ԱՐԱԲԱԳԷՏ ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԵՐՋԻՆ ԴԷՊՔԵՐԸ ՑՈՅՑ ՏՈՒԻՆ, ՈՐ ԿՈՂՄԵՐԸ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԷՄ ԵՆ»

2011 թուականէն ի վեր սկիզբ առած սուրիական պատերազմը իր տարբեր երեսակներով, «նրբութիւններ»ով եւ շրջանային հաւասարակշռութիւններուն առընթեր յառաջ բերած նոր մօտեցումներով՝ կը հանդիսանայ իւրօրինակ եւ աննախընթաց հիմնախնդիր մը։ Սուրիոյ ներքին տարակարծութիւնները եւ համայնքային եզրագծին վրայ եղած անհանդուրժողութիւնը դրօշակի վերածած արեւմտեան երկիրներ՝ սկիզբի փուլին նպատակ ունեցան գետին ստեղծել «յեղափոխական» միջավայրի մը, որուն մէջ կար ընկալում, թէ գլխաւոր կռիւը պիտի մղուէր սիւննի «պեքրաունտ» ունեցող «համայնքայիններ»ուն կողմէ, որոնք ծրագիր մը կատարելու «նախանձախնդրութեամբ», արշաւի կը սկսէին երկրի իշխող համակարգին ու մասնաւորապէս ալեւի համայնքի ներկայացուցիչ ու նախագահ Պեշար Էսատին դէմ։ Անշուշտ այս մօտեցումը աւելի ուշ կը փոխուէր ու յստակ կը դառնար, որ եւրոպական շարք մը երկիրներ, որոնց մէջ ամենէն առաջնային դիրք գրաւող Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Մեծն Բրիտանիան շատ ալ հետամուտ չէին, որ սուրիական վարչակարգը տապալի։ Մինչ տագնապի առաջին օրերուն արեւմտեան երկիրներ բարձրաղաղակ կերպով Էսատէն կը պահանջէին արագօրէն հեռանալ, աւելի վերջ եւ տարբեր հանգամանքներու երեւումով անոնց պահանջը կը փոխուէր։ Սկիզբ կ՚առնէր նոր փուլ մը, որուն հիմնական առաջադրանքն էր պայքարիլ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ ու այդ պայքարին շնորհիւ ալ պահպանել ու ապահովել եւրոպական երկիրներու անվտանգութիւնը։

Անվտանգութիւն՝ Եւրոպա «ներխուժող» գաղթականներուն ու յատկապէս անվտանգութիւն՝ միտուած այն հարիւրաւոր իսլամամէտներուն, որոնք Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած «ճիհատ»ի գաղափարը սպառած համարելէ ետք, «վճռած» էին վերադառնալ «իրենց» երկիրները։ Այս զարգացումներէն անդին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէր առանձինն հետապնդել իր նախնական ծրագիրը, որուն հիմնական առաջադրանքն էր Դամասկոսը հեռացնել Թեհրանէն ու իրարմէ տարանջատել այդ երկու երկիրներու ռազմավարական կապերն ու յարաբերութիւնները։

Ի դէպ, անցնող օրերուն արեւմտեան մամուլի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ սկսան խօսիլ այն մասին, թէ Սուրիոյ վարչակարգին «թեւ ու թիկունք» համարուող Ռուսաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները բաւական լարուած են։ Ճիշդ է, այդ մասին յաւելեալ տուեալներ չեն փոխանցուիր, սակայն շրջան կ՚ընեն շշուկներ, ըստ որոնց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու Ռուսասատան տուած իր վերջին այցին ընթացքին կարողացած է իր երկրին ի նպաստ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք ձգել, նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ։ Խօսքը անշուշտ Սուրիոյ մէջ Իրանի դէմ գծուելիք նոր «կարմիր գիծեր»ու մասին է, որոնք աւելի երեւելի պիտի դառնան յառաջիկայ փուլերուն։

Անշուշտ այդ «խաղ»ին մէջ առաջնային ըսելիք ունէր Իսրայէլը, որուն համար ալ, ինչպէս երէկ, այսօր ալ գլխաւոր հարց կը հանդիսանար հարուածել Իրանը ու այդ երկրի ունեցած ազդեցութիւնը հաւասարացնել զերոյի։

 Այս առումով ալ ընդգծելի դարձած «սուրիական պայքար»ը կը շարունակուի։ Ու այսօր բացայայտ սկսած է դառնալ այն, որ Սուրիոյ համար Իսրայէլի «նախատեսած» ծրագրին տապալումով երեւան սկսած է գալ հակամարտութեան նոր փուլ մը, որուն առաջատարն է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ որուն համար ալ Իրանի դէմ պայքար տանելու «խաղ»ը կը համարուի առկայ բոլոր կանոնները չյարգող խաղաձեւ մը։

ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԶՐՈՅՑ՝ ԱՐԱԲԱԳԷՏ ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Սուրիոյ մէջ կատարուող դէպքերուն եւ առհասարակ խնդրի շրջանային երեսակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով՝ վերջերս արաբագէտ Արմէն Պետրոսեանին հետ ունեցայ շահեկան զրոյց մը, զոր կը ներկայացնեմ ստորեւ։

-Պարոն Պետրոսեան, ի՞նչ կը խորհիք, արդեօք արեւմտեան երրեակ երկիրներու՝ ԱՄՆ-ի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի Սուրիոյ դէմ ուղղուած հարուածներէն ետք հաւանակա՞ն է, որ բանակցային փուլը՝ այս տագնապի հետ կապուած, վերաշխուժանայ:

-Անշուշտ, բաւական սակաւ, այնուամենայնիւ, կայ որոշակի հնարաւորութիւն, որ սուրիական իշխանութիւններու դէմ, այսպէս կոչուած, «պատժիչ հարուածէն» յետոյ կրնայ նախաձեռնուիլ նաեւ հակամարտութեան կարգաւորման միտուած որոշակի քաղաքական գործընթացի, մինչդեռ կասկածէն վեր է, որ ան արդիւնաւէտ ըլլայ: Պատճառն այն է, որ կը շարունակուին խորունկ տարաձայնութիւնները, ինչպէս հակամարտութեան ներգրաւուած աշխարհաքաղաքական, այնպէս ալ տարածքաշրջանային հիմնական դերակատարներու միջեւ։ Միւս կողմէ՝ հիմնականին, Սուրիոյ վարչակարգի օգտին են այդ երկրին ներքին դիրքային շարժերը, որոնք որեւէ հնարաւորութիւն չեն ստեղծեր քաղաքական սակարկութիւններու համար: Իսկ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ առկայ բազմաշերտ լարուածութիւնը եւ անոր խորացման միտումները թոյլ կու տան կանխատեսելու, որ սուրիական հիմնախնդիրը հակամարտ բեւեռներու համար յետագային ալ պիտի ծառայէ ոչ թէ բանակցելու, այլ տրամագծօրէն հակառակը՝ առնուազն որպէս «մկաններ ցուցադրելու» հարթակ:

-Շարք մը արաբ վերլուծաբաններ, խօսելով վերջերս տեղի ունեցած զինուորական հարուածի մասին՝ նկատել տուած են, որ այդ հարուածի գլխաւոր նպատակն էր ոչնչացնել Սուրիոյ քիմիական զէնքի արտադրութեան բոլոր մակարդակները: Կը կիսէ՞ք այս տեսակէտը, եւ ինչքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը:

-Ես կը կարծեմ՝ Սուրիոյ՝ ենթադրեալ քիմիական զէնքի դէմ իրականացուած գործողութիւնը պէտք է դիտարկել քանի մը մակարդակներով։ Ձեր նշած փորձագէտներու ներկայացուցած տեսակէտը միայն մէկ բաղադրիչն է: Իսկ սուրիական իշխանութիւններու կողմէ քիմիական զէնքի տիրապետելու վերաբերեալ մեղադրանքները կը գնահատեմ «ենթադրեալ», քանի որ 2013 թուականի աւարտին Քիմիական զէնքի արգելման կազմակերպութեան անդամակցելէ յետոյ երկու տարուան ընթացքին, ըստ նոյն կազմակերպութեան, Դամասկոսը յանձնած է քիմիական զէնքի ամբողջ զինանոցը: Իսկ Սուրիոյ դէմ իրականացուած հարուածի միւս թիրախային ուղղութիւնները կարելի է դիտարկել նաեւ սուրիական իշխանութիւններուն, անոնց արտաքին հովանաւորներուն ուղղուած նախազգուշացումները առ այն, որ այս հակամարտութեան շրջանակներու մէջ որեւէ սկզբունքային գործընթաց չի կրնար անտեսել Արեւմուտքի եւ անոր տարածքաշրջանային դաշնակիցներու շահերը: Բացի այդ, ռազմագործողութիւնը կարելի է գնահատել նաեւ՝ որպէս վերջին շրջանին Մոսկուայի եւ Թեհրանի դէմ գործադրուող համակողմանի ճնշման քաղաքականութեան հերթական բաղադրիչ՝ միտուած մերձաւոր-արեւելեան տարածքաշրջանին մէջ այս առանցքային դերակատարներու հեղինակութեան սասանման:

-Խօսելով Ռուսաստանի դերին մասին, կարծիք կայ նաեւ, որ Ռուսաստան չհակադարձելով այս հարուածներուն, աշխարհը փրկեց բաւական լուրջ եւ վտանգաւոր պատերազմէն կամ զարգացումներէն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին:

-Նախ եւ առաջ, պէտք է նշել, որ ԱՄՆ-ի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ իրականացուած համատեղ ռազմագործողութիւնը չափազանց զգոյշ եւ մանրազննին կերպով իրականացուած «ոսկերչական» գործողութիւն մըն էր։ Ան նպատակ կը հետապնդէր թիրախաւորել բացառապէս Սուրիոյ քիմիական զէնքի հետ կապուած գործիքները՝ խուսափելով վնասել այդ երկրի տարածքին մէջ եղած որեւէ այլ արտաքին դերակատարի դիրքերը՝ հարուածելէ առաջ կանխաւ տեղեկացնելով շարք մը շահագրգիռ խաղացողներու, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, այլ կերպ ըսած՝ «պատժիչ հարուածը» նաեւ Արեւմուտքի «երեսը» փրկելուն միտուած թիրախային գործողութիւն էր: Նշուածի տրամաբանութեան մէջ էր նաեւ Մոսկուայի կողմէ պատասխան-գործողութեան բացակայութիւնը: Մինչդեռ կ՚ենթադրուի, որ Ռուսաստանի պատասխան-գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան որոշակի ժամանակահատուած անց՝ նոյն Սուրիոյ տարածքին Արեւմուտքի հովանաւորեալ տարաբնոյթ հակակառավարական խմբաւորումներու դէմ իրականացուելիք հարուածներու ձեւով կա՛մ սուրիական վարչակարգի համապատասխան գործողութիւններուն ցուցաբերուելիք աջակցութեամբ: Զուգահեռաբար նաեւ յատկապէս ռուսական եւ ռուսամէտ զանգուածային լրատուութեան միջոցները Մոսկուայի կողմէ պատասխան-գործողութեան չերթալու իրողութիւնը կը ներկայացնեն՝ որպէս խոհեմ քայլ, որու շնորհիւ հնարաւոր եղաւ խուսափիլ այսպէս կոչուած «Երրորդ համաշխարհային»էն: Մինչդեռ, իմ խորին համոզմամբ՝ վերջին օրերու լարուածութեան նման հանգուցալուծումը արդիւնքն է այն պարզ ճշմարտութեան, թէ աշխարհաքաղաքական դերակատարներէն որեւէ մէկը նախ պատրաստ չէ, հետեւաբար նաեւ չի ցանկար բախումները տանիլ ընդհանուր առճակատման հունով:

-Հնարաւո՞ր է, որ Արեւմուտքը կրկնէ այս յարձակումները, նկատի ունենալով, որ ո՛չ Ռուսաստան եւ ոչ ալ Իրան պատասխանեցին այս հարուածներուն:

-Անշուշտ հնարաւոր է, քանի որ արեւմտեան երկիրները նաեւ սուրիական հակամարտութեան մէջ ունին իրենց սեփական շահերը եւ անոնց պաշտպանութեան համար անհրաժեշտութեան պարագային կրնան երթալ նաեւ նման քայլերու: Պէտք է արձանագրել պարզ ճշմարտութիւն մը. սուրիական հակամարտութիւնը մերօրեայ աշխարհի միջազգային բախման ամենաթէժ հարթակն է, եւ անոր ներգրաւ-ւած հակամարտ ճամբարներէն մէկու յաղթանակը ուղղակիօրէն կը նշանակէ միւսի պարտութիւնը, որ, բնականաբար, տարբեր մակարդակներու վրայ լրջօրէն կը վնասէ պարտուած ճամբարներու ներկայացուցիչներու հեղինակութեան: Իսկ այս հնարաւորութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ առկայ ներկայ իրողութիւններու պայմաններով գրեթէ անհնար է: Հետեւաբար, սուրիական հակամարտութեան մասնակից որեւէ լուրջ դերակատարի անգամ ժամանակաւոր ընկրկումը եւ յարաբերական հաւասարակշռութեան խախտումը կրնայ վերականգնուիլ՝ արձանագրած հնարաւոր եղանակով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018