ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ
Դ.
ԵՐԵԽԱՅԻՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐԸ
Հագուստին նշանակութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել: Մեր պարուրներուն վնասակարութիւնը: Հագուստէն եւ պարուրէն ի՞նչ կը պահանջուի: Փաթաթաններն ու հագուստը ի՞նչ կտորներէ պէտք է ըլլան: Շապիկը, բաճկոնը եւ երեխային փաթթելու ձեւը,- Ծրարը: Գլուխը պէտք չէ սեղմել: Անգլիական ձեւը: Գուլպաները: Դուրսի հագուստները: Մաքրութիւն: Երեխային հագուստներուն լուացումը: Մէզէն պահպանելը:
Հագուստին նշանակութիւնը. բացատրենք, թէ ի՞նչ է հագուստին նշանակութիւնը: Մանուկին, մեծահասակներուն, ինչպէս նաեւ կենդանիներուն տաքութիւնը իրանէն է, այսինքն՝ իր մարմինին մէջ կը գոյանայ: Մօր արգանդին մէջ երեխային մարմինը նոյն տաքութիւնը ունի, ինչ որ արգանդային հեղուկը, ուր ան կը լողայ: Աշխարհ եկած ատեն ան իր տաքութենէն 1-20 կը կորսնցնէ, իսկ թուլակազմերը առաւել եւս, որովհետեւ ծննդեան առաջին օրերուն երեխային կազմուածքը շատ դանդաղ տաքութիւն կը գոյանայ: Մի քանի օր ետք, երբ երեխային ներքին գործարանները կը սկսին աշխատիլ, ան կը սկսի բաւականաչափ գոյանալ, իսկ այնուհետեւ անփոփոխ կը մնայ: Մարմինը այս տաքութիւնը անդադար կը կորսնցնէ զանազան ճանապարհներով, ինչպէս կը տեսնենք, երբ մսելու մասին կը խօսինք, իսկ հագուստի նպատակն է՝ պահպանել մարմինին տաքութիւնը: Հագուստին ձեւէն, կտորի տեսակէն շատ բան կախուած է, այդ պատճառով անհրաժեշտ է լաւ հասկնալ, թէ փոքր մանուկները ի՛նչ ձեւով պէտք է փաթթել եւ հագցնել: Նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ երեխային կազմուածքը տակաւին չի՛ կրնար այնքան տաքութիւն տալ, որ ան կարող ըլլայ ցուրտին դիմադրել, ինչպէս այդ որոշեալ չափով մենք՝ մեծահասակներս կրնանք ընել: Այս է պատճառը, որ անոնք աւելի մսկոտ կ՚ըլլան:
Այս նպատակէն զատ, հագուստը երեխային հարիւր տեսակ վնասներէ, վիրաւորուելէ, այրուելէ, եւ այլն, կը պաշտպանէ:
Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել. ո՞վ չէ զարմացած դիտելով մեր երեխաներուն պարուրուիլը: Փոքր լացող էակը լաթերուն վրայ կը պառկեցնեն եւ ինչքան ուժ ունին՝ իրարու վրայ կը բերեն փաթաթանները, նախ թեւերը կուրծքին ամուր սեղմելով, յետոյ ոտքերը՝ իրարու, բոլորը դարձեալ պինդ կը սեղմեն լաթերուն մէջ, վրայէն ալ շալ մը կամ աղլուխ մը [բուրդէ, կամ բամպակէ, կամ մետաքսէ փոքրիկ կտոր] կը կապեն, խեղճին մարմինը սեղմելով, կարծես պոխչա կը շինեն: Յետոյ զայն օրօրոցին մէջ կը դնեն եւ դարձեալ պինդերով լաւ մը կը կապեն:
Զարմանալի է, թէ ի՛նչպէս մինչեւ հիմա մայրերը չեն հասկցած, որ երեխային ալ ազատութիւն անհրաժեշտ է եւ կարելի չէ անոր այնպիսի կապերով ու պինդերով կաշկանդել, ինչպէս կ՚ընեն պարուրը շինելով: Ինչո՞ւ անոնք այդքան կը նեղուին ու կը տանջուին, երբ անոնց հագուստը նեղ է, կամ կօշիկը կը սեղմէ, իսկ այն փոքրիկ, անզօր, նորափթիթ էակը պիտի չնեղուի, երբ անոր գլուխն ու ամբողջ մարմինը կը սեղմեն փաթաթաններու մէջ, կապերով ու պինդերով կ՚ամրացնեն եւ եգիպտական մումիա կամ Լիոնի երշիկ (արեւելահայեր կը գործածեն կալբաս) կը դարնձնեն, ինչպէս ֆրանսացի բժիշկ մը կ՚ըսէ: Այլեւս ինչո՞ւ զարմանանք, որ երեխան գիշեր-ցերեկ կը ճչայ, որ ան վատ կը զարգանայ, եւ այլն:
Մայրերը, ի վերջոյ, պէտք է հասկնան, որ երեխային հազար անգամ աւելի ազատութիւն անհրաժեշտ է, քան թէ մեծահասակներուն: Պինդ պարուրը երեխային կուրծքը, փորը, ոտքերն ու թեւերը կը սեղմէ, կը խանգարէ շնչառութիւնը եւ արեան ազատ շրջանառութիւնը, մկանները անշարժ կը պահէ, ինչ բանի պատճառով երեխան սաստիկ ճնշումի մէջ կ՚իյնայ, եւ այդ բոլորին հետեւանքը զանազան տկարութիւնները կ՚ըլլան: Ասիկա տակաւին բոլորը չէ: Չզարմանաք, եթէ ըսեմ, թէ քանի մեր հագուստը ամուր սեղմուած է մեր մարմինին, այնքան քիչ կը տաքցնէ մեզ: Ատոր բացատրութիւնը այն է, որ մարմինին պինդ կպած հագուստին ու մարմինին մէջ օդ չի՛ մնար, որպէսզի տաքնայ, իսկ երբ հագուստը լայն է (անշուշտ կարիք չկայ, որ շատ լայն ըլլայ), անոր եւ մարմինին միջեւ շերտ մը օդ կը մնայ, որ կը տաքնայ ու տաք կը մնայ: Փորձերը ցոյց տուած են, որ լայն շապիկը երկու անգամ աւելի տաք կը պահէ, քան սեղմածը:
Ուրիշ զգուշութիւն մը եւս, որ մայրերը պէտք է ունենան, այն է, որ թեթեւ փաթաթեն եւ ծածկեն երեխաները ու ո՛չ թէ քրտնախաշ ընեն զանոնք, ինչպէս ատիկա յաճախ տեղի կ՚ունենայ: Թող լաւ հասկնան, որ երեխան շատ դիւրութեամբ կը մսի, երբ չափազանց տաք կը պահուի:
Ըսածներս կ՚եզրակացուին հետեւեալ երեք գլխաւոր կանոններով, որոնք պէտք է աչքի առաջ ունենալ՝ երեխան հագցուցած ժամանակ:
ա. Թէ՛ պարուրը եւ թէ՛ հագուստը պէտք չէ սեղմեն երեխային, ո՛չ անոր անդամները, ո՛չ կուրծքը (որպէսզի չխանգարեն շնչառութիւնը):
բ. Հագուստը պէտք է եղանակին եւ սենեակի օդին բարեխառնութեան յարմարի, այսինքն՝ ո՛չ շատ տաք ըլլայ եւ ո՛չ ալ բարակ:
գ. Անոնք պէտք է փափուկ կտորէ ըլլայ, որպէսզի մանուկին մաշկը չգրգռեն:
Քիչ մը խօսինք այս վերջին պայմանին մասին, թէ ի՛նչ կտորէ պէտք է կտրել երեխային փաթաթաններն ու հագուստեղէնը:
Առաջին շաբթուան ընթացքին պէտք է պարուրել երեխան, բայց ո՛չ այնպէս, ինչպէս կը կատարուի:
Ատոր համար որոշ կանոններ կան, որ իւրաքանչիւր երեխատէր պէտք է իմանայ:
Գիտական հետազօտութիւնները ապացուցած են, որ բոլոր կտորները մէկ տեսակ չեն, մի քանի գործուածքներ աւելի տաք կը պահեն մարմինը, մի քանին աւելի կը գրգռեն մաշկը, եւ այլն, իսկ մէկ քանին, թէեւ տաք կը պահեն (օր. մետաքսէ կտորը), բայց կը գրգռեն մաշկը. նաեւ կան կտորներ, որոնք չեն գրգռեր, բայց տաքութիւնն ալ չեն պահեր: Ուրեմն, ի՞նչ տեսակ գործուածք անհրաժեշտ է մանուկին: Այս բոլորը առանց մանրամասն բացատրելու՝ ըսեմ, որ երեխային մարմինին ամենէն յարմարը բարակ քաթանն է, կամ լաւ գործուած փափուկ բամպակէ կտորը: Ո՛չ ֆլանել, ո՛չ մետաքս կարելի է հագցնել մանուկին: Միայն գուլպաները պէտք է բուրդէ ըլլան:
Ամենէն առաջ շապիկը կը հագցնեն (տե՛ս նկ. 14): Շապիկը երկայն, լայն թեւեր ունի, ճեղքուած է քամակէն եւ այնքան լայն, որ եզրերը իրարու վրայ կ՚իյնան մէջքի վրայ. ան պէտք է այնքան կարճ ըլլայ, որ հազիւ պորտին հասնի, որպէսզի չապականի: Բաճկոնը շապիկին վրայէն կը հագցուի: Երեխային թեւերը անցընելու համար ձեռքերը թուղթով կը փաթթեն:
Մարմինին տակի մասը փափուկ քաթանէ եւ անձեռոցային կոչուած գործուածքէ պատրաստուած տակաշորով կը ծածկեն: Ասոնք քառանկիւն կ՚ըլլան, մէկ արշին լայնութեամբ եւ երկարութեամբ: Փաթթելէ առաջ այնպէս կը ծալեն, որ եռանկիւն կը ստացուի (տե՛ս նկ. 15): Փաթթած ատեն երեխան այնպէս կը դնեն, որ անոր գօտիկը կու գայ եռանկիւնի երկար կողմը, իսկ դիմացի անկիւնները ոտքերու արանքէն անցընելով կը բերեն ու կը ծածկեն փորը: Երկու կողմի անկիւնները նոյնպէս կը միացնեն փորին վրայ: Երբ մանուկը տակաշորով լաւ փաթթուած է, զայն կրկին փաթաթաշորի մէջ կը դնեն: Ասիկա երկու տեսակ կ՚ըլլայ. մէկը տակէն՝ բարակ եւ փափուկ կտորէ, որով երեխան կը ծածկեն տակաշորէն ետք, իսկ միւսը վրայէն, որ ֆլանելէ կամ բումազէյէ կ՚ըլլայ, իսկ ցուրտ ժամանակ նոյնիսկ բայկէ: Անոնց մեծութիւնը մի քանի քառակուսի արշին կ՚ըլլայ:
Ուրեմն, երեխան հետեւեալ ձեւով պէտք է հագցնել.
Նախ երեսի փաթաթաշորը կը փռեն, անոր վրայէն տակինը, յետոյ ատոր վրայ տակաշորով փաթթուած երեխան կը դնեն: Երեխան պէտք է այնպէս դնել, որ անոր գլուխը դարձած ըլլայ դէպի վերի անկիւնը, իսկ ոտքերը հակառակ անկիւնը: Յետոյ տակի անկիւնը փորին վրայ կը ծալեն ու երկու կողմի անկիւններով ամբողջ մարմինը կը փաթթեն: Վերջապէս, դուրսի անկիւնը անվտանգութեան քորոցով կամ նեղ ժապաւէնով կ՚ամրացնեն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 7
Վաղարշապատ