ԷՍԱՏԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳՆ ՈՒ ՍՈՒՐԻԱՆ (1)
Պեշար Էսատը տապալեցաւ, իր հետ տանելով Սուրիա մը, որ տեւեց աւելի քան յիսուն տարի: Ֆրանսայէն անկախանալէն վերջ, Սուրիան ընդհանրապէս կայացած պետութիւն մը չէր։ Առ ի հակադրութիւն արաբականութեան՝ Ֆրանսան ստեղծեց Սուրիան, որուն հասկացողութեան ալ հիմնադիրն էր։ Պատմութեան մէջ չէ եղած սուրիական միաւորով պետութիւն մը եւ ֆրանսական հովանաւորութիւնը անոր կայացման համար, բնականաբար, քաղաքական ու ռազմավարական նպատակներ հետապնդած է, Սայքըզ-Փիքոյէն մինչեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ու միւս արաբական երկիրներու անկախութիւնը: Սուրիան անկախութենէն ետք հաստատուն, որդեգրելի դիմագիծ ու ինքնութիւն չէ ունեցած, հակառակ, որ ան ունէր արաբական սուր ձեռքբերովի շինծու կամ նուազագոյն չափով թունդ ինքնութիւն մը, ան միեւնոյն ժամանակ կը թաւալէր համասուրիականութեան, իսլամական խալիֆայութեան եւ աննկատ չափով քրտականութեան առանցքներուն մէջ: Հաֆըզ Էսատ փորձեց երկաթեայ բազուկով Սուրիոյ ինքնութիւն մը տալ եւ հակաիսրայէլեան արմատական կեցուածքով՝ կրցաւ ձեւով մը, այսպէս ըսած՝ սուրիականութիւն մը յառաջացնել:
Հայութեան պատմութիւնն ու ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ շատ հին է, նոյնիսկ ձեւով մը հայ պատմական ու քաղաքական միտքին մէջ յատուկ տեղ ունի։ Եթէ հայկական ազգայնական մօտեցումներով ալ վերծանենք սուրիականութիւն մը, ապա բնականաբար, զայն կրնանք կապել Տիգրան Մեծի ժամանակահատուածին: Մեծ եղեռնէն ետք Սուրիոյ վարչական տարածքը եղաւ փրկուած հայերու վերընձիւղման վայրը: Հայերու ստեղծած Սուրիան, բնականաբար, տարբեր էր ասորիներու, սուրիացիներու, քիւրտերու եւ ալեւիներու Սուրիայէն։ Հայերը մեծ ներդրում ունին այդ երկրի պետականութեան կայացման ու զարգացման գործին մէջ: Ներկայիս հայութեան նօսրացած թիւով պայմանաւորուած՝ գրեթէ անուանական ու խորհրդանշական մնացին հայերուն ամէն տեսակի դերը այդ երկրին մէջ: Սուրիոյ անկախութենէն ետք հայերը անդադար գաղթեցին դէպի Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Հայաստան, Լիբանան ու վերջին շրջանին ալ Գանատա։ Թէեւ հայերուն թիւը նուազեցաւ մի քանի հազարով, սակայն, Սուրիան հայութեան համար մնաց մայր գաղութ եւ սփիւռքի հիմնական արմատ: Հայերուն հիմնական դիմագիծի կերտումն ու ներկայացումը եղաւ Հալէպի միջոցաւ, ուրկէ, աներկբայօրէն կրնանք ըսել, որ սկսաւ սփիւռքահայ կերպարի, մշակոյթի ու ազգասիրութեան վերընկալումն ու կազմումը: Հալէպը մեծ աւանդ ունի հայութեան համընդհանուր կեանքին մէջ, իսկ միւս կողմէ Էսատի Սուրիոյ հետ հայերը պարտադրաբար նոր կերտուածք մը ձեռք բերին։ Միջին վիճակագրական սուրիահայը եղաւ անազատ մարդ ու կաշկանդուած, ինչպէս նաեւ անոր մտածելակերպը կազմուեցաւ բռնատիրական վարչակարգի տրամաբանութեամբ: Հայ ժողովուրդը, այո, Սուրիոյ մէջ եղաւ ամենայարգուած ու առաջին դասակարգի քաղաքացիներէն մին, սակայն, միեւնոյն ժամանակ ան դարձաւ աւելի յետամնաց ու նեղմիտ:
Էսատի վարչակարգը բռնատիրական, փտած, յետադիմական ու կեղծաւոր էր։ Բայց եւ այնպէս, իմ կարծիքով՝ թէեւ բոլոր հայերը գիտէին այդ մէկը, սակայն, հասած էին տնտեսական յարաբերական բարօրութեան եւ յարգուածութեան մակարդակի, ուստի, աչք փակեցին՝ թէ՛ ազգային ինքնախաբէութենէն մեկնած եւ թէ օգտաւէտութեամբ ինքնահամոզուեցան: Մշտապէս քաղաքա-ընկերաբանական պայմանները կը հիւսեն ժողովուրդներու մօտեցումները։ Պէտք է յիշել, որ հայերը մեծ արհաւիրք ապրած էին, առանց պետութեան տանիքին եւ ակամայ Սուրիոյ մէջ եղած հայկական զարթօնքը՝ վարչակարգերն ու քաղաքականութիւնները շրջանցնող էր, ի գին հայապահպանութեան, որ արդէն իսկ եւ ակամայ աւելի դիւրին կ՚ընթանար իսլամական հաւաքականութիւններու մէջ:
Կար այն մեծ գովազդը, թէ հայր Էսատը կը սիրէր հայութիւնը եւ յատուկ վերաբերմունք ունէր անոնց նկատմամբ։ Հաւանաբար, այս բոլորը ճիշդ կրնայ ըլլալ, բայց, հայկականութեան ալ շահերէն մեկնած, այդ մէկը չէր նշանակեր, որ հայր Էսատը բռնակալ մը չէր։ Եւ անոր կապել հայութեան ու տեղ մըն ալ Հայաստանի քաղաքական մտամարզանքները խակութիւն էր, չըսելու համար՝ նոյն վարչակարգէն վախի դրսեւորում:
Հայութիւնը բարգաւաճեցաւ նաեւ Լիբանանի, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ, իսկ սփիւռքի կազմաւորումը, վարչակարգերուն հետ տարրական կապ ունենալու կողքին, Խորհրդային ու անկախ Հայաստանի հետ եւ ներսփիւռքեան կապերով, ամէն տեղ ծիլեր տուաւ: Ի վերջոյ, հայերուն բարգաւաճումը Էսատի վարչակարգին կապելը՝ առարկայական մօտեցում մը չէ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շար. 1
Երեւան