ԿՈՐՍՈՒՈՂ ԳՈՀԱՐՆԵՐ
Պիլեզիկճի փողոցի բնակարանէս մի քանի վայրկեան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր Մայրիկին ճաշարանը։ Թէեւ ունէր այլ անուն մը, բայց իմ ու գանատահայ տնակից ընկերոջս համար «Մայրիկին քով»ն էր ան։ Պարութհանէ պողոտայի անգութ վերելքի գրեթէ վերջաւորութեան, համեստ ու աննշան ցուցափեղկերու ետին կախարդական ձեռքեր շաբաթը վեց օր Տիգրանակերտը կը բերէին Պոլիս։
Կը մտնէի ներս, որպէսզի գտնէի հինգ սեղաններէն ազատ հատ մը, նետէի բաճկոնս աթոռին ու անմիջապէս յառաջանայի դէպի խոհանոց, որ բաց էր ու հասանելի։
«Բարե՛ւ, մայրիկ». գրեթէ մնայուն յաճախորդ դարձած ըլլալուս պատճառով մտերմացած էինք արդէն։
Եթէ ճաշարանը մարդաշատ էր, Մայրիկը պիտի խուսափէր հայերէնով պատասխանելէ։ Թրքերէնով պիտի բարեւէր ու հարցնէր, թէ ի՞նչ կը ցանկամ ճաշակել։ Ես ալ թրքերէնով պիտի շարունակէի, խաղալով իր օրէնքին համաձայն։ Բայց եթէ քիչ մարդ ըլլար, ուրեմն այդ օր բախտաւոր էի։ Բախտաւոր էի, որովհետեւ անգամ մը եւս պիտի լսէի... բարբառը Տիգրանակերտի։
«Լա՞ւ իս», պիտի հարցնէր, անուշ ժպիտը դէմքին։
Մէկ առ մէկ պիտի բանար կաթսաները ու ցոյց տար այն ինչ պատրաստած էր այդ օր. տոլմա, սիսեռ, սարմա, եւ մի քանի այլ ճաշատեսակներ։ Բոլորն ալ այնքան համեղ, այնքան իրական ու տնական, եւ բոլորն ալ՝ Տիգրանակերտի աւանդական ոճով։ Զուգահեռաբար մէկ առ մէկ պիտի հրամցնէր իր բարբառէն բառեր, ասոյթներ, բացագանչութիւններ. բոլորն ալ նոյնքան համեղ, իրական, եւ բոլորն ալ՝ Տիգրանակերտի. այնպէս ինչպէս ճաշերը։
Որքան ալ տարօրինակ թուի, համերը տակաւին գէշ-աղէկ կը յիշեմ. բայց կը դժուարանամ նկարագրել։ Զիս անհանգստացնողը այդ չէ սակայն։ Կը ցաւիմ, կ՚ափսոսամ, քիչ մըն ալ ինքզինքիս կը բարկանամ, որ չեմ կրնար յիշել Մայրիկին լեզուն, բարբառը Տիգրանակերտի։ Համերը անցողիկ են, ժամանակաւոր. բայց լեզու՞ն։ «Լա՞ւ իս»էն զատ՝ միտքս բառ չի գար։ «Լաւ իմ» կը փորձէի պատասխանել իր լեզուով. բայց յետոյ ի՞նչ կ՚ըսէր։ «Ի՞նչ կ՚ուզիս» թերեւս… ուրի՞շ. չէ, չեմ յիշեր։
Խնդիրը, որ զիս կը յուզէ, սիրուն բարբառի մի քանի բառերուն իմ անձնական յիշողութենէս կորչիլն ալ չէ միայն։ Բուն խնդիրը բարբառի ամբողջովին կորսուիլն է. Տիգրանակերտի անուշ, հին, այնքա՜ն երկար ապրած, այնքա՜ն յղկուած, տաշուած, ընտելացած, զարգացած, համեմուած, բնական, իրական, հարազատ բարբառի անհետացումն է հայերէն լեզուի ընդհանուր աւազանէն։
Ո՞վ, ու՞ր, քանի՞ հոգի կը տիրապետէ Տիգրանակերտի բարբառին։ Հապա՞ միւսներուն. Սասնայ, Վանայ, Մուշի, Սեբաստիոյ, եւ այլ բարբառներուն. թերեւս նոյնի՛սկ Պոլսոյ (այսօրուայ պոլսահայերէնը ինչքա՞ն հարազատ մնացած է Պոլսոյ հայերէնի բարբառին. դուք աւելի լաւ գիտնաք թերեւս)։
Յուզական ու վիպապաշտական հարցադրումներ չէ, որ կը փորձեմ ընել, ոչ ալ մտքի պահպանողական վարժանքներ։ Պարզ է, ի վերջոյ, որ պատմական, հասարակական, քաղաքական ու մշակութային բարդ ու բազմակողմանի գործընթացներու արդիւնք է բարբառներու կորուստի այս ընթացքը, որ կարծես իր վերջին հանգրուանին հասած է։ Եւ տրամաբանութենէ անդին է մտածել, թէ կարելի կրնայ ըլլալ պահպանել բոլո՛ր այդ բարբառները, յատկապէս որպէս ապրող լեզուներ։
Սակայն կայ շատ յստակ ու գործնական խնդիր մը, որու ուղութեամբ կարելի է եւ կ՚արժէ աշխատիլ։ Ժամանակակից Պոլիսը հայերէնի բարբառային գոհարներու կեդրոնացման առումով իւրայատուկ վայր մըն է։ Փորձառութիւնս այդ կը վկայէ։ Ճիշդ է, որ այլ գաղթօճախներու մէջ ալ կան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէ սերած մարդիկ, սակայն անոնց անջատումը իրենց հայրենի գիւղերէն ու քաղաքներէն երկու-երեք սերունդ աւելի հին է, քան Պոլսոյ հայերու պարագային։ Պէյրութի կամ Հալէպի մէջ, օրինակ, բարբառային իւրայատկութիւնները գրեթէ չեն մնացած։ Պոլսոյ մէջ սակայն, համեմատաբար աւելի նոր գաղթած սասունցի, սեբաստացի, քասթամոնուցի, տիգրանակերտցի եւ այլ արեւմտահայերը տակաւին պահած են բարբառները։ Տակաւին...
Ուրեմն դաշտը բաց է՝ սիրողական թէ արհեստավարժ հայագէտերուն, հայերէնագէտերուն եւ լեզուաբաններուն առջեւ։ Գալ Պոլիս, ինչու չէ նաեւ երթալ գաւառներ ու ձայնագրել, ուսումնասիրել, անմահացնել արեւմտահայերէնի կորսուող գոհարները։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ