ԱՂՕԹՔ

Վերջերս կը կարդայի Լեւ Թոլսթոյի «Աղօթք» վերնագիրով գրութիւնը, որ ռուսերէնէ արեւելահայերէնի թարգմանած է Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանցը, ու որպէս գրքոյկ հրատարակած է զայն 1906-ին Մոսկուայի մէջ: Գրութեան շահեկանութիւնը նկատի ունենալով, նոյն այդ գրութիւնը արեւմտահայերէնի վերածելով կը յանձնենք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի յարգարժան ու մեծազնիւ ընթերցողներու ուշադրութեան:

*

Վերջին նամակիս մէջ գրեցի, որ աղօթքը անօգուտ բան է, թէ՛ արտաքին աշխարհի անցուդարձերուն վերաբերեալ մեր ցանկութիւնները իրագործելու եւ թէ՛ ներքին աշխարհի, այն է՝ մեր կատարելագործուելուն համար: Կը վախնամ, որ չըլլայ, թէ մեղքիս պատճառով, դուք ա՛յնպէս չհասկնաք, ինչպէս ես կ՚ուզեմ. այդ պատճառով ալ այդ խնդիրին, այսինքն՝ աղօթքին առիթով այստեղ պէտք է մի քանի բան աւելցնեմ:

Արտաքին անցուդարձերուն մասին, այն է՝ որ անձրեւ գայ կամ իմ սիրած մարդը ապրի՛, կամ ես առողջ ըլլամ ու չմեռնիմ, - կարելի չէ՛ աղօթել՝ այն պատճառներով, որովհետեւ այդ անցուդարձերը կը յառաջանան այն օրէնքներու հիման վրայ, որ Աստուած մէկ անգամ ընդ միշտ սահմանած է, այն ալ այնպէս, որ, - եթէ մենք կը վարուինք, ի՛նչպէս պէտք է, այն ատեն ատոնք մեզի համար միշտ բարերար կ՚ըլլան: Միեւնոյնն է, եթէ բարի մարդ մը ինծի համար տուն մը շինէ՝ զիս պաշտպանող ամուր պատերով ու տանիքով, իսկ ես քմահաճութեամբ ուզեմ լայնցնել կամ փոխել պատերուն դիրքը, ու խնդրեմ, որ ան ուզածս կատարէ:

Իսկ մեր ներքին կատարելագործութեան համար ա՛յն պատճառով կարելի չէ աղօթել, քանի որ մեզի տրուած է այն ամէն ինչը, ինչ որ մեր կատարելագործութեան համար անհրաժեշտ է, ու ասոր համար ուրիշ բան պէտք չէ, ո՛չ ալ կարելի է աւելցնել:

Բայց կ՚ըսեմ, թէ խնդրողական աղօթքը ոչ մէկ միտք ունի, չի՛ նշանակեր, թէ կարելի չէ՛ ու պէտք չէ աղօթել: Ճիշդ հակառակը. ես այնպէս կը կարծեմ, որ առանց աղօթքի, կարելի չէ լաւ ապրիլ, ու աղօթքը՝ լաւ, հանգիստ ու երջանիկ կեանքի անհրաժեշտ պայմանն է: Աւետարանին մէջ ցոյց տրուած է, թէ ի՛նչպէս պէտք է աղօթենք ու ի՛նչ պէտք է ըլլայ աղօթքին բովանդակութիւնը:

Իւրաքանչիւր մարդու մէջ աստուածային կայծ, աստուածային հոգի կայ, իւրաքանչիւր մարդ Աստուծոյ որդի է: Աղօթել կը նշանակէ, հրաժարելով աշխարհային բոլոր բաներէն, ի՛նչ որ կրնայ գրաւել ուշքս եւ զգացումներս (մահմետականները շատ լաւ կ՚ընեն, որ -մզկիթ մտնելով կամ աղօթքի կանգնելու ժամանակ- իրենց մատներով կը փակեն իրենց աչքերն ու ականջները), շարժեմ մէջս աստուածային բնութիւնը: Ասոր համար ամենէն լաւը Քրիստոսի սորվեցուցածն է, որ սենեակս մտնեմ ու դռներս փակեմ, այսինքն՝ աղօթեմ, ամբողջովին առանձնած, սենեակի մէջ ըլլայ, անտառի մէջ կամ դաշտի:

Աղօթել կը նշանակէ, -հրաժարելով այն ամէն ինչէն, ինչ որ աշխարհային, արտաքին է-, մարդ իր մէջ յառաջ բերէ իր հոգիին աստուածային մասը, տեղափոխուի այնտեղ, անոր միջոցով հաղորդակցութեան մէջ մտնէ Անոր հետ, որուն մասնիկն է ինք, գիտակցի, թէ ինք Աստուծոյ ծառան է ու ստուգութեան ենթարկէ իր հոգին, իր արարքները, իր պահանջները, ո՛չ թէ, ինչպէս աշխարհին արտաքին պայմանները կը պահանջեն, այլ ինչպէս՝ հոգիին աստուածային այս մասը: Եւ այսպիսի աղօթքը ո՛չ թէ գութը շարժող դատարկ բան մը կամ այնպիսի գրգիռ մը կ՚ըլլայ, որ յառաջ կը բերեն հասարակական աղօթքները՝ իրենց երգերով, սուրբերու պատկերներով, լուսավառութեամբ եւ քարոզներով, այլ՝ միշտ կ՚օժանդակէ կեանքին, փոփոխելով զայն ու ուղղութիւն տալով: Այսպիսի աղօթքը խոստովանութիւն մըն է, նախկին արարքները ստուգելը ու ապագայ արարքներուն ուղղութիւնը ցոյց տալը: Ըսենք, թէ զիս վիրաւորած են ու ես ատելութիւն կը զգամ ատոր նկատմամբ -ինչ բանը մարդը ու անոր վատութիւնը կը ցանկայ, կամ չեմ ուզեր անոր ընել ձեռքս եկած լաւութիւնը. կամ ես բնակավայրէս զրկուած եմ- կարողութենէն, կամ սիրած մարդէս. կամ թէ կ՚ապրիմ հակառակ՝ հաւատքիս վարդապետութեան: Եթէ ես չեմ աղօթեր, ինչպէս պէտք է, այլ՝ շարունակ անկարգ կեանքով կ՚ապրիմ,- չեմ կրնար ազատուիլ զիս վիրաւորողին դէմ ունեցած տանջող զգացումէն. ճիշդ այսպէս ալ՝ բնակավայրէս կամ սիրած մարդէս զրկուիլը՝ կեանքս պիտի թունաւորէ. եւ, չուզելով խիղճիս հրամայածը կատարել, պէտք է անհանգիստ ըլլամ: Բայց, եթէ ստուգեմ, թէ ինչպէս վարուած եմ Աստուծոյ եւ ինքզինքիս հետ,- ամէն բան կը փոխուի. ինքզինքս կը մեղադրեմ՝ ո՛չ թէ թշնամիիս, ու կ՚աշխատիմ յարմար ժամանակ գտնել՝ անոր լաւութիւնս ընելու. իմ կորուստներս փորձութիւն կը համարեմ ու կ՚աշխատիմ խոնարհութեամբ տանիլ այդ կորուստներս եւ ատոր մէջ կը գտնեմ մխիթարութիւնս. ընելիքներս կը հասկնամ. նախկինին պէս, ինձմէ չեմ ծածկեր, որ կեանքս հաւատքիս անհամապատասխան է, այլ՝ զղջալով, կ՚աշխատիմ զանոնք իրարու համաձայնեցնել ու այս ջանքերուս մէջ հանգստութիւնս եւ ուրախութիւնս կը գտնեմ:

Բայց դուք կը հարցնէք. հետեւաբար, ի՞նչ է աղօթքին նպատակը:

Աղօթքին օրինակը Քրիստոս «Հայր մեր»ին մէջ տուած է մեզի, ու այս աղօթքը, -յիշեցնելով մեզի մեր կեանքին նպատակը, որ է՝ կատարել Հօր կամքը, եւ մեր ամենէն սովորական մեղքերը, այն է՝ մեր եղբայրները դատապարտելն ու զանոնք չներելը, ու մեր կեանքին գլխաւոր վտանգները, այն է՝ փորձութիւնները,- մինչեւ օրս եղածներուն լաւագոյնն է եւ իմ գիտցած բոլոր աղօթքներէն ամենէն կատարեալը:

Սակայն, այդ աղօթքէն, իսկական, առանձնական աղօթքը կազմուած է նաեւ այն ամէն ինչէն, ինչ որ ուրիշ իմաստուն եւ սուրբ մարդոց, կամ մեր սեփական խօսքերով մեր հոգին կը սնուցէ՝ գիտակցելու մեր աստուածային սկզբնաւորութիւնը, աւելի կենդանի ու պարզ արտայայտելու մեր խիղճին, այսինքն՝ աստուածային բնութեան պահանջները:

Հոգիին բարձրագոյն պահանջներուն տեսակէտէն, աղօթքը, մարդուն՝ իր անցեալ ու ներկայ արարքներուն ստուգումն է:

Այնպէս որ, առանձնական եւ հոգիին աստուածայնութիւնը վերականգնող աղօթքը՝ ես ո՛չ միայն չեմ ժխտեր, այլ՝ հոգեւոր, այսինքն՝ իսկական կեանքի անհրաժեշտ պայմանը կը համարեմ: Ես չեմ ընդունիր խնդրողական ու հասարակական սրբապիղծ աղօթքը, որ երգեցողութեամբ կը կատարուի, սուրբերու պատկերներով, մոմերով եւ մինչեւ իսկ ներկայացումներով:

Յաճախ կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ գոյութիւն ունենալ հասարակական ու խնդրողական այդ աղօթքը ա՛յն մարդոց միջեւ, որոնք իրենք զիրենք քրիստոնեայ կ՚անուանեն, երբ Քրիստոս ուղղակի ու դրականապէս ըսած է, թէ պէտք է առանձնացած աղօթել ու թէ ոչ մէկ բան պէտք չէ խնդրել, որովհետեւ «դեռ ձեր բերանները չբացած, ձեր Հայրը գիտէ, ինչ որ պէտք է ձեզի»:

Իսկ իմ մասիս կ՚ըսեմ ձեզի, -ուշադրութիւն չդարձնելով, որ ըսելիքս բոլորին համար ալ լաւ է եւ բոլորն ալ այսպէս պէտք է ընեն-, որ ես, ահագին ժամանակ է, որ սովորութիւն դարձուցած եմ ամէն առաւօտ աղօթել՝ առանձնացած: Ու ամէնօրեայ աղօթքս հետեւեալն է.

Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն Քո: Եւ ասկէ ետք ես Յովհաննէսի Աւետարանէն կ՚աւելցնեմ՝ Քու անունդ սէր է, Աստուած սէ՛ր է: Սիրոյ մէջ գտնուողը՝ Աստուծոյ մէջ է, Աստուած ալ՝ անոր մէջ. զԱստուած ո՛չ ոք ո՛չ մէկ տեղ կը տեսնէ, բայց երբ մենք զիրար կը սիրենք, այն ատեն Ան մեր մէջ է, ու Անոր սէրը մեր մէջ կատարեալ է: Եթէ մէկը կ՚ըսէ՝ զԱստուած կը սիրեմ, բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, կը ստէ, որովհետեւ ով որ իր եղբայրը, -որ կը տեսնէ-, չի՛ սիրեր, ի՜նչպէս կրնայ սիրել զԱստուած, Որուն չի՛ տեսներ: Եղբայրներ, սիրենք զիրար, սէրը Աստուծմէ է, իւրաքանչիւր սիրող ալ Աստուծմէ է եւ կը ճանչնայ զԱստուած, քանի որ Աստուած սէր է:

Եկեսցէ՛ արքայութիւն Քո: Ու ես կ՚աւելցնեմ. փնտռեցէ՛ք Աստուծոյ արքայութիւնն ու Անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլորը կը տրուի ձեզի: Աստուծոյ արքայութիւնը ձեր մէջն է:

Եղիցին կամք Քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի: Ու այս խօսքերը ըսած ատեն՝ կը հարցնեմ ես ինծի. իրա՞ւ է, որ կը հաւատամ, թէ ես Աստուծոյ մէջ եմ, Աստուած ալ՝ մէջս: Կը հաւատա՞մ, թէ կեանքը Անով է, որ մարդ իր մէջի սէրը աւելցնէ: Ես ինծի կը հարցնեմ. արդեօք կը մտածե՞մ, որ այսօր ողջ եմ, իսկ վաղը՝ մեռած: Իրա՞ւ է, որ չեմ ուզեր իմ անձնական քմահաճոյքին ու մարդկային փառքին համար ապրիլ, այլ միայն՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու: Եւ երեք Աւետարաններէն կ՚աւելցնեմ Քրիստոսի խօսքերը՝ ոչ թէ Իմ, այլ՝ Քու կամքդ ըլլայ, ու ո՛չ թէ այն ինչ որ Ես կ՚ուզեմ, այլ այն՝ ինչ որ Դուն կ՚ուզես, եւ ո՛չ թէ այնպէս ինչպէս Ես կ՚ուզեմ, այլ՝ այնպէս ինչպէս Դուն կ՚ուզես:

Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր: Կ՚աւելցնեմ. կերակուրս այն է, որ կատարեմ զիս ուղարկողին կամքը, եւ կատարեմ Անոր կամքը: Ուրացի՛ր անձդ, խաչդ ա՛ռ եւ ամէն օր ետեւէս եկուր: Ձեր վրայ առէ՛ք լուծս ու Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ, ու ձեր հոգիներուն հանգստութիւնը կը գտնէք, քանի որ լուծս քաղցր է, իսկ բեռս՝ թեթեւ:

Եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց: Կ՚աւելցնեմ. եւ ձեր Հայրը չի՛ ներեր ձեզ ձեր մեղքերը, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրդ չներէ իր եղբօր՝ անոր բոլոր մեղքերը:

Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն: Կ՚աւելցնեմ. զգուշացի՛ր քմահաճոյքի, սնափառութեան, ատելութեան, որկրամոլութեան, անառակութեան եւ մարդկային փառքի փորձութիւններէն: Ողորմութիւնդ մարդոց առջեւ մի՛ տար, այլ՝ տուր այնպէս, որ ձախ ձեռքդ չգիտնայ, թէ ի՛նչ կ՚ընէ աջդ: Աստուծոյ արքայութեան համար անյուսալի է ան, որ մաճը կը բռնէ ու ե՛տ կը նայի: Ուրախացի՛ր, երբ քեզ կը հայհոյեն ու կ՚անարգեն:

Այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէ: Կ՚աւելցնեմ. զգուշացի՛ր սիրտէդ դուրս եկող չարութիւններէն, այն է՝ չար մտածումներէն, սպանութիւններէն (մարդուն նկատմամբ ունեցած բոլոր ատելութիւններէն), գողութիւններէն (օգտուելէ այն բանէն, որ աշխատանքովդ ձեռք չես բերած), պոռնկութիւններէն, ամուսնական անհաւատարմութիւններէն (թէկուզ՝ միտքով անցուցած), սուտ վկայութիւններէն, հայհոյութիւններէն:

Աղօթքս դարձեալ Յովհաննէսի Աւետարանին1 խօսքերով կ՚աւարտեմ. եւ մենք գիտենք, որ մահէն դէպի կեանք փոխուեցանք, քանի որ մեր եղբայրները կը սիրենք: Իր եղբայրը ատողը՝ իր մէջ հաստատուած յաւիտենական կեանք չունի:

Ես ամէն օր այսպէս կ՚աղօթեմ, այդ խօսքերը գործերուս եւ հոգեկան դրութեանս յարմարցնելով: Երբե՛մն շա՜տ սրտանց, երբեմն՝ քիչ:

Սակայն, այս աղօթքէն զատ, ես դարձեալ կ՚աղօթեմ, երբ առանձինն կը կարդամ իմաստուն եւ սուրբ մարդոց գիրքերը, ո՛չ միայն քրիստոնեաներու, ոչ ալ՝ միայն հիներուն. ու կը մտածեմ՝ Աստուծոյ առջեւ կանգնած, եւ կ՚աշխատիմ սիրտիս մէջ հաւաքուած բոլոր վատութիւնները դուրս թափել:

Այսպէս ալ կ՚աշխատիմ կեանքիս մէջ աղօթել, երբ մարդոց հետ կ՚ըլլամ ու կիրքերէս կը տարուիմ: Ահա այստեղ կ՚աշխատիմ մտաբերել այն, ինչ որ առանձնական աղօթքի ժամանակ, հոգիիս մէջ կը կատարուի, ու կը նկատեմ, թէ ի՛նչքան անկեղծ եղած է աղօթքս, այնքան հեշտութեամբ ե՛տ կը մնամ վատութենէ:

Ահաւասիկ այն բոլորը, ինչ որ կ՚ուզէի ըսել ձեզի աղօթքի մասին, որպէսզի չկարծէք, թէ կը ժխտեմ աղօթքը:

Ձեր եղբայր՝
ԼԵՒ ԹՈԼՍԹՈՅ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ   


1 Նկատի պէտք է ունենալ, որ այդ խօսքերը Յովհաննէս Ընդհանրական Առաջին Նամակէն են, եւ ո՛չ թէ Աւետարանէն [թարգմանող]:

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2022