ԵՐԿՈՒ ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մէկ զաւակ, թէ երկու, երեք կամ չորս, եւ ինչու չէ՝ աւելին: Հազար ու մէկ հաշիւներէ ետք, կ՚որոշուի, նորապսակ տիկնոջ եւ ամուսնոյն միջեւ. «Չէ՛, չորս հատ չենք կրնար, երեքն ալ դժուար է մեծցնելը, երկուքին հազիւ հասնինք, հիմա մէկ հատ բերենք, յետոյ Աստուած ողորմած է»: Զարմանալիօրէն՝ հարց տանք ասոնց, Աստուած ի՞նչ գործ ունի ձեր յարաբերութեանց մէջ: Ան ձեզի շնորհած է խելք՝ մտածելու համար, ուժ ու կորով աշխատելու, ապրելու եւ ապրեցնելու համար: Եթէ չցանկաք գերագոյն ապրելակերպը ձեր կեանքին մէջ եւ ընդունիք համեստը, ապա ինչո՞ւ պիտի բաւականանայիք միայն մէկ կամ երկու զաւակով: Պահ մը դիտեցէք ձեր չորս դին. կան, կան շատ ու շատ ծնողներ, որոնք անդադար զաւակ կը բերեն աշխարհ, առանց այլեւայլ հաշիւներու, որոնք ժամանակի ընթացքին հասակ կ՚առնեն ձեր եւ ձեր զաւակներուն երկիրը, ապրուստը, աշխատանքը եւ կեանքի ուղին գրաւելու համար:

Այս մտածելակերպը դժբախտաբար աշխարհատարած է սպիտակ ցեղին մօտ միայն:

Պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եղած է բազմազաւակ, մինչեւ վերջին տասնամեակները, ուր սակաւաթիւ զաւակներով ծնողներու պատճառաբանութիւնները, իրաւացի թէ շինծու, տեղ գտած են մեր ընտանիքներուն մէջ, պատճառ դառնալով մեր ազգի աճման նուազումին:

Փաստուած իրողութիւն են ազգերու աճման սանդղակին տուեալները, ուր սպիտակազգիները, մէջն ըլլալով նաեւ հայը, այսօր, յետքայլի մէջ է ծնելիութեան թիւով, մինչ աշխարհի մնացեալ ազգերը կը գերադասեն զայն մեծ թիւերով, մեծ սպառնալիք դառնալով աշխարհին, եւ մանաւանդ՝ երկիրներու... կորուստին, նկատի ունենալով նաեւ մեր հայրենիքին կարգավիճակը: Անցեալ տարի հայրենիքը լքած են մօտաւորապէս 25 հազար անձեր, անվերադարձ: Նախանցեալ տարիներուն յար եւ նման թիւերով անհատներ: Պատճառները բազմաթիւ են եւ սակայն իրողութիւնը կը մնայ դառն իրողութիւն: Գիւղերը կը դատարկուին անխնայ կերպով եւ անդադար: Իսկ եթէ այս ընթացքը շարունակուի, ողբերգական կացութեան կրնայ մատնուիլ հայրենիքը: Մտածել եւ գործնական անհրաժեշտ քայլեր առնուելու են պետականօրէն՝ կանխելու համար մահասփիւռ իրականութիւնը, առանց պատճառաբանութեան:

Այսօր, աշխարհի երեսին կը տեսնենք ազգեր, որոնք տակաւին կ՚ապրին նախադարեան սովորութիւններով եւ կեանքով, կարծէք աշխարհէն կտրուած, տարբեր մոլորակի վրայ ապրող էակներ ըլլան: Քաղաքակրթութենէ ու տարրական զարգացումէ զուրկ ազգեր, որոնք տակաւին կ՚ապրին անասնական բնազդով, անդադար կը ծնին սերունդներ, որոնք իրենց ծնողներէն տարբեր չեն կրնար ըլլալ, իրենց ապրելակերպին, հաւատքին, սովորութիւններուն եւ միջավայրին համաձայն, առանց դոյզն ճիգը թափելու զարգացման եւ յառաջդիմութեան: Ընդհանրապէս՝ այս տեսակի ազգեր ծնունդ կու տան փողոցայիններու, ստահակներու, գողերու, աւազակներու, ոճրագործներու եւ այլ անպէտք արարածներու, որոնք բնաւ օգուտ չունին հասարակութեան եւ աշխարհի ժողովուրդներուն: Անոնք պարզապէս տզրուկներ են:

Բնաւ հանդիպած, լսած կամ տեսա՞ծ էք նոր հնարքի մը կամ գիւտի մը մասին, որուն հեղինակը եղած է այդ դասակարգին պատկանող էակ մը անցեալի երկու հազար տարիներու ընթացքին: Վառ օրինակ են հայրենիքի հարեւան երկիրներ եւ աշխարհի երեսին  յար ու նման  ազգաբնակչութիւններ, որոնք տակաւին կը ցանկան հուրի ու սուրի ուժով տէր ու տիրական դառնալ ուրիշի հողին ու ջուրին: Ատրպէյճանը վկայ:

Բնաւ լսուա՞ծ է գիւտարարի մը անունը այս ազգի զաւակներուն մէջ, առանց նկատի առնելու այն բոլոր ընդօրինակութիւններն ու սեփականացումները, արհեստական եւ արուեստական աշխարհէն: Նման պետութիւններ, սնած ու ապրած են զարգացած երկիրներու արդիւնաբերութեամբ, անոնց շուքին ներքեւ, շնորհիւ իրենց բնական հարստութիւններուն շահագործումով կամ՝ վարած ճարպիկ եւ ճկուն քաղաքականութեամբ: Իսկ այսօր, ասոնք, յանուն ժողովըր-դավարութեան, սեռային խտրականութեան արգելքին, մարդկային գութին, եւ... համաշխարհայնացումի «բարի» կոչերուն, արդէն կը խուժեն Եւրոպա եւ Ամերիկա, պարզապէս... սնելու եւ օգտուելու համար այդ ժողովուրդներու բարիքներէն, առանց դոյզն իսկ մէ՛կ օգտակարութիւն ունենալու այդ երկրին:

Այս բոլորին կողքին, կան նաեւ՝ անաղմուկ, անձայն  գալարող տիրապետութեան արշաւանքներ, որոնք կ՚իրականացուին զանազան ազգերու կողմէ, Եւրոպայի տարբեր երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Անոնք զանգուածային ներգաղթերն են, որոնք պատուհասը կը դառնան իրենց հասած երկրին:

Դառնալով մեր իրականութեան, ժամանակին, մեր նախնիները կ՚ըսէին՝ «նորածին երախան բախտը հետը կը բերէ»:

Այս առածին հաւատացող կա՞յ այսօր, հայ ժողովուրդ:

Առանց պատճառաբանութեան:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Նոր օր», Լոս Անճելըս

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017