքով կը խօսին ու կը խօսին, անդադար մէկ նիւթէն-միւսին անցնելով:
Նստած եմ առանձին սրճարանի մը մէջ ու սովորութեանս համաձայն թերթ ունիմ ձեռքիս, յանկարծ մէկը մօտեցաւ ու բարեւեց, ծանօթ անձ է, սակայն ոչ մէկ կապ, կամ մտերմութիւն, պարզապէս քանի մը անգամ հանդիպած ենք ու բարեւներ փոխանակած: Առանց հրաւէրի աթոռ մը քաշեց ու նստաւ դէմս, նստաւ ու սկսաւ խօսիլ, ինծի հետ բնաւ կապ չունեցող նիւթեր, որոնք ո՛չ զիս կը հետաքրքրեն, ո՛չ ալ սիրտ ունիմ մտիկ ընելու, թերթը ձեռքս աւելի քան կէս ժամ մէկ կտոր խօսեցաւ ժամանակի ու աշխարհագրական բոլոր սահմանները բռնաբարելով, նաեւ զիս, ու իմ քաղաքավարութեանս զոհ գացի, որովհետեւ չուզեցի զինք վիրաւորել:
Պարոնեանը քանիցս ըսած է, «Քաղաքավարութիւն… սա քաղաքավարութեան տակէն էշութիւն կ՚ելլէ…»: Սկիզբը ցաւեցայ, որ խօսակից չէ գտած ու զիս բռնեց, սակայն վերջը, երբ չափը անցուց եւ ամէն անգամ որ կը փորձէի միջամտել, առիթ չէր տար, որ ես ալ երկու խօսք ընեմ, ջիղերս օդը ելան ու պիտի պայթէի, եթէ յանկարծ անցորդ մը իրեն չբարեւէր ու ինք ելլելով անոր հետ չ՚երթար, առանց ներողութիւն խնդրելու, որ գլուխս արդուկեց ու չձգեց որ իմ սիրած ընթերցումս շարունակեմ:
Կ՚ըսուի որ զարգացած երկիրներու մէջ հեռաձայնի մասնաւոր թիւեր կան, որոնց ծայրը քեզի մտիկ ընելու պատրաստ մարդիկ կան, անշուշտ այս ծառայութիւնը ձրի չէ: Դիմացի մտիկ ընող պաշտօնեան արդեօք որքա՞ն լրջութեամբ մտիկ կ՚ընէ ու մէկ մէկ ալ հարցեր կու տայ, ատիկա ոչ ոք կը տեսնէ, կարեւորն այն է, որ հեռախօսը բաց կը մնայ, մինչեւ որ դուն վերջացնես շատախօսութիւնդ ու պարպուիս: (Մէյ մը պատկերացուցէք, ինչ դաժան գործ է, օրը ութ ժամ նստէ ու չճանչցած մարդոցդ պատճառած գլխացաւանքին ենթարկուէ:)
Ընտանիքի հետ ապրող տարեցներուն վիճակը աւելի բարւոք չէ, քանի որ անոնց խօսածը ոչ ոք լսելու տրամադրութիւն ու ժամանակ ունի, յատկապէս երիտասարդները:
Լաւ, ուրեմն ի՞նչ է լուծումը, արհամարհել մեծերն ու ձգել որ վշտանա՞ն, անտեսուած ու արհամարհուա՞ծ զգան իրենք զիրենք: Ի՞նչ ընել:
Տարիներու կուտակումով ինչքան որ փորձառութիւն եւ իմաստութիւն կ՚ամբարէ մէկը, նոյնքան եւ աւելի մարմնական եւ մտային նահանջի կ՚ենթարկուի: Շատեր մեծ համբերութեամբ, հասկացողութեամբ եւ յարգանքով կը վարուին իրենց տարեց ծնողներուն հետ, կամ՝ ընդհանրապէս տարեցներու հետ, իսկ շատեր ալ, ճիշդ հակառակը՝ անտարբերութեամբ, արհամարհանքով եւ վիրաւորանքով կը վերբերուին:
Որքան իմաստութիւն եւ գիտակցութիւն պէտք է ունենան մարդիկ, որ իրենց ձմրան շեմին կանգնած մարդոց սիրտը չկոտրեն, իրենց ժամանակէն եւ հաճոյքէն քիչ մը զրկուելով:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ