ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

Երեք բան յայտնի է, որովհետեւ երեք հարցումներ կան Աստուծոյ Բանին համար: Նախ, Բանը ե՞րբ էր: Ասոր պատասխան տուաւ, թէ՝ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ էր:

Երկրորդ հարցումը, թէ ո՞ւր էր: Ասոր եւս պատասխան տուաւ, թէ Աստուծոյ հետ էր:

Երրորդ հարցումը, թէ ի՞նչ էր: Ասոր պատասխան տուաւ, թէ Բանը Աստուած էր:

Երկրորդ, յայտնի է, թէ Աստուած անունը այստեղ զանազան կերպերով աւելի կ՚երեւայ, որովհետեւ նախ ցոյց կու տայ Հայրը, երբ ըսաւ. «Բանը Աստուծոյ հետ էր»: Իսկ՝ «Բանը Աստուծոյ հետ էր» ըսելը, այս մէկը Հայրը ցոյց չի՛ տար, այլ՝ Աստուծոյ բնութիւնը ցոյց կու տայ, որ է Աստուածութիւն:

Երրորդ. յայտնի է, թէ Աւետարանիչը այս երեքը բացորոշ խօսքերը պատշաճաւոր եւ զարդարուած ձեւով կարգեց, երեք պատճառի համար. նախ, որ առաջինին վախճանն է, երկրորդին սկիզբը, եւ երկրորդին վախճանն է ու երրորդին սկիզբն է, բացի շաղկապէն, որ շաղկապող եւ միաւորող է:

Երկրորդ պատճառը, թէ ինչպէս որ պատճառողին ճանաչումը պատճառին ծանօթութեան կը բերէ, նոյնպէս ալ առաջինին յայտնապէս երեւալը երկրորդին ճանաչումին կը բերէ, որովհետեւ յաւիտենից Բանը յաւիտենից խօսողը առաւ, այդ պատճառով ալ, եթէ Բանը սկիզբէն էր, այսինքն՝ յաւիտեաններէն, պէտք է Աստուծոյ հետ ըլլար, Ո՛վ միայն յաւիտենական է: Իսկ երկրորդին յայտնապէս երեւալը, երրորդին ճանաչումին կը բերէ, որովհետեւ ինչ որ Աստուծոյ մէջ է՝ Աստուած է, այդ պատճառով պէտք է, որ Աստուծոյ Բանը, որ Աստուծոյ հետ է, Աստուած ըլլայ, ինչպէս որ վերը ցոյց տրուեցաւ:

Իսկ երբ Աւետարանիչը Բանին էութիւնը ցոյց տուաւ, ատկէ ետք Բանին յաւիտենականութեան մասին կը ճառէ, ըսելով.

Բան. «Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.2):

Մեկնութիւն. Չորս բան ցոյց կու տայ. նախ՝ Է-ն ԷՆ Աստուծոյ հետ էր: Երկրորդ. զուգակցուած անձերուն հաւասարութիւնը: Երրորդ. Հօր միշտ Հայր ըլլալը, Որդիին՝ Որդի ըլլալը: Չորրորդ. նախապէս ըսուած բաները դարձեալ կը կրկնէ, որ ըսաւ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ եւ Աստուծոյ հետ էր:

Դարձեալ յայտնի է, որ երեք պատճառով ելողը ըստ ժամանակի վերջին կ՚ըլլայ՝ քան անկէ որմէ ելաւ: Նախ, ծնողի անկատարութեան պատճառով, ինչպէս որ տղամարդը տղայ եղած ժամանակ չի՛ կրնար որդի ծնիլ, որովհետեւ անկատար է, այդ պատճառով ժամանակով Որդին ետքը կ՚ըսուի քան Հայրը: Երկրորդ. ելումի կերպին համաձայն, որովհետեւ երբ բան մը շարժումով ելլէ, պէտք է, որ ծնողէն ետք ըլլայ, որովհետեւ ըստ իմաստասէրներուն իւրաքանչիւր շարժումը ժամանակով կ՚ըլլայ եւ ո՛չ թէ անժամանակ, ատոր համար ինչ որ շարժումով կը ծնի, պէտք է այնքան ետքը ըլլայ, ինչքան շարժումը կ՚երկարի: Երրորդ պատճառ. ծնողի ազատութեան եւ սկիզբին համար, որովհետեւ երբ մէկը ազատ կամքով բան մը կ՚ընէ, կրնայ գործին ժամանակը երկարել, ինչպէս՝ Աստուծոյ ստեղծուածները, թէեւ Աստուած Ամենակարող է եւ առանց շարժումի կ՚ընէ, սակայն արարածները Աստուծոյ յաւէտակիցներ չեն, այլ՝ ժամանակի սկիզբը ստեղծուեցան: Ըստ այսմ, Աստուծոյ Որդին երեք պատճառներով չ՚ըսուիր թէ Հօրմէն ետք է. նախ, որովհետեւ Աստուծոյ ծննդեան կարողութիւնը անկատար չէ: Երկրորդ. որովհետեւ Աստուծոյ Բանը Հօրմէն շարժումով կամ այլայլութեամբ չ՚ելլեր, ինչպէս Յակոբոսը կ՚ըսէ իր Ընդհանրականին մէջ, թէ [Հայրը] «անփոփոխ է, անդառնալի եւ անստուեր» (Յկ 1.17): Երրորդ. որովհետեւ Որդին Հօրմէն կը ծնի բնութեան հարկադրանքէն ստիպուած, սակայն առանց բռնութեան, որովհետեւ պէտք է, որ Աստուած իմանայ Ինքզինք, եւ Ինքզինք իմանալով՝ Որդին ծնի, ատոր համար պէտք է ըսել, թէ Բանը յաւիտենականութեամբ Աստուծոյ կը հաւասարի: Եւ այս է, որ Աւետարանիչը կ՚ըսէ. «Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.2):

Դարձեալ, չորս բան ցոյց կու տայ: Չորս բաներ, այսինքն՝ աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը՝ ծնունդը. Բանը Աստուծոյ հետ էր՝ անձնաւորութիւնը. Եւ Բանը Աստուած էր՝ Աստուածութիւնը. Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր՝ Հօր հետ անեղութիւնը:

Այս չորսին համար ըսէ որ էր ու խափանէ անոնց ոչ էր-ը, որովհետեւ չորս կողմէ պա-րըսպելով ամրացուց անոնց դէմ, որոնք Բանին անեղութիւնը կ՚ուրանան:

Դարձեալ, յաւիտենականը չորս է. նախ՝ անսկիզբ եւ անվախճան: Երկրորդ. տեւական է, որ անսկիզբ ու անվախճան է: Երրորդ. միշտ է, որ սկիզբն է ու անվախճան: Չորրորդ. ժամանակ, որունն է սկիզբն ու վախճանը:

Արդ, այս չորս է-երը, բոլոր յաւիտեաններէն առաջ ցոյց կու տան Հօրմէն ծնած Բանն Աստուածը:

Դարձեալ՝ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր:

Երեք բան ցոյց կու տայ. նախ՝ Բանին միութիւնը, երբ կ՚ըսէ՝ Ան, ինչպէս խօսքին մէջ երեք անգամ յիշատակեց, իսկ այս խօսքը մէ՛կ է: Երկրորդ. Բանին Աստուծոյ հետ ըլլալը ցոյց կու տայ, որոհետեւ կ՚ըսէ՝ Անիկա Աստուծոյ հետ էր: Երրորդ. ցոյց կու տայ Բանին գոյ ըլլալը, Աստուծոյ հետ ըլլալը, Աստուծոյ գոյ ըլլալը եւ յաւիտեաններուն գոյ ըլլալը, ատոր համար կ՚ըսէ՝ «Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր»:

Հարցում.- Ինչպէ՞ս Բանն ու Հայրը յիշեց, սակայն Սուրբ Հոգին չյիշեց:

Պատասխան.- Երեք պատճառի համար. նախ կ՚ըսենք, եթէ Բանը մարմնացած էր ու կը կարծէին, թէ եղած է, ատոր համար զԱյն ցոյց տուաւ որպէս անեղ: Երկրորդ. կ՚ըսենք, թէ այստեղ Որդիին համար կ՚ըսէ, իսկ այլ տեղ Հոգիին մասին կ՚աստուածաբանէ: Երրորդ. կ՚ըսենք, թէ այստեղ Երրորդութեան անձերը յիշեց. այն, որ կ՚ըսէ՝ Բանը Աստուծոյ հետ էր՝ Հայր. Բանը Աստուած էր՝ Որդի, եւ Անիկա Աստուծոյ հետ էր՝ Սուրբ Հոգին, որովհետեւ Հայր հասարակաբար Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին մէջ է, եւ Որդին՝ Հօր ու Սուրբ Հոգիին, եւ Սուրբ Հոգին՝ Հօր եւ Որդիին: Սակայն ասիկա չեն կամենար անոնք, որոնք կ՚ըսեն, թէ Հոգին Հօրմէ եւ Որդիէն է, ինչպէս վերը ըսուեցաւ:

ՀԵՐՁՈՒԱԾՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Ուրիշ վարդապետներ կ՚ըսեն, թէ Աւետարանիչին աստուածաբանութիւնը տասը տեսակի հերձուածողներու դէմ է, որոնք հրէութենէն ու հեթանոսութենէն են.

Նախ. որովհետեւ ոմանք ըսին, թէ անմարմին Բանը յաւիտեաններէն առաջ չէր, այլ՝ Կոյսէն սկիզբ առաւ, կ՚ըսէ՝ «աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը» (Յհ 1.1), եւ ետքէն չսկսաւ:

Երկրորդ. ոմանք ըսին, թէ երեք անձերը մէկ անձ են եւ մէկ բնութիւն, կ՚ըսէ. «Բանը Աստուծոյ հետ էր» (Յհ 1.1):

Երրորդ. ոմանք ըսին, թէ Բանը ստեղծող չէ, այլ՝ ստեղծուած, կ՚ըսէ. «Եւ Բանը Աստուած էր» (Յհ 1.1):

Չորրորդ. ոմանք երկու աստուած ըսին, մէկը՝ երեւելիներուն համար, միսը՝ աներեւոյթներուն, կ՚ըսէ. «Անով էր, որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց» (Յհ 1.3):

Հինգերորդ. ոմանք ըսին, թէ յստակ է, որ ամէն ինչ Անով եղաւ, չարն ալ Անով եղաւ, կ՚ըսէ. «Առանց Անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց» (Յհ 1.3), որ է չարն ու մեղքը, որովհետեւ ոչինչ է եւ Աստուծմէ չէ՛ արարուած:

Վեցերորդ. ոմանք կ՚ըսեն, թէ անկարգ եւ անյարմար կերպով ստեղծեց արարածները, կ՚ըսէ. «Ինչ որ Անով եղաւ՝ կեա՛նք էր» (հմմտ. Յհ 1.3-4), որովհետեւ իւրաքանչիւր կենդանի կարգ ու սահման ունի:

Եօթներորդ. ոմանք ըսին, թէ արարածները հաւասար կերպով չի՛ խնամեր, այլ՝ աչառութեամբ, կ՚ըսէ. «Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է» (Յհ 1.4), որովհետեւ եթէ զգալի արեգակը ընդհանուր կերպով կը լուսաւորէ, հապա որքան աւելի իմանալի Արեգակը՝ Քրիստոս Աստուած:

Ութերորդ. ոմանք ըսին, թէ Քրիստոս սքանչելիքները կախարդութեամբ կը գործէր, կ՚ըսէ. «Խաւարը չկրցաւ հասկնալ զԱյն» (Յհ 1.5):

Իններորդ. ոմանք ըսին, Քրիստոսի մարդեղութիւնը աչքին երեւցող էր, կ՚ըսէ. «Եւ Բանը մարդ եղաւ» (Յհ 1.14):

Տասներորդ. ոմանք ըսին, թէ միայն մարմին առաւ առանց հոգիի ու միտքի, ասոր մասին կ՚ըսէ. «Հոգին աւանդեց» (Յհ 19.30):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019