ԻՏԼԻՊՆ ՈՒ ՍՈՒՐԻԱՆ…

Վերջին ամիսներուն Սուրիոյ մասին առկայ ուշադրութիւնը հասաւ նուազագոյն մակարդակի։ Խօսքն անշուշտ այս 2019 տարուան մասին է, յատկապէս որ անցեալ 2018 տարուան ընթացքին մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ փորձ կատարուեցաւ Սուրիոյ տագնապը տանիլ քաղաքական բեմահարթակ եւ ամէն գնով փորձել ընդդիմութիւնն (կամ ինչ որ դեռ մնացած էր, որպէս չափաւոր կամ ընդունելի ընդդիմութիւն) ու իշխանութիւնը դէմ-դիմաց նստեցնելով փորձել հարցերը բարձրաձայն կերպով քննարկել եւ անցնիլ առաջարկութիւններ լսելու կարեւոր փուլին։ Ի դէպ, այս առումով ամենէն աւելի նկատառութեան արժանի դերը վերցուց՝ Ռուսաստան, որուն հովանաւորութիւնը վայելող յատկապէս Աստանայի, Սոչիի եւ Սեն Փեթերսպուրկի համաժողովներն ու հանդիպումները համարուեցան ուղենշային հանդիպումներ։ Թէեւ զանազան առումներով ալ սուրիական տագնապին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի դեր ստանձնած կողմերը շատ լաւ կը գիտակցէին, որ Սուրիոյ հարցը քաղաքական թատերաբեմ տանելու համար ամենէն առաջնային խնդիրը Իտլիպի հարցը լուծելն էր, որ սակայն ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ երկրի մեծագոյն խնդիրը, կամ այդ երկրի գլխաւոր արիւնահոսող վէրքը։

Մինչ անցեալ տարի տագնապին մէջ դեր ունեցող կողմերը գրեթէ անտեսած էին Իտլիպի խնդիրը, այս տարեսկիզբին Դամասկոս, Անգարա եւ մասնաւորապէս Մոսկուա մեծ շեշտադրումներ կատարեցին Իտլիպի մասին։

Մինչ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իր ռուս գործընկերոջ՝ Փութինի հետ Սոչիի մէջ կը յաջողէր Իտլիպի մասին որոշ համաձայնութեան մը գալ, անդին պաշտօնական Դամասկոս, զանազան հարթակներու վրայ կը փորձէր խօսիլ Իտլիպի հարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու անհրաժեշտութեան եւ նոյնիսկ անխուսափելիութեան մասին։

Սակայն այսօր բոլորին համար ալ պարզ սկսած է դառնալ, որ հակառակ իր առանցքային բնոյթ ունենալուն, Իտլիպի խնդիրը յատկապէս տարածքաշրջանային առումով տեղափոխուած է նուազ կարեւոր տեղ մը, իր դիրքերն ու կարեւորութիւնը փոխանցելով Իրան-Միացեալ Նահանգներ բաւական բարդ եւ խճճուած խնդիր-հակամարտութեան։

Անշուշտ հարկ է նշել, որ Իտլիպի հարցը այդքան ալ հեշտ լուծուելիք խնդիր մը չէ, մանաւանդ որ այդ նահանգին մէջ կ՚ապրին շուրջ երեք միլիոն բնակիչներ, որոնց կարեւորագոյն մասը կտրականապէս դէմ է Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատին եւ անոր իշխանութիւններուն։

Այս բոլորին հետ մէկտեղ կարեւոր է նաեւ նշել, որ Իտլիպի խնդրին շուրջ ընթացք առնող որեւէ զարգացում (ու յատկապէս ռազմական մակարդակի զարգացում) ընդունելի պիտի չհամարուի Անգարայի համար, մանաւանդ որ Թուրքիան այսօր պատրաստ չէ սուրիացի փախստականներու դէպի իր երկիր ներհոսքի նոր ալիքի մը։

Միւս կողէ, կայ նաեւ արմատական զինեալներուն հարցը, որուն լուծումը նոյնպէս կրնայ նոր բարդութիւններու դուռ բանալ եւ թոյլ տալ, որ իսլամամէտ զինեալներ կայք հաստատեն Թուրքիոյ մէջ եւ անկէ ալ փորձեն անցնիլ դէպի եւրոպական ափեր։

Ամէն պարագայի վերջին մէկ շաբթուան զարգացումներուն լոյսին տակ սկսած է աւելի պարզ դառնալ, որ այսօրուան գլխաւոր օրակարգը Իրան-Միացեալ Նահանգներ տագնապն է, որուն ծայրը պիտի հասնի մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի ընտրութիւն։

Այլ խնդիր, թէ Իրան պիտի կարողանա՞յ համբերել եւ իր ունեցած ամբողջական ներուժով պայքարիլ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն ու տնտեսական հարուածներուն, սակայն աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ սուրիացիք եւս սկսած են հասկնալ, թէ մինչեւ Թեհրան-Ուաշինկթըն գերլարման աւարտը անհնար է, որ սուրիական տագնապը մուտք գործէ քաղաքական լուծումներու ընդհանուր տեսարան։

Իսկ ըստ հալէպահայ գրող Յակոբ Նալպանտի՝ «Իտլիպի խնդրին լուծումը ի նպաստ Սուրիոյ պիտի ըլլայ»։

-Ներկայիս ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէ Հալէպի հայկական շրջաններուն մէջ:

-Ներկայ տարին յատկապէս ապահովական առումով անցեալ տարիներէն կը տարբերի, բաւական ապահով է քաղաքը, հակառակ որ հարաւային կողմերը կը շարունակեն ռումբեր իյնալ: Ժողովուրդը աւելի ուրախ էր, ելեկտրականութեան հարցը բաւական լուծուած էր, հոսանքազրկումը քիչ էր, եւ մարդիկ տնտեսապէս որոշ չափով աւելի բարելաւուած վիճակ մ՚ունին։ Ըսեմ նաեւ, որ հայկական շրջանին մէջ ահագին պարապ տուներ կան, գաղթողները չեն վերադառնար, մնացողներուն համար ալ կեանքը կը շարունակուի:

-Անցնող տարիներուն համեմատ ինչպիսի՞ն էր իրավիճակը Հալէպ քաղաքին մէջ:

-Ինչպէս ըսի, այս տարին լաւ էր, աւելի ապահով էր: Ես կը յիշեմ անցեալ տարիներուն Հալէպի արեւմտեան կողմերէն դիտաւորեալ կը հրթիռակոծէին հայկական թաղամասերը, դիտաւորեալ կը հարուածէին յատկապէս քրիստոնէական թաղամասերը. մէկ խօսքով մենք ռումբերու եւ հրթիռներու թիրախն էինք:

-Ձեր կարծիքով՝ Հալէպի շուրջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակե՞ն սպառնալիք ըլլալ Հալէպին. ի՞նչ կը մտածէք այս կապակցութեամբ:

-Ահաբեկչական խմբաւորումները սպառնալիք չեն կրնար ըլլալ Հալէպի համար, որովհետեւ նախ՝ բանակը զօրաւոր պաշտպանողական գիծ ունի հոն եւ իրենք՝ ահաբեկիչները, այդ ուժը չունին այլեւս. երկրորդ՝ կարծես թէ միջազգայնօրէն ալ այդ հարցը փակուած է եւ Հալէպը գրաւելու «հետաքրքրութիւն»ը չկայ այլեւս։ Հիմա այդ խմբաւորումները իրարու մէջ, զիրար «կը մաքրեն». հաւանաբար արեւելեան կողմերը միջազգային, համաշխարհային հաշիւներու ենթակայ հողեր է, բայց Հալէպին ընդհանրապէս չեն սպառնար։ Անշուշտ մէկ-մէկ կը հրթիռակոծեն արեւմտեան թաղամասերը՝ «Խալտիյէ»ն, «Շարէհ Ալ-Նիլ»ը, որոնք մեր հայկական թաղամասերէն շատ հեռու են, եւ ուր բարեբախտաբար հայեր չեն բնակիր։ Անոնց արձակած հրթիռներն ալ փոքր են, մեծ հրթիռներով չեն հրթիռակոծեր քաղաքը, քանի որ իրենց մէկ հարուածին դիմաց՝ մեր բանակը յիսուն հարուածով կը հակադարձէ:

-Ի՞նչ զարգացումներ կը սպասուին Իտլիպի շուրջ, մանաւանդ որ երկար ատենէ ի վեր վերլուծաբաններ կը յայտարարեն, թէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման ճանապարհը ընթացք կրնայ առնել՝ միմիայն Իտլիպի խնդրին լուծումէն ետք։

-Իմ կարծիքով՝ Իտլիպի հարցը պիտի լուծուի ի շահ Սուրիոյ: Քիւրտերը պիտի քաշուին դէպի իրենց շրջանները, այսինքն Եփրատ գետի արեւելեան կողմերը եւ Սուրիոյ բանակը (անշուշտ ռուսական զօրքերու ուղեկցութեամբ) պիտի տարածուի այդ շրջաններուն։ Տակաւին համաշխարհային մեծ հաշիւներ կ՚ըլլան, բայց կը կարծեմ, որ հարցը արդէն լուծուած է ի շահ Սուրիա-Իրան-Ռուսաստան պլոքին:

-Ի՞նչ է այսօր հալէպահայութեան առաջնահերթութիւնը եւ արդեօք գաղութի ղեկավարութիւնը այդ առաջնահերթութեան վերաբերեալ ինչ որ քայլեր կը ձեռնարկէ՞:

-Կրնամ ըսել, որ ըլլայ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանը, ըլլայ այլ պատկան մարմիններ, ոչ մէկը ճիգ կը խնայէ հալէպահայութեան առաջնահերթ խնդիրներու լուծման համար: Ազգային դպրոցները կը շարունակեն անվճար ընդունիլ աշակերտները, թէկուզ հերթականութեան խախտումներով, մարդոց որոշակի օժանդակութիւն կը հասնի, առաջնորդարանը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ վնասուած տուները կը նորոգէ, գործի սկսիլ փափաքողներուն, թէկուզ չնչին, բայց իր հնարաւորութեան չափով եւս կ՚օգնէ: Իմ կարծիքով՝ ասոնք են հիմնական առաջնահերթութիւնները, տնտեսական վիճակի բարելաւումը, որովհետեւ ապահովական հարցերը 95 առ հարիւր կրնամ ըսել լուծուած են, մեր յաջորդ քայլը խաղաղութեան հաստատումը եւ տնտեսական աճն է, հիմա մենք այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատինք:

-Ի՞նչ կը նախատեսես, 2019-ը ինչպիսի՞ տարի մը պիտի ըլլայ յատկապէս հայկական Հալէպին համար:

-Ես կ՚ուզեմ, ցաւ ի սիրտ, փաստ արձանագրել, որ 2019-ին եւս պիտի շարունակուի գաղթը Հալէպէն, Սուրիայէն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն: Կը ցանկամ, որ այդ գաղթը դէպի Հայաստան ըլլայ, հայրենադարձութիւն ըլլայ եւ ոչ թէ՝ գաղթ դէպի արեւմուտք: Եթէ Հայաստանը լաւ, կայուն վիճակ մը գտնէ, հայրենադարձութիւնը աւելի կ՚աշխուժանայ, մանաւանդ հիմա, Հայաստանի հանդէպ նոր խանդավառութիւն մը կայ հալէպահայութեան, սուրիահայութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան շրջանակներուն մօտ: Լիբանանէն մարդիկ արդէն սկսած են վերադառնալ դէպի հայրենիք, որովհետեւ իրենց պարագային աւելի հեշտ է, Լիբանանի մէջ գոյքը արժէք ունի, անոնք իրենց գոյքը վաճառելով բաւական մեծ գումար կը ստանան եւ շատ դիւրութեամբ կրնան Հայաստանի մէջ վերականգնել իրենց ունեցուածքը, բայց սուրիահայութեան պարագային այդպէս չէ, մինչեւ որ խաղաղութիւն չհաստատուի Սուրիոյ մէջ, տուներուն եւ խանութներուն արժէքը ցած պիտի մնայ, եթէ կալուածներուն գիները բարձրանան, մեր ժողովուրդի մեծամասնութիւը պիտի ուզէ Հայաստան հաստատուիլ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019